Չորեքշաբթի 1, Ապրիլ 2026
ԹԱՔՍԻՄԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԱՍՆ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տասն Կուսանաց յիշատակութեան արարողութիւնը՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանի։ Աւագ շաբթուան այս խորհրդաւոր արարողութեան ներկայ էին նաեւ Տ. Գէորգ աւ. քհնյ. Չընարեան, Տ. Յուսիկ աւ. քհնյ. Հերկելեան եւ Տ. Նարեկ քհնյ. Տէյիրմենճեան։ Էսաեան վարժարանի աշակերտուհիներն ալ եկեղեցի փութացած էին՝ գլխաւորութեամբ իրենց տնօրէնուհիներուն եւ ուսուցչական կազմին։ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը, բոլորին փոխանցեց իր օրհնութիւնը՝ մաղթելով, որ միասնաբար ողջունեն շաբաթավերջի Ս. Զատիկը։
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2026