Շահան Շահնուրի «Անիմանալի գրոհ»ը յօդուածին առթիւ - Բ. «ՊԻՏԻ ՉՈՒՐԱՆԱՄ ԻՆՉ ՈՐ ԳՐԵՑԻ»

Ահա չոր իրողութիւնը․ Կոմիտաս Վարդապետի մահուան վաղորդայնին գրեցի յօդուած մը գաղափարակից լրագրի մը, Փարիզի «Ապագայ»ին մէջ: Չունէի երաժշտական լուրջ պատրաստութիւն, բայց ունէի խորին պաշտամունք հանդէպ մեր անզուգական Վարդապետին: Իսկ մեր խեղճ «Ապագան» չունէր ո՛չ մէկ գրութիւն, պատշաճօրէն նշելու համար մեծ Հայուն մահը: Այս օրուան պէս կը յիշեմ Հրաչ Երուանդի խօսքերը․ «Յօդուած չունինք, գրող չկայ…»: Թերթի հոկտեմբեր 27-ի թիւին մէջ է, որ լոյս տեսաւ իմ «Ազատն Կոմիտաս»ը, առանց որ յարուցանէ դոյզն դժգոհութիւն: Ընդհակառակն: Դժուար էր երեւակայել, թէ ան մէջտեղ պիտի ելլէ օրին մէկը, երեսունհինգ տարուայ թմբիրէ ետք եւ գլխու փորձանք պիտի ըլլայ դուռ-դրացիի, այլ մանաւանդ ինծի: Դժուար էր երեւակայել, թէ ան պիտի խռովէր մեր ամբողջ մամուլը, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի եւ մարդիկ կրկէս պիտի իջնեն զէն ու զրահով, ոմանք նեմեսիսեան վրէժխնդրութեամբ առլցուն, ուրիշներ վրդով կամ սրտնեղ: Բայց շարունակենք:

Անմիջապէս որ հայերէն թերթերը մէջտեղ ելան, Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմի աւարտին, հատորի մէջ առի ցանուցիր յօդուածներս: Անոնց վերամշակման աշխատութիւնը ըրի մէկ առ մէկ, հպարտութեան եւ զղջումի զգացումներով տարուբեր եւ «թերթիս կիրակնօրեայ թիւը» կազմեցի անկողնիս մէջ (անկողին՝ զոր պահեցի քսան տարի, 1939-1959): Կը պատահի, որ թարմ մնացած ըլլայ օրը-օրին գրուած յօդուածի գաղափարը: Բայց լեզո՞ւն: Կատարուած փոփոխութիւնը ծանուցի յստակ կերպով, գիրքիս կցուած ծանօթութեան մը մէջ: Եւ որովհետեւ դուրս կը մնային անյայտ էջեր (մշտական տեղափոխութիւններուս ընթացքին կորուսեալ) եւ դեռ անհրատարակելի գրութիւններ, ըստ, միշտ նոյն ծանօթութեան մէջ, թէ անոնց վերստին երեւումը անպատեհ կը նկատեմ: Այսպէսով կը փորձէի կանխել ապագայ անախորժ անակնկալներ: Ոչինչ չէի կանխած…

«Սփիւռք» հրապարակ կը հանէր «Ազատն Կոմիտաս»ը, հարիւր ամեակի նուիրուած իր բացառիկին մէջ, անշուշտ, առանց իմ գիտութեան, յօդուածին տալով պատուոյ տեղը: Չէր յիշեր ո՛չ իր աղբիւրը, ո՛չ ալ թուականը: Երբ թերթը ձեռքս հասաւ կողմնակի ճամբով, հաստատեցի, որ գրութիւնս պատուական էջ մըն էր, թէպէտ կարօտ վերանայումի, ինչպէս իր նախորդները: «Յառաջ»ն է, որ հրատարակեց (յունուար 25, 1970) վերանորոգուած Կոմիտասը, որ հաւատարիմ կը մնար իր սկզբնական իմաստին եւ ոգիին: Եւ իբրեւ պսակում իր ընդունած ջերմ համակրութեան, որոշեցի այն հրատարակել առանձին պրակի ձեւով (ան պիտի հրատարակուի, ապահով եղէք): Քանի մը օր ետք ծայր տուաւ լրագրական խաժամուժը: Պէտք է ըսել՝ գրոհը:

«Հայրենիքի Ձայն»ն է, որ հրապարակ կ՚իջնէր երկար եւ ջանադիր բաց-նամակով մը: Գրութիւնս կը քանդէր ամբողջութեամբ, խնայելով հանդերձ իմ կէտադրութեանս: Ուժը մինչեւ հոն չէր հասներ: Ան կը յայտարարէր, թէ «Ազատն Կոմիտաս»ը նախատական եւ վայրահաչ գրութիւն մըն է, զոր ստորագրած է Հայաստանի հակառակորդ մը, մէկը, որ կը վիրաւորէ մեր ազգային արժանապատուութիւնը: Ի՞նչ ըսել ասոր:

Պարզապէս եւ անյապաղ՝ ընդունիք «Հ․Ձ»ի վճիռը: Բայց ան ատեն կը ներկայանայ հարց մը: Միթէ կճղակաւորնե՞ր էին սա չորս անձերը՝ Հրաչ Երուանդ («Ապագայ»), Շաւարշ Միսաքեան («Յառաջ»), Սիմոն Սիմոնեան («Սփիւռք»), Արփիկ Միսաքեան («Յառաջ»)․ միթէ անբան էակնե՞ր էին սա փորձառու խմբագիրները, որ ինքնաբերաբար հիւրընկալեցին իմ Կոմիտասը: Միթէ զո՞ւրկ էին ազգային արժանապատուութենէ, հայրենասիրութենէ եւ գրական հասկացութենէ: Անոնք որ իրենց երկու մատներուն մէջ կը պահէին սփիւռքի բազկերակը, միթէ չէի՞ն գիտեր, թէ ո՛ր գրագէտը հայաստանասէր է եւ որը չէ: Ինչի՞ տեղ կը դնէին մեր մամուլը: 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

•շար. 2

Երեւան

Ուրբաթ, Յուլիս 31, 2026