ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ԱՆՈՐ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

1. Ի՞նչ կը նշանակէ եկեղեցի: Ինչէ՞ն կը բաղկանայ: 2. Ո՞վ է եկեղեցւոյ գլուխը: 3. Քանի՞ նշան կամ յատկութիւն ունի:

1. Եկեղեցին ժողով կամ ընկերութիւն կը նշանակէ, որ Քրիստոսի անդամն է1:

Բարոյական եկեղեցին մարդոցմէ կը բաղկանայ եւ կրօնի վրայ կը հաստատուի, ինչպէս կ՚ըսուի զինուորեալ կամ յաղթական եկեղեցի, ատոր համար է, որ Քրիստոս՝ եկեղեցին հասարակ ժողովուրդէն կը տարբերէ «թէ, եթէ ժողովուրդին չլսէ, եկեղեցիին լսէ», կամ թէ «եթէ ձեզ ընդունի, զիս կ՚ընդունի», եւ այլն. այսպիսի բազմաթիւ արտայայտութիւններ ունենալէն բացի, յարութիւն առնելէն ետք ալ դարձեալ եւ կրկին վաւերացուց, առանց կսակածի մնալու համար, թէ՝ «Ես ձեզի հետ եմ բոլոր ժամանակները, մինչեւ աշխարհի վախճանը» (Մտ 28.20). «Առէ՛ք Սուրբ Հոգին, անոր որուն արձակէք երկրի վրայ, երկինքի մէջ ալ արձակուած ըլլայ» (Յհ 20.23), ուրկէ կրնանք հետեւցնել, թէ Քրիստոսի Եկեղեցին նախապէս ձեռնադրեալներէ կը բաղկանայ, երկրորդ ձեռնադրեալներէն ետք ընդհանուր հաւատացեալներէ:

2. Եկեղեցիին գլուխը Քրիստոս է (Եփ 5.23). Քրիստոս մէկ է, նոյնպէս՝ թէ՛ հաւատքը եւ թէ մկրտութիւնը մէկ են, որ ըսել է, թէ ճշմարտութիւնը մէկ է եւ իրարու հակառակ տեղեր չի՛ կրնար բնակիլ:

3. Եկեղեցի մը Քրիստոսի Եկեղեցի ըլլալու համար իր յատկութիւնները ունենալու անհրաժեշտութիւն ունի, որովհետեւ նախ՝ Քրիստոս մէկ է եւ մէկութիւն կը պահանջէ, երկրորդ՝ սրբութիւն, որովհետեւ Սուրբ է, երրորդ՝ ընդհանրականութիւն, քանի որ ամբողջ աշխարհին միեւնոյն հաւատքը պիտի քարոզուի, չորրորդ՝ առաքելականութիւն, որովհետեւ առաքեալներուն միջոցով քարոզուեցաւ:

ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ

1. Ի՞նչ կարծիքներ եղած են եկեղեցւոյ միութեան մասին: 2. Պետրոս հաւատքի վէ՞մ է. Քրիստոս Իր խօսքը ինրչո՞ւ անոր ուղղեց: Ինչո՞ւ Հռոմ նստաւ. «Մէկ հօտ եւ մէկ հովիւ» ըսուածը ի՞նչ կը նշանակէ: 3. Միայն «Պետրոսական յաջորդութիւն» դաւանելէն ի՞նչ կը հետեւի: 4. Ինչպէ՞ս պէտք է ճանչնանք Եկեղեցւոյ գլուխը: 5. Հայաստանեայց Եկեղեցին ինչպէ՞ս կը դաւանի:

1. Պապականներու գաղափարն է՝ 

ա. Քրիստոսի Պետրոսին ըսած այն խօսքը, թէ՝ «դուն վէմ ես» եւ կամ «սատանան քեզ ցորենի պէս խարբալել ուզեց, բայց Ես քեզի համար աղաչեցի, որ դարձի գաս ու եղբայրներդ հաստատես» (Ղկ 22.31) եւ կամ «արածէ՛ ոչխարներս»:

բ. Պետրոս Հռոմ նստաւ, Պօղոս հոն գլխատուեցաւ, որոնք՝ առաքեալներուն գլուխն էին, մանաւանդ Պետրոս բոլոր առաքեալներուն մէջ ամենէն սրտոտն էր, որ միւսներէն առաջ համարձակեցաւ Քրիստոսի ըսելու, թէ՝ «Դուն Աստուծոյ Որդին ես» (Մտ 16.16):

գ. Պօղոս մասնաւորաբար հռոմայէցիներուն հաւատքը կը գովէ (Հռ 1.8) եւ կամ այնտեղ բազմաթիւ նահատակներ եղան, եւ այլն, համարելով նախագահական յաջորդութիւնը միայն Պետրոսի եւ աթոռատեղին միայն՝ Հռոմի կու տան:

դ. «Մէկ հօտ եւ մէկ հովիւ» խօսքին համեմատ այդ հովութիւնը պապին կ՚ընծայեն:

ե. Բնութենէն փոխ առնելով «եկեղեցիին գլուխը Քրիստոս է, եկեղեցին ալ Քրիստոսի անդամն է. բոլոր անդամներուն մէկ գլուխ պէտք է, երկու գլուխ անկարելի է, ըլլալուն պէս կը բաժնուի. անձին վրայ բաժնուած թագաւորութիւնն ալ չի՛ կրնար տոկալ», եւ այլն, ըսելով, ասոնք հաստատելու համար հազարաւոր գիրքեր հրատարակած եւ միլիոնաւոր թուղթեր սեւցուցած են2

2. ա. Պետրոս՝ հաւատքի վէմ եւ կամ գլուխ եկեղեցւոյ, Հայաստանեայց Եկեղեցին ալ կ՚երգէ, իսկ ճիշդ Քրիստոսի ըսածին իմաստով, որովհետեւ Քրիստոս՝ Պետրոսի անուան ստուգաբանութենէն առնելով՝ եբրայերէն բեթրի կամ Կեբաս, յունարէն բեթրօ ապառաժի նշանակութեամբ առնելով Կեփաս ըսաւ, այսինքն՝ Իր եկեղեցիին ընդհանրապէս հաստատուն հիմքի վրայ շինուելիք ըլլալը նշանակելու համար, ո՛չ թէ Պետրոսին անձը ուրիշներէն առանձնացնելու (Մտ 18.15: Յհ 1.42):

բ. Եթէ այս խօսքը Պետրոսի անձին յատուկ ըլլար, Քրիստոս Իր սահմանը եւ խոստումը ետ առնելով «ետի՛ս գնա՛, սատանայ» չէր ըսեր (Մտ 16.23) կամ եթէ արձակելու իշխանութիւնը միայն Պետրոսի տուած ըլլար, ետքը այդ կասկածը փարատելու համար բոլորին մէկ անգամէն չէր ըսեր, թէ՝ «ինչ որ երկրի վրայ արձակէք…» (Մտ 18.18). նաեւ, Պետրոս երեք անգամ չէր ուրանար կամ եթէ Պետրոս առաքեալներուն մէջ ամենէն սրտոտն էր, Յովհաննէսին չէր ակնարկեր (Յհ 13.24), կամ եթէ Յիսուս Պետրոսին համար յատուկ աղաչեց, որ բոլոր եղբայրները դարձի բերողը Պետրոս պիտի ըլլար, կամ եթէ հաստատուր էր, Սուրբ Հոգին առնելէն ետք սխալ գաղափարէն դառնալու համար Պօղոսէն չէր յանդիմանուեր (Գղ 2.13-14), կամ եթէ Քրիստոս Իր մայրը Պետրոսին չյանձնեց, այլ Յովհաննէսին, եւ կամ բանալին, որ Պետրոսին տուաւ, դուռը սակայն Յովհաննէսին յայտնեց Կիպրոսի մէջ: Տակաւին, Սուրբ Գիրքին մէջ բազմաթիւ վկայութիւններ կան, որ Յովհաննէս սիրելի էր Յիսուսի քան Պետրոսը: Հետեւաբար, եթէ այսօր յոյներն ալ մասնաւոր յաջորդութիւն մը ուզեն կազմել, Պօղոսը Պետրոսէն շատ վեր կրնան դասել, ճարտարաբանելով, թէ «Պօղոս ընտիր անօթ է» եւ այլն, կամ եթէ Յովհաննէսին յաջորդութիւնը եւս առաւել կրնայ ըլլալ, եթէ [նկատի ունենանք թէ] Քրիստոս Իր գաղտնիքը անոր յայտնեց (Յյտ 1.1), մայրը՝ անոր յանձնեց, Քրիստոսի լանջը ինկողը ան էր, եւ այլն: Ինչքան կ՚ուզես ըսէ, բայց Քրիստոսի ճշմարտութեան հակառակելուն պէս, ամէն լեզու կը կանգնի, ամէն գրիչ կը դադրի, որովհետեւ ըսած է, թէ՝ «աշխարհի իշխանները կը տիրեն անոնց, բայց ձեր մէջ այդպէս չէ» (Ղկ 22.25):

գ. Պետրոս Հռոմ նստաւ ըսելով պաշարուիլն ալ սխալ գաղափար է, որովհետեւ Յակոբոսն ալ Երուսաղէմ նստաւ, Թադէոս, Բարդուղիմէոսը Հայաստան գացին: Եթէ քաղաքին դիրքին վրայ է վա՜յ մանր քաղաքներուն, որ Պետրոսի ոտքը բնաւ կոխած չէ, այլ՝ Հռոմ միայն թող պարծենայ, քանի որ Պօղոս Հռոմի հաւատքը գովեց. արդարեւ, ասոր ի՞նչ ըսենք, որ գաղատացիներուն ալ «ո՜վ անմիտ գաղատացիներ» գրեց:

դ. «Մէկ հօտ եւ մէկ հովիւ» ըսուածը հոգեւոր մասին ատանկ կարծիքներէ շատ տարբեր է, ինչքանով որ հոգին մարմինէն տարբեր է, նոյնչափ ալ հոգեւոր միութիւնը մարմնաւոր միութենէն: Ամբողջ քրիստոնէութիւնը արդէն մէկ հօտ եւ մէկ հովիւ է. Քրիստոս տասներկու առաքեալներուն համար միեւնոյն աղաչանքը ըրաւ. «Հա՜յր, միացուր ասոնց, ինչպէս որ մենք մէկ ենք» (տե՛ս Յհ 17.11). այսպէս է բնութենէն փոխ առածնին, թէ՝ «մէկ անդամին մէկ գլուխ պէտք է», իրապէս ալ այդպէս է:

Աստուած մէկ է, բայց Իր միութեան սքանչելիքը Երրորդութեան մէջ է. արդէն իսկ մէկը ինքն իրեն մէկ է, այր ու կնոջ համար «երկուքը մէկ մարմին թող ըլլան» կ՚ըսէ, բայց զատ-զատ են:

3. Նախընթացներէն կրնանք հետեւցնել, թէ Աստուած մէկ է, ունի Իր էակից Որդին եւ փառակից Սուրբ Հոգին. Իր միութիւնը անձնաւորութեան մէջ համազօր, համակամ եւ համափառ է, իսկ անոնք որոնք չեն ուզեր ունենալ իրենց փառակիցը եւ հոգեւոր մասին լոկ միութեան մէջ գլուխ կը յայտարարեն իրենք զիրենք, ըսել է, որ իրենց աթոռը Աստուծոյ աթոռէն վեր համարել է, ուստի Եսային՝ թող խօսի իր գրուածքով «Իսրայէլը նորէն պիտի ընտրէ… օտարազգիները պիտի միանան» (Ես 14.1). այս օտարազգիները միանալով նոր Իսրայէլ կանչուելուն մէջ անհաւասար գլուխ ըլլալ ուզողներուն կ՚ըսէ «իմ աթոռս Աստուծոյ Աթոռէն վեր բարձրացնեմ ըսիր մտքիդ մէջ» (Ես 14.13). ճիշդ խօսելով, այս միապետական իշխանութիւնը՝ աշխարհի թագաւորութեան եւ քաղաքական պետութեան կը վերաբերի, ո՛չ թէ հոգեւորի, ինչպէս որ թագաւորներուն Թագաւորը՝ Իր միութիւնը հոգեւորապէս անձնաւորութեամբ ցոյց տուաւ, բայց երբ հոգեւորի գալու ըլլանք, մէկ գլուխ ըլլալու համար մի քանի մարմիններու մէջ հոգի մը կենալով կ՚ըլլայ, որով միութեամբ կը ճանչցուին, թէ Քրիստոսի աշակերտներն են (Յհ 13.34-35):

Եկեղեցական մը ինքզինք իր գտնուած եկեղեցիին գլուխ ճանչնալու համար միւս եկեղեցիներուն մէջ իրեն հաւասարապատիւ գլուխ մը պէտք է ճանչնայ, որպէսզի Աւետարանական ճշմարտութեան մօտենայ, այլապէս անկէ հեռու է. այո՛, մենք զանոնք քահանայապետ ճանչնանք աստիճանակից Պօղոսի, Պետրոսի եւ Յովհաննէսի, իսկ իրենք զիրենք ալ պաշտօնակից թող ճանչնան իրարու, որ այն ատեն՝ զատ-զատ մարմիններու մէջ մէկ հոգի ըլլալով, մէկ եկեղեցւոյ գլխաւոր ըսել ըլլան. «Հա՜յր, միացուր ասոնց, ինչպէս մենք մէկ ենք» (Յհ 17.11) կամ թէ՝ «Ես Քու մէջդ, Դուն ալ Իմ մէջս, ասոնք ալ մեր մէջ» (Յհ 17.22) (ո՛չ թէ Պետրոսին մէջ). դարձեալ Պօղոսի այս խօսքը, թէ՝ «մեր ուրախութիւնը ամբողջացուցէք, ձեր մէջ մէկ սէր ունեցէք, միատեղ խորհեցէք, հոգին եւ միտքը մէկ է» (տե՛ս Փլպ 2.2). Պետրոս, Յակոբոս, Յովհաննէս հաւասար սիւն (Գղ 2.9):

«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ» 

Կ. Պոլիս, 1885

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 16

Վաղարշապատ


1 Քրիստոսի Եկեղեցին մէկ է, առաջին, երկրորդ եւ երրորդ ժողովներ Տիեզերական ըլլալով առ հասարակ քրիստոնեաներէն ընդունուած են, սակայն, ետքէն յոյներ կաթողիկէ բառը իրենց սեփականացնել ուզեցին, նոյնը ըրին նաեւ լատինները: Առաջինները՝ օրթոտոքս, վերջինները՝ կաթոլիկ անունով, եւ այնքան ծայրայեղութեան գացին, որ իրենց դաւանութեան չհետեւողները բնաւ քրիստոնեայ չճանչնալ քարոզեցին, բայց ճշմարտութիւնը հաւատքի վրայ է եւ ո՛չ թէ անունի: Հայաստանեայց Եկեղեցին բոլոր հաւատացեալներուն համար երկինքին դուռը բաց կը ձգէ:

2 Մասնաւորաբար ներկայ դարու հեղինակներէն Պ. Վ. Էմանուէլեանը, այս բոլոր գաղափարները ամփոփելով, ասկէ շեղողները հերետիկոս յայտարարել կը ձեւացնէ այս խօսքերով. «Այս չորս յատկութիւնները միայն հռոմէական եկեղեցիին կը վայելէ, միւսներուն մէջ ո՛չ կայ եւ ոչ ալ կը վայելէ» (Իլմի Իլահի ԺԷ.): Դարձեալ, ուրիշ տեղ մըն ալ՝ «Հայոց, ռուսերու եւ յոյներու դաւանութիւնները կրօնական մոլութիւններ ունին, բայց տակաւին պաշտօնապէս հերետիկոս յայտարարուած չըլլալնուն համար եթէ չըսենք ալ, իրականութեան մէջ սակայն այդպէս են: Եկեղեցին ասոնց պաշտօնապէս հերձեալ կ՚ըսէ, ասոնք եթէ այսպէս մնան, Քրիստոսի եկեղեցիէն դուրս են» (Պապը խամիս Խ.):

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2026