ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՇՆՈՐՀՔ
1. Որո՞նց վրայ կայ Աստուածային շնորհքը: Ամէն մարդ ունի՞, թէ՞ ոչ: Դաւիթ ինչո՞ւ երբեմն անասունի կը նմանցնէ: 2. Քանի՞ տեսակ է շնորհքը: 3. Ադամ նախապէս զայն ստացա՞ւ, թէ՞ ոչ:
1. Աստուածային շնորհներուն մասին տեղեկութիւն չունեցողները կը կարծեն, որ եթէ մարդ այդ շնորհքը կամ ունի կամ չունի, «եթէ ունի Աստուածային շնորհք՝ չի՛ մեղանչեր», եւ վկայութիւն ունին Դաւիթին ըսածը, թէ՝ «մարդը պատիւ ունէր… անասուններուն հաւասարեցաւ», եւ կամ Յովհաննէսի Ընդհանրական նամակին մէջ գրածը, թէ՝ «Աստուծոյ Հոգին ունեցողը չի՛ մեղանչեր»: Եթէ այս խօսքերը ոմանց նման խորթ ու ծուռ մեկնենք, նոյն առաքեալը կ՚ըսէ, թէ՝ «մեղք չունիմ ըսողը՝ ստախօս է». հետեւաբար, եզրակացնենք, թէ՝ «մեղք չունեցող մարդ չկայ. Աստուծոյ շնորհներուն եղած տեղը մեղք չ՚ըլլար, ուրեմն Աստուծոյ շնորհքը բնաւ մարդու մը վրայ չկայ», որ ըսել է, թէ ի զուր կ՚աշխատինք:
Այդպիսի գաղափարներ Աստուծոյ շնորհներու բաժանման մասին գաղափար կամ հմտութիւն չունենալէն յառաջ կու գան, որովհետեւ Աստուած Իր Հոգին չափով չի տար, առաքեալին ըսածին համաձայն. «Շնորհներուն համեմատ, տեսակ-տեսակ շնորհներ» (տե՛ս Հռ 12.3-6). դարձեալ, թէ՝ «շնորհքը կը բաժնուի, յաջողութիւնը կը բաժնուի, բայց նոյն Հոգին է» (տե՛ս Ա. Կր 12.4). այս Հոգիով ոմանք բժշկութիւն կը կատարեն, ոմանք իմաստութիւն կ՚ունենան, ոմանք ալ հաւատք (տե՛ս, նոյն անդ, 12.9-10), որ ըսել է, թէ չկայ մարդ մը, որ շնորհք չունենայ, քանի որ իւրաքանչիւր մարդ մէկ մարդէ մը յառաջ եկած է, այդ մէկ մարդն ալ Աստուծոյ փչելովը հոգի ստացած է. իսկ երբ ազատ կամքով մեղանչէ՝ Աստուծոյ Հոգին կը տրտմի (տե՛ս Եփ 4.30), ո՛չ թէ շնորհներու բաժինը անկէ ամբողջութեամբ կ՚առնէ մինչեւ գերեզմանին դուռը. ըստ այսմ, մարդուս բանականութիւնն ալ շնորհներու բաժին մըն է:
Դաւիթին ըսածը ուրիշ հարց մըն է, ինչպէս Սողոմոնն ալ իր հօր խօսքը կը վաւերացնէ. ո՞վ գիտէ, թէ մարդոց հոգիները երկինք կ՚ելլեն (Ժղ 3.21), այսինքն «մարդ պատիւ ունէր… անասուններուն հաւասարեցաւ», հետեւաբար, ո՛չ թէ մարդն է չար եղողը, այլ՝ ազատ կամքի գործն է չար, որով Աստուծոյ Հոգին կը տրտմի. այդպիսիները բաւական շնորքհ ունին, բայց իրենց գործերը անբանի գործ է, այն է՝ վնասել, վիրաւորել, իրը չեղածին հետ միանալ, զայն յափշտակել, եւ այլն: Ասոր համեմատ առանց գերբնական շնորհներու արժանանալու մեռնողները՝ տանջանքներու համար կը մեռնին, այստեղ ալ անասնաբար տանջանքի մէջ են, անոնց նորոգութիւն ըսել չէ, ինչպէս Պօղոս կ՚ըսէ. «Բոլորս ալ պիտի մեռնինք, բայց բոլորս ալ պիտի նորոգուինք» (Ա. Կր 15.51-52). հետեւաբար, ո՛չ թէ մարդը անասուն է, այլ՝ իր գործը չար է:
2. Շնորհքը կը բաժնուի բաւականի, ընդհանրականի, կարելիի, կարողականի, բնականի, գերբնականի, սրբարարի. ընդհանրապէս եօթնարբեան կ՚ըսու, որոնք Աստուծմէ մարդոց կը տրուին, այնպէս որ բաւական շնորհները առ հասարակ կը գործեն, կարելիութեամբ իրարմէ կը տարբերին քիչ շատ կատարելութեամբ. բարոյական եւ բանականով ոմանք շատ զօրաւոր են, ոմանք շատ գեղեցիկ են ոմանք քիչ, ասոնք բոլորն ալ շնորհներու բաժիններ են, որոնց վրայ կու գայ գերբնականը եւ գերբնականին վրայ սրբարարը. այլ խօսքով, գերբնականը կամ սրբարարը միեւնոյն իմաստով ըմբռնելով մարդը ամբողջութեամբ Աստուծոյ համար մտածող մը կը հանդիսանայ, ասոր համեմատ Պօղոս շնորհներու բաժինը հաշուած ատեն «յաջողութիւն, գիտութիւն, հաւատք, եւ այլն» կ՚ըսէ, որով կը հասկցնէ, թէ յաջողութիւնն ու գիտութիւնը միւս շնորհներով կ՚ըլլան. իսկ գերբնականը հաւատքին վրայ կու գայ, ինչպէս որ մարգարէներուն գերբնական շնորհք տրուեցաւ, առաքեալներուն՝ գերբնական եւ սրբարար շնորհք:
3. Ոմանք վէճ յառաջացուցին, թէ՝ Ադամ կրնար չմեղանչել, կամ ինչպէ՞ս շնորհքով ծնաւ. իսկ ասիկա մեզի համար վէճի նիւթ չէ. «Ադամ նախապէս ո՛չ մեղքերով եւ ոչ ալ գերբնական շնորհներով ստեղծուեցաւ» ալ եթէ ըսենք, Ադամին նախապէս գերբնական շնորհք տրուեցաւ, ըլլայ արարուած ատեն, ըլլայ ետքը. որովհետեւ նախամարգարէն Ադամ ի՛նք եղաւ, որ կինը տեսնելուն պէս իր ոսկորէն ըլլալը գիտցաւ, աւելին, այն անմահօրէն ստեղծուած էր. հետեւաբար, գերբնականը բաւականէն ետք գալով ազատ կամքի միջոցով կրնայ մնալ մարդուն մէջ եւ կրնայ ալ դառնալ. այլ խօսքով, մարդս ազատ կամքով միայն կրնայ Աստուծոյ դէմ մեղանչել:
«Կրօնագիտութիւն կամ ուսումն Քրիստոնէական հաւատոյ»
Կ. Պոլիս, 1885
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 15
Վաղարշապատ