ԵՂԻԱ ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ - 175

8 մայիսին կանգ կ՚առնենք նշելու ծննդեան փառաշուք տարեդարձը Զարթօնքի սերունդի այն կարկառուն տաղանդներէն մէկուն, որ կը կոչուի Եղիա Տէմիրճիպաշեան (Կ. Պոլիս, Խասգիւղ, 8 մայիս 1851 - Կ. Պոլիս, 19 յուլիս 1908 ), որուն ծնունդը 12 օրով կանխեր էր իրեն տարեկից, հանճարեղ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի ծննդեան թուականէն (20 մայիս 1851) եւ շուրջ եօթ ամիսով՝ Արփիար Արփիարեանի ծննդեան թուականէն (21 դեկտեմբեր 1851), որուն հետ նոյն տարին (1908 թ.) ան կնքած էր իր մահկանացուն. Արփիարեան՝ իր դէմ գործադրուած սպանութեամբ, իսկ Տէմիրճիպաշեան՝ անձնասպանութեամբ:

Իր կենդանութեան օրօք, իր գրական (բանաստեղծութիւններ, քրոնիկներ, նամակներ, գրաքննադատական ու տպաւորապաշտ էջեր, իմաստասիրական գրութիւններ) մէ՛կ իսկ գործին հրատարակութիւնը չտեսած տարաբախտ գրագէտ մը Եղիա Տէմիրճիպաշեան, որուն երկերուն մէկ ժողովածուն, 1955-ին, Փարիզի «Հայ գրագէտներու բարեկամներ» ընկերակցութիւնը գիրքի մը մէջ ամփոփելէ ետք, «Սովետական գրող» հրատարակչութիւնը, 1986-ին, Ստեփան Թոփչեանի յառաջաբանով կազմեր էր գրողին բանաստեղծութիւններէն, արձակ գործերէն ու նամակներէն հաւաքուած հատոր մը, որ թերեւս դարձեալ կը մնայ անաւարտ գործ մը Եղիայէն՝ անոր վշտայեղց մահէն 118 տարի անց:

Փոքր տարիքէն մինչեւ ինքնասպանութեամբ աւարտած իր կեանքը, յօժարափոյթ հալածախտաւորի քուրջը հագած, այլեւ գեղապաշտ գրող մը Տէմիրճիպաշեան, որ բարձրացաւ իմաստասէրի կոչումին, թանձրակառոյց թախիծի ու տրտմութեան կայլակները ամբարած իր ներաշխարհի ամենախոր ալքերը, ուրկէ վերամբարձ ներշնչումներով գրական հրապարակը ան ողողեց ԺԹ. դարու վերջին քառորդին մէջ յատկապէս, արցունքով օծուն հեգնական իր ծիծաղի մասին ան սապէս գրեց. «… Ինչպէս Պարոնեանի ծիծաղին տակ արտասուք կայ, նոյնպէս ալ իմ արտասուքիս ներքեւ ծիծաղ կայ: Կը գրեմ առանց սկզբունքի, առանց ուղղութեան, առանց նպատակի»:

Եթէ Պարոնեանի արտասուաթուրմ ծիծաղը անոր նիւթին կառուցման խորութիւնն ու գերաճումը գտաւ «Ազգային ջոջեր»ու, «Քաղաքավարութեան վնասները»ի «Մեծապատիւ մուրացկաններ»ու եւ այլ բազում գործերու յաջողուածքին մէջ, հատոր առ հատոր, արուեստագէտ Եղիա Տէմիրճիպաշեանին պակսեցան սակայն առատ արարումներ բանաստեղծական եւ այլ երկերու, մանաւանդ 1889-էն վերջ, երբ մտահոգիչ տարողութիւններու հասած էր իր առողջական վիճակը, կ՚ունենար հոգեկան ցնցումներ եւ կ՚ընկլուզէր մռայլ յուսահատութեան ու յոռետեսութեան մէջ: Այնուհետեւ ան կը բաղձար անհետի՜լ, մեռնի՜լ ու ազատիլ այս աշխարհի տուայտանքներէն: Այլեւս հանգիստ չէր Տէմիրճիպաշեան՝ ինչպէս էր գէթ որոշ չափով 1883-1887 տարիներուն, երբ կը խմբագրէր իր սեփական թերթը՝ «Երկրագունդ» ամսագիրը եւ կանոնաւոր հրատարակութեամբ լոյսի բարիքին կ՚ընծայէր «Գրական եւ իմաստասիրական շարժում» թերթը:

Վաղ տարիքին կորսնցնելէ ետք հայրն ու կրտսեր եղբայրը, 1890-ի յուլիսին կը կորսնցնէ նաեւ մայրը, եւ ըստ Մինաս Չերազի՝ կ՚ապրի «հալածանքի մենամոլութեամբ», եւ մինչեւ իր կեանքին վերջին ժամը՝ անիծակուռ ծանրութեանը տակ իր մօր խրատի.

«Մա՜յրս է, մա՜յրս է, որ կ՚անիծէ զիս.
-Տղաս, գրող եղար, անօթի պիտի մեռնիս»:

Գեղարուեստի ճաշակներուն հմուտ եւ ամբողջ ողնածուծով բանաստեղծ, արձակագիր եւ գրադատ Տէմիրճիպաշեան՝ ի՛ր իսկ խոստովանութեամբ, իր սրտազարկը սնանեցաւ երկերուն տարագեղ երանգներէն ժամանակի ռոմանթիք նշանաւոր դէմքերու - Ժան Ժաք Ռուսօ, Էթիէն տը Սենանքուր, Ժերմէն տը Սթալ, Ալֆոնս տը Լամարթին, Պենժամէն Քոնսթան, Լորտ Պայրըն, Ֆրանսուա Ռէնէ տը Շաթօպրիան, Եոհան Վոլֆկանկ Կէօթէ, որուն «Վերթեռ»ը իր՝ Եղիայի անպարոյր ապրումներուն կերոնները վառած ու զանոնք երկար պտըտցուցած՝ եղերական սիրավէպի մը զգայացունց պատմութիւնն է յիրաւի, կիզակէտը իր տրամադրութիւններուն, երազանքներուն:

Նախակրթութիւնն ստանալով Խասգիւղի Ներսիսեան վարժարանին մէջ եւ աշակերտելով բանաստեղծ Թովմաս Թէրզեանին ու Մատաթիա Գարագաշեանին, Եղիա դասընկերն եղաւ իր սերնդակիցներէն Մինաս Չերազի ու Ռեթէոս Պէրպէրեանի, ուսանելով նախ «Ներսէսեան» եւ այնուհետեւ Նուպար Փաշայի հիմնադրած «Նուպար-Շահնազարեան» վարժարանին մէջ:

19 տարեկանին՝ Բարձր Դրան տպագրութեանց բաժինի անդամ, ապա Օսմանեան պետութեան հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան վարչական ժողովի դիւանադպիր, Տէմիրճիպաշեանի երազն ու բաղձանքն էին ապրիլ արեւմտեան քաղաքակրթութեան բաբախուն ոստաններու մէջ: Առանձնութիւնն ու Աստւածաշունչը պաշտելու չափ սիրած Տեմիրճիպաշեան, 1874-ին բախտը զինք կը նետէ Մարսէյլ՝ ուսանելու Առեւտրական բարձրագոյն վարժարանէն ներս: Բայց փոխանակ ուսանելու, այնտեղ կ՚իրագործէ հրատարակութիւնը «Le Moniteur Littaeraire et Financier de Marseille» շաբաթաթերթին՝ հայութիւնը Արեւմուտքին ծանօթացնելու ձգտումով: Բախտը կ՚ունենայ այցելելու եւ մօտէն ծանօթանալու ֆրանսացի մեծանուն գրող Վիքթոր Հիւկոյին: 

Երկու տարի ետք կը վերադառնայ Պոլիս եւ 1878-ին կը հրատարակէ իր առաջին գրքոյկը՝ «Դամբարան»ը: Յաջորդ տարի՝ «Փիլիսոփայական բառարան ժողովրդական»ը: 1880-ին թաղական կ՚ընտրուի Պէշիկթաշէն, եւ երեսփոխան՝ Իսթինիէ-Ենիքէօյ միացեալ թաղերէն: Կը հրաւիրուի աշխատակցելու Կարապետ Իւթիւճեանի «Մասիս»ին եւ այնուհետեւ կը սկսի ստորագրել «Գրասէր Ատոմ» ծածկանունով: 1883-1889 տարիներուն կը ստանձնէ խմբագրութիւնն ու լոյս կ՚ընծայէ «Գրական եւ իմաստասիրական շարժում»ը, Արեւելեան տնտեսագիտութեան օրկան՝ «Տնտես», «Դար», «Շարժում» հանդէսները: Աւելի ուշ կ՚աշխատակցի «Բիւզանդիոն»ին՝ միաժամանակ ձեռնարկելով ֆրանսերէն-հայերէն բառարանի պատրաստութեան: Այս ժամանակաշրջանին եւ մինչեւ 1893 թուականը եւ Խասգիւղի աղջկանց Ներսիսեան վարժարանին մէջ դասաւանդած տարիները, ծնունդ կու տայ սիրային նամակներու շարքի մը՝ իրմէ աւելի քան տասն տարի մեծ եւ յիշեալ վարժարանի տնօրէնուհի Սրբուհի Սեղբոսեանի մասին: 

Նոյն տարուան մայիսին, ինքնասպանութեան երկրորդ անյաջող փորձէ ետք կը փոխադրուի ծննդավայրը, ուր այս անգամ իր գրութիւնները լոյս կը տեսնեն Արշակ Չօպանեանի հիմնած «Ծաղիկ» հանդէսին մէջ: Չեն խաղաղիր իր հոգեկան ալեկոծութիւնները, բայց ընդհատաբար կը շարունակէ իր գրական աշխատանքները: Յառաջիկայ տարիներուն կ՚ունենայ իր կեանքի սիրոյ մէկ կոկոնը բացող հունգարուհի Էլէն Նիսընը, որ անհուն նուիրուածութեամբ, հոգատարութեամբ կը պարուրէ առողջական վիճակը Տէմիրճիպաշեանի, որուն մինչեւ սրտակեղեք մահը ան կը մնայ Եղիային «անձնազոհ, պահապան հրեշտակը»:

1901-1902 թուականներուն Ազգային հիւանդանոցին մէջ տարի մը բուժման խնամքի ենթարկուելէ ետք, Տէմիրճիպաշեանի առողջական վիճակը դարձեալ կը դիմէ աստիճանական քայքայում, մինչեւ որ հազիւ զգայնութեամբ շնչաւորուող այդ ազազուն մարմինը 19 յուլիս 1908-ին ցաւագինօրէն վերջ տայ անոր բազմատառապ կեանքին:

Արդարեւ, մեծամտութեան ու յաւակնոտութեան ջիղի տէր, անրջային ու տղայական ալ տենչանքներու հետամուտ Տէմիրճիպաշեան, իր համոզմամբ՝ զինք «գերազանցող չունցող» այն գրագէտն եղաւ, որ ինքզինք անուղղակի համեմատութեան գծի վրայ դնելով անգլիացի մեծանուն բանաստեղծ Լորտ Պայրընի հետ, միշտ ակնկալեց, որ իր առջեւ խոնարհին բոլոր գրագէտները, տուրք տան իր անհեթեթութիւններու հասնող յուզական ապրումներուն: Ան սիրեց իրեն օրինակ ընտրել Պղատոնը: Եթէ յոյն մեծ իմաստասէրը փառք կու տար աստուածներուն՝ որ ինք մա՛րդ էր ծնած, ո՛չ անբան անասուն, այսինքն ծնած էր յոյն՝ ոչ բարբարոս, Տէմիրճիպաշեան փառք կու տար երկնքին, որ ծնած էր այր, ո՛չ կին, ե՛ւ Հայ էր ծնած, ո՛չ եւրոպացի. Աւելի՛ն, կ՚ապրի 19-րդ դարուն՝ Ներսէս Վարժապետեանի պատրիարքութեան ժամանակ:

Վահան Թէքէեան, հնչեակի մը սեղմ տողերու մէջ «Եղիա Տէմիրճիպաշեան» խորագրի տակ, հետեւեալ ձեւով նկարագրած է մեծ գրագէտը.

Քեզ, Եղիա՛, կը սիրեմ եւ կ՚ուզէի որ սիրէր
Ամէն տղայ եւ աղջիկ՝ որուն բերնին վանդակէն
Լեզուն՝ թռչուն նորածին, թռվռալով անհամբեր,
Զարնըւելով ձողերուն, կը ճռուողէ՜ հայերէն…

Եղար դուն ալ գորշ սոխակ մ՚որուն դայլայլն ոգեղէն
Մեր պարտէզին մէջ կապոյտ, լուսնի խաղաղ գիշերներ
Կը պղպջար, կը յորդէր, կը հոսէր վար թաւուտքէն
Եւ ամէն թուփ ու ծաղիկ, ամէն ածո՜ւ կ՚ողողէր…

Հայ գրականութեան իրաւամբ «Գրասէր Ատոմ»ը (գործածած է նաեւ կանացի ծածկանուններ, ինչպէս՝ «Նուրանիա», «Մելանիա», նաեւ՝ «Ճգնաւոր», «Պիծակ», «Ա. Ազատախոհեան», «Թեւանիօ Ճին Յակոբ», «Մոնազն», «Զ. Խայթունի», «Շարժեանց», «Հուր Յարեան»), որուն մասին վկայելով պոլսահայ գրագէտ եւ իր ժամանակակիցներէն, գրագէտ Հրանդ Ասատուր կը հաստատէ. «Քիչեր մեր մէջ Եղիային չափ գիրք կարդացած են», իսկ պոլսահայ այն ատենուան անուանի հոգեբոյժ Խաչիկ Պօղոսեան, պատմելով Եղիայի այսպէս կոչուած՝ անհեթեթութիւններէն, գրած է, թէ 1891-ին, Ղալաթիոյ Ազգ. Կեդրոնական վարժարանէն ներս անոր դասաւանդած տարին, երկուշաբթի օր մը, Պարոն Տէմիրճիպաշեան կը բացակայի դպրոցէն: Օր մը առաջ՝ կիրակի օր, ան Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ դրան կողքին այլ մուրացիկներու շարքին կը գտնուէր, սակայն բաղդատմամբ միւսներուն՝ աւելի մաքուր ու վայելուչ հագուածքով: Երբ վարժարանին խնամակալութեան ատենապետը՝ Աբիկ էֆէնտի Ունճեան հարցաքննութեան կ՚ենթարկէ համբաւեալ հայերէնի ուսուցիչը, այդ արարքին պատճառը հասկնալու համար՝ վերջինը կը պատասխանէ. «Ստիպուած էի մուրալ այդ օր, որ նուիրական օր մըն էր ինծի՝ սիրելի մօրս տարեդարձը ըլլալուն համար: Ուխտած էի այդ օր աղքատներուն դրամ բաժնել մօրս յիշատակին, եւ նիւթական անկարողութեան մէջ գտնուելուս պատճառաւ ստիպուած էի ձեռք բանալ…»: Այս պատասխանը լսելէ յետոյ Աբիկ էֆէնտի խորապէս յուզուած՝ հինգ ոսկի կու տայ Եղիա Տէմիրճիպաշեանին, որ տեղւոյն վրայ գումարը ամբողջութեամբ կը բաժնէ եկեղեցիին դրան քով շարուած եւ ափ բացած աղքատներուն…:

Պիտի ընդգծել նաեւ, որ դրապաշտութիւնը հետեւորդ մ՚եղաւ Եղիա Տէմիրճիպաշեանին, որով ան միշտ գրեց, որ «Փիլիսոփայութիւնը պէտք է գիտական ըլլայ եւ գիտութիւնը՝ փիլիսոփայական»: 

Դժբախտաբար, իր գրական ժառանգութիւնը ցայսօր ալ անհրաժեշտ արժեւորումը չէ գտած՝ մեծ մասամբ պահուելով իր ժամանակի հանդէսներու մէջ,- բանաստեղծութիւններ, կարճ պատմուածքներ, ճառեր, քրոնիկներ, դամբանախօսականներ, նամակներ, գրադատական էջեր՝ «Կատուի մը յուշագիրք»ը խորագիրի տակ,- որոնք հոգեխառնութիւնը կը պարագրկեն ցնցող տարօրինակութիւններու տէր այն «Գրասէր Ատոմ»ին, այն քնարերգակ բանաստեղծին, որ եղաւ մեր գրականութեան Եղիա Տէմիրճիպաշեանը:

Վերջապէս, ի՛ր իսկ տառապալից ու ցաւագին կեանքին մասին, բանաստեղծութեան մը յուզաթրթիռ տողերու մէջ, «Իմ կեանքս» խորագրի տակ, իրմէ աւելի լաւ ներկայացնող մը պիտի չըլլար հաստատապէս:

Գալըս չե՜մ յիշեր, լալըս չե՜մ մոռնար,
-Լացը զոր պիտի յաւիտեան ես լա՜մ -
Երբ մայրըս թողուց զիս մինակ, գընաց
Մօրը քովիկը հանգչիլ Իւսկիւտար:

Գլուխը բարձին վրայ զիս աշխարհք բերաւ,
Սիրտը քարին տակ կաթ տըւաւ ինծի,
Ոտքը փուշին վրայ քալեց ինծի հետ,
Եւ իրմէն ճերմակ մազով թողուց զիս…

Սաղմոսը գիրքն էր. ու սաղմը՝ գիրկը,
Սաղմը մաղձ եղած, մելամաղձութիւն,
Սաղմը՝ մտածում, մըտատանջութիւն,
Մարդոց նըսեհին, վախճանին համար:

Մէկ եթէ կարդար, երկո՜ւք կը նայէր,
Նե՛տ մը Պօղոսին ու նետ մ՚Եղիային.
Զոյգ նետուածք աչքի ուր պարպուէր իր սիրտ,
Սիրտն ըզգայուն որ հիւծաւ այնքան շուտ…

Պօղոսը վարդ մ՚էր, ես ագռաւ անթեւ,
Որուն թեւ բուսաւ եւ մեծցաւ այնքա՛ն
Մինչ զի անդնդոց վերե՜լքն իջայ վար,
Ու զիս կորսընցուց հէք մայրս իր աչքէն…

Վարդագե՜ղ բոյնին՝ անպարագրկելի՜,
Շրջանակ մ՚եղայ, սե՜ւ՝ խաւարակուռ,
Զոր կ՚աստղացունէր հոծ արտասուքը մօրս.
Անդունդիս լոյսե՜րն եղան այդ արտսուք…:

Վայրէջքս ի խոր վիհն այնքան տենչոտ էր,
Զի լոյսն ետեւէս հազիւ կը հասնէր.
Այլ միշտ կը հասնէր, զի մօրմէ՜ս կու գար,
Զի սըրտիս անդունդն ա՜յն պիտի ըլլար:

Ա՜յն արտսունքն, այո՛, ՚ւ ուրիշ արցունքներ
Գեթսեմանիէն, Գանգէսին ծոցէն.
Սովատանջ ձագուցն համար՝ ո՜հ, լեարդը
Պատռած լուսնհաւուն այրած աչքերէն:

Այսպէ՛ս սընայ ես, այսպէս ապրեցայ,
Այսպէ՜ս իջայ ես, այսպէս բարձրացայ,
Խորամըխուելով ալքերն էութեան՝
Արտասուաց տակ ոյք հացս, իմ բախտս եղան…

ԵՂԻԱ ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

Պէյրութ

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2026