ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ՍԻՐՏԸ

Ձօն՝ Տիկին Նատիային, սիրով, հիացմամբ

Քիչ կը պատահի, որ չես գիտեր ուրկէ սկսիլ այսօրուայ «պատմութեան»դ, որ բոլորովին այլ պատմութիւն մըն է։ Մատներս վարժ դարձան գրելու Իրանի եւ ԱՄՆ-ի մասին, Թէլ Աւիւի ու Պէյրութի մասին ու տակաւին «Ալ Քուտուս»ի փաղանգին, «Հիզպուլլահ»ին եւ նոյնիսկ «Հուսիներ»ուն մասին... 

Այդ բոլորին մէջ, սակայն, սիրոյ պակաս կայ, շնչող սիրտ մը չկայ։ Կայ վերլուծում, կան վիճակներ, կայ պատերազմ ու կորուստ։ 

Այսօր, սակայն, «պատմութիւն»ս ուրիշ է... 

Պոլսոյ Փերայի առաջին հանդիպումէն, որուն մէջ կար անակնկալներու մեծ ծրար մը, անձրեւ եւ քանի մը հատ տաք շագանակ ճաշակելու յիշողութիւն, մինչեւ այն օրերու վերյուշը, երբ Քովիտ-ի ամենածանր օրերուն խօսակցիդ ձայներանգին մէջ կար ահ եւ մխիթարութեան որոնում։ 

Կեանքը, որմէ կը քալենք, հազարումէկ բարդութիւններու հանրագումարն է։ 

Վիճակներ, պայմաններ, բարդութիւններ ու այդ բոլորի կողքին՝ զանազան տեսակի մարդիկ, որոնց հետ ճանապարհը բաժնելու ճակատագիրը յաճախ կը վերածուի յոյսերով լեցուն սպասումի։ 

Ի վերջոյ, ի՞նչն է, որ այս տողերը կը կապէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մեծ ընտանիքին, որուն հետ բաժնած կենսագրութեանս էջերուն պատմութիւնը աւելի քան քառորդ դարու վաղեմութիւն ունի։ 

Ճիշդ է, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ձեռքերով, իր յոգնութեամբ ու քրտինքով կը շարադրէ իր կենսագրութիւնը, բայց, անկախ իրմէ՝ այդ կենսագրութեան մէջ կը յայտնուին հրեշտակներ, որոնք տարբեր անկումներու ատեն ձեռք կ՚երկարեն մեզի... ու կը փրկեն աւելի մեծ տագնապներէ։ 

Սատանաները չհաշուած՝ այդ հրեշտակները սակաւ են ու անխօս եւ կը պահեն իրենց անդորրը, լռութիւնն ու խաղաղութիւնը։ 

Վերջին տարիներուն տիկին Նատիան այդ հրեշտակներէն մէկը դարձաւ։ Չեմ գիտեր՝ տարիներու թաւալքն էր, կերտուած մտերմութիւնն էր, թէ ապրումներու հանրագումարը, որ այդ պատկերը մեծցուց իմ աչքերուս մէջ, բայց եւ այնպէս, փաստի եւ զգացումի միախառնումով՝ ան հոն գտնուեցաւ յոյզէն ու զգացումէն աւելի՝ գործով ու կեցուածքով։

Երբ աղմուկի փոշիները շարունակեցին մնալ մեր առօրեայ տագնապներուն մէջ, մեր ուշացումներուն, մեր սխալներուն, անտեղի դատումներուն ու յամառութիւններուն մէջ, տիկին Նատիան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սիրտը դարձաւ։ Սիրտ մը, որուն երակները միայն Պոլսոյ թաղերէն չեն սնուիր: Սիրտ մը, որուն թելերը միայն իր փոքր ընտանիքի սենեակներուն մէջ չեն: Եւ սիրտ մը, որ փափախեցաւ ու պիտի փափախէ մեզի՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը սիրողներուս համար։ Ժամանակը ապրողներուս, ԺԱՄԱՆԱԿ-ով ապրողներուս եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը կրողներուս համար… 

Ըսած եմ տարբեր առիթներով, որ ԺԱՄԱՆԱԿ թերթը միայն աշխատավայր մը չեղաւ մեզի համար։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը նախ եւ առաջ եղաւ սէր։ Մենք այս թերթի դարաւոր անցեալին մէջէն ճամբորդեցինք ու ամէն անգամ բաժնեցինք ու ապրեցանք անոր մեծ անցեալը՝ մեծ յոյզերով, յաճախ պոռթկումներով, խիզախ կեցուածքներով... 

Այդ բոլորը, անշուշտ, թերթի մէկ մասն էին՝ պաշտօնական երեսակը («երեսակ» բառը իմ սիրելի խմբագրիս՝ Ա.Գ.-ի սիրելի բառն է, չմոռնամ զինք)։ Իսկ ինչ որ կար միւս կողմը, ինչ որ թերթի «հոգեւոր շէնք»ին մէջն էր, ատիկա արդէն այն սիրտն էր, որուն մասին ալ գրեցի։ 

Այդ սիրտը չէ՞ր ի վերջոյ, որ ամենէն աւելի սորվեցուց մնալ հաւատարիմ, մնալ անկեղծ ու մնալ առանց ձեւականութիւններու։ 

Այդ մեծ աւանդին, այդ վսեմական ազնուութեան, այդ անկեղծութեան շատ բան կը պարտինք։ Կը պարտինք մեր յուզումներու ատեն, մեր մաքառումներուն մէջ, մեր ընդվզումներուն ժամանակ եւ մանաւանդ՝ մեր տան սեղանին շուրջ, երբ մեր ժամանակի իրական սլաքները կը պատկերուին, կը շարուին, կը գունաւորուին ու մարմին կը դառնան՝ յանուն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի։ 

ԺԱՄԱՆԱԿ-ը մեզի համար ընտանիք է։ Տղոցս համար նոյնիսկ թերթը միայն պատկեր ու գիր չէ: Կողակիցիս համար միայն լրագրութեան հարթակ մը չէ ու ինծի համար ալ՝ սիւնակ մը պատրաստելու պատեհութիւն տուող բեմ մը չէ։ 

ԺԱՄԱՆԱԿ-ը սիրտ է ու այդ սրտին մէջ առանց վարանումի կայ ու կը շնչէ այսօր արդէն յոբելիար մեր սիրելի տիկին Նատիային շունչն ու անունը։ 

Անունէն աւելի՝ շունչը, որովհետեւ շունչը էութենէ մը կու գայ ու կը հատէ բոլոր երեւելի եւ ընդունուած սահմանումները, բոլոր տեսակի վիճաբանութիւնները, տարակարծութիւնները, արկածները կամ ազգային ու քաղաքական տարակարծութիւնները։ 

Արդեօք այդ շունչը չէ՞, որուն համար անգամ մը եւս եկած ենք Պոլիս՝ տօնելու հայոց գիրի վայելուչ ներկայութիւնը, լրջութիւնը, հաստատակամութիւնը եւ, մէկ բառով, բարերար ներկայութիւնը։ 

Այն ժամանակին մէջէն, որ կը քալենք ու այդ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին համար, որուն վրայ կը գուրգուրանք, տիկին Նատիային սիրտն է, որ մեզի ամենէն աւելի՝ ստորակէտի տեղերէն, բութէն, ուղղագրական կանոններէն, նիւթի մատչելիութենէն ու օրակարգի անյետաձգելիութենէն աւելի՝ մեզի սորվեցուց սիրել։ 

Որբերու համար (իմ նման) մօր մը ձեռքն էր անոր ձեռքը, իսկ միւսներուն համար՝ կարեկցող, հասնող ու լսող սիրտ մը։ Սիրտով կը բանանք մեր օրը ու սիրտով պիտի փակենք այս գեղեցիկ օրը, որ առաւելապէս տիկին Նատիային օրն է, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի օրն է, նաեւ մեր՝ այս ժամանակներուն մէջէն գիրով ու գրելով նաւարկողներուս օրը։ 

Օրդ շնորհաւոր, տիկին Նատիա, իմ սիրելի տիկին Նատիա։ 

Ու բարերար սիրտդ, բարին կերտող սիրտդ, յաւերժօրէն մեզի հետ ըլլայ։

Մեր դժուարին պահերու ապաւէնը, մեր խինդն ու ծիծաղը լեցնէ, մեր ապրումէն մաս մը ըլլայ, մեր գալիք ծաղկումներուն, մեր գալիք սերունդներուն մկրտարանը դառնայ։ Դառնայ մեր սէրը, որուն կը կառչինք, որպէսզի դեռ քալենք ու պիտի դեռ քալենք միասին... 

Սէրդ՝ սիրտդ անպակաս, սիրելի տիկին Նատիա։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2026