ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ - 1 - ՓՈՔՐԻԿ ՍՈՒՏԸ

Երեկոյեան, Յակոբ տուն վերադարձաւ՝ մտահոգ ու մտազբաղ։

Տան անդամներէն իւրաքանչիւրը իր գործով զբաղած էր, ուստի, ո՛չ ոք նկատեց անոր անհանգիստ վիճակը։ Միայն մեծ հայրն էր, որ անմիջապէս անդրադարձաւ, թէ Յակոբ սովորականին պէս չբարեւեց զինք։

Իրիկունը, սովորութեան համաձայն, ընտանիքի բոլոր անդամները հաւաքուեցան ընթրիքի սեղանին շուրջ։ Յակոբին մտազբաղութիւնը դարձեալ չվրիպեցաւ մեծ հօր ուշադրութենէն։

Ընթրիքէն ետք ան կանչեց Յակոբը իր մօտ եւ սկսաւ հանգիստ զրուցել անոր հետ՝ հարցնելով օրուան անցուդարձերուն մասին։ Յակոբ կը խուսափէր մեծ հօր աչքերուն մէջ նայելէ եւ կցկտուր պատասխաններ կու տար։

Մեծ հայրը չէր ճնշեր զայն։ Ընդհակառակը, քիչ մը զրուցելէ ետք բարի գիշեր մաղթեց թոռնիկին եւ հեռացաւ։

Յաջորդ առաւօտեան Յակոբ գրեթէ վերագտած էր իր սովորական աշխուժութիւնն ու եռանդը։ Նախաճաշէն ետք մեծ հօր հետ տան բակին մէջ ջրեցին իրենց այգին, հեռացուցին չոր խոտերը, քաղեցին հասունցած դեղձերը եւ ապա բարձրացան տան պատշգամը։

Յակոբին մայրիկը մեծ հօր համար սուրճ պատրաստած էր, իսկ Յակոբին՝ դեղձի եւ խնձորի բնական հիւթ։

Մինչ պատշգամին նստած էին, մեծ հայրը հարցուց.

- Յակո՛բ, երէկ ընկերներուդ հետ լաւ ժամանակ անցուցի՞ք։

- Այո՛, մեծ հայրիկ, բաւական հետաքրքրական էր։

- Ի՞նչ ըրիք։

- Բոլորս միասին հաւաքուեցանք մեր դպրոցի շրջափակէն ներս։ Սկիզբը քիչ մը զրուցեցինք, կատակեցինք եւ ոտնագնդակ խաղացինք։ Յետոյ յառաջացանք դէպի գիւղի աղբիւրը, ջուր խմեցինք եւ բարձրացանք գիւղին կողքի բլուրը, ուրկէ մեր դիմաց պարզուեցաւ Կարմրաւուն լիճը։ Այդ ի՜նչ հրաշալի տեսարան էր, մեծ հայրիկ…

- Իրապէս, թոռնիկս, այդ բլուրին վրայէն բացուող տեսարանը շատ գեղեցիկ է։ Բայց, Յակոբ, գիտե՞ս, թէ ինչո՞ւ այդ լիճը Կարմը-րաւուն կը կոչուի։

- Թերեւս որովհետեւ լիճին մէջի ջուրը կարմի՞ր է։

- Բայց մէջի ջուրը կարմիր չէ, Յակոբ։

- Կարմիր է, մեծ հայրիկ։ Միշտ, երբ բլուր կը բարձրանանք լիճը դիտելու, ջուրը կարմիր կ՚երեւի։

Մեծ հայրը ժպտաց.

- Թոռնիկս, ջուրը կարմիր չէ, այլ՝ ջուրին մէջ եղող քարերն են կարմիր։ Երբ արեւուն շողերը կը հասնին լիճին, անոնք կը թափանցեն յստակ ու պարզ ջուրին մէջ եւ կը դպչին կարմիր քարերուն։ Քարերուն կարմիր գոյնը ջուրին մէջ կը ցոլայ եւ հեռուէն դիտողին կը թուի, թէ լիճին ջուրն ալ կարմրաւուն է։

- Այդ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, մեծ հայրիկ։

- Երբ քիչ մըն ալ մեծնաք, դպրոցին մէջ ձեր ուսուցիչները ձեզի պիտի բացատրեն այդ բոլորը։ Եկուր ժամանակէն առաջ չանցնինք, որպէսզի ճիշդ ժամանակին լաւ ու յստակ հասկնաս։ Դուն ըսէ՛. յետոյ ի՞նչ ըրիք։

Յակոբ պահ մը լռեց, ապա շարունակեց.

- Բաւական երկար մնացինք այնտեղ՝ հիանալով մեր առջեւ պարզուած այդ գեղեցիկ տեսարանով եւ…

- Եւ ի՞նչ, Յակոբ։

- Ո՛չ մէկ բան, ո՛չ մէկ բան, մեծ հայրիկ։ Երկար դիտելէ ետք՝ նկատելով, որ գիշերը կը մօտենայ, շտապեցինք գիւղ վերադառնալ։

Մեծ հայրը ուշադիր նայեցաւ անոր. 

- Յակո՛բ, վստա՞հ ես, որ ո՛չ մէկ բան պատահած է, զաւակս։

- Աաա… յո՛, մեծ հայրիկ…

Յակոբ մինչ այդ մեծ հօր դէմքին նայելով կը խօսէր, բայց այս անգամ գլուխը խոնարհեցուց եւ լուռ մնաց։

Մեծ հայրը քանի մը վայրկեան լռեց, ապա մեղմ ձայնով ըսաւ.

- Թոռնի՛կս, կը զգամ, թէ ինձմէ գաղտնիք մը կը պահես։ Ամէն պարագայի, եթէ չես ուզեր, այլեւս այդ մասին չխօսինք։

Ան ոտքի ելաւ եւ պատրաստուեցաւ տուն մտնելու։ Սակայն այդ պահուն Յակոբ մեղմ ձայնով ըսաւ.

- Մեծ հայրիկ…

Մեծ հայրը դարձաւ։

- Զարմիկը երէկ լիճին մէջ պիտի իյնար…

Մեծ հայրը զարմացած նայեցաւ թոռնիկին։

- Յակո՛բ, բլուրէն դէպի լի՞ճ իջած էիք։

- Այո՛, մեծ հայրիկ։ Լիճին տեսարանը տեսնելով՝ չդիմացանք եւ ուզեցինք անպայման իջնել լիճի ափը։ Սակայն, որովհետեւ գիշերը կը մօտենար, գիտէինք, որ եթէ բլուրէն իջնէինք եւ բլուրը շրջանցելով երթայինք դէպի լիճի ափը, մութը պիտի կոխէր եւ պիտի չկարենայինք ժամանակին գիւղ վերադառնալ։ Այդ պատճառով որոշեցինք բլուրէն ուղղակի իջնել դէպի լիճի ափը։

- Եւ… ի՞նչ պատահեցաւ։

- Գրեթէ հասած էինք լիճի ափին, երբ Զարմիկին ոտքը սահեցաւ…

- Յետո՞յ ինչ եղաւ, զաւակս։

- Զարմիկը ինկաւ եւ քիչ մնաց լիճը իյնար։ Բարեբախտաբար, Գրիգորը վերջին վայրկեանին ոտքէն բռնեց։ Շա՜տ վախցանք, մեծ հայրիկ։ Զարմիկը սկսաւ լալ, որովհետեւ ծունկը վնասուած էր եւ սկսած էր արիւնիլ։

- Ի՞նչ ըրիք։

- Գրիգորը, Վահանն ու ես շալկեցինք զինք եւ սկսանք բլուրը բարձրանալ, որպէսզի նախքան մթննալը կարենանք հասնիլ գիւղ։ Բարեբախտաբար, յաջողեցանք։

Նախ գիւղի աղբիւրին մօտ Գրիգորը լուաց Զարմիկին ծունկը։ Անոր ցաւը քիչ մը թեթեւցաւ։ Յետոյ Վահանն ու Գրիգորը անոր թեւերէն բռնեցին եւ միասին յառաջացանք դէպի Զարմիկենց տուն։

Երբ Զարմիկին մայրը տեսաւ մեզ, վազեց դէպի մեզի՝ կարծելով, թէ գէշ բան մը պատահած էր։ Տեսնելով անոր վախցած դէմքը՝ անմիջապէս ըսի.

- Բան չէ պատահած, բան չէ պատահած։ Երբ ոտնագնդակ կը խաղայինք, Զարմիկը ինկաւ եւ ծունկը վնասեց։

Մեծ հայրը լուռ մնաց։ Յակոբն ալ լուռ մնաց ու գլուխը կախեց։

Քիչ մը ետք մեծ հայրը ձեռքը երկարեց, շոյեց թոռնիկին գլուխը եւ հարցուց.

- Ատո՞ր համար երէկ տուն վերադարձար մտազբաղ ու մտահոգ։

Յակոբ զարմացած նայեցաւ մեծ հօր։

- Դուն նկատա՞ծ էիր, մեծ հայրիկ…

- Այո՛, զաւակս։ Նկատած էի։

Մեծ հայրը պահ մը լռեց եւ ապա շարունակեց.

- Ստելը լաւ բան չէ, առաւել եւս երբ խնդիրը կը վերաբերի փորձանքի մը։ Դուն կրնաս մտածել, թէ ըսածդ միայն փոքրիկ սուտ մըն էր, բայց սուտին փոքրն ու մեծը չկայ։ Սուտը սուտ է։ Երբ մարդ անգամ մը կը ստէ, շատ դիւրութեամբ երկրորդը, երրորդը եւ չորրորդը կը խօսի, եւ կամաց-կամաց սուտ խօսիլը կրնայ սովորութիւն դառնալ։

Յակոբ լուռ կը լսէր։

- Գիտցի՛ր նաեւ, Յակոբ, որ սուտին պոչը կարճ կ՚ըլլայ. անպայման օր մը կը յայտնուի։ Աւելին՝ երբ սուտ կը խօսինք, կրնանք փոքրիկ խնդիրը մեծ փորձանքի մը վերածել։

Մեծ հայրը պահ մը դադրեցաւ, ապա շարունակեց.

- Տե՛ս, Զարմիկը ծունկը վիրաւորեց, իսկ դուն անոր մօր ըսիր, թէ ոտնագնդակ խաղալու ժամանակ ինկած է։ Կրնայ ըլլալ, որ անոր մայրը հիմա շատ ուշադրութիւն չդարձնէ՝ կարծելով, թէ պարզ ու թեթեւ հարուած մըն է։ Սակայն, եթէ դուն կամ Զարմիկը ըսած ըլլայիք իրականութիւնը, այսօր անոր մայրը զինք բժիշկի պիտի տանէր՝ վստահ ըլլալու համար, որ վնասուածքը լուրջ չէ։

Յակոբ երկար ժամանակ լուռ մնաց։ Ապա գլուխը բարձրացուց եւ նայեցաւ մեծ հօր աչքերուն։

- Մեծ հայրիկ, կ՚արտօնե՞ս, որ Զարմիկենց տուն երթամ։

- Ինչո՞ւ համար։

- Երթամ եւ նախ Զարմիկին մօրմէն ներողութիւն խնդրեմ, որովհետեւ երէկ ստեցի իրեն եւ պատմեմ իրականութիւնը, որպէսզի բժիշկի տանի Զարմիկը։

Մեծ հայրը ժպտաց եւ թեթեւ մը սեղմեց թոռնիկին ուսը։

- Գնա՛, Յակոբ։ Ճշմարտութիւնը միշտ ա՛լ աւելի լաւ է, քան ամենէն փոքրիկ սուտը։

Յակոբ արագ քայլերով իջաւ պատշգամէն։ Այս անգամ սիրտը թեթեւ էր։ Ան գիտէր, որ սխալ մը գործած էր, բայց նաեւ անդրադարձած էր, որ ճշմարտութիւնը ըսելու եւ սխալը ուղղելու համար երբեք ուշ չէ։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2026