ՈՒՍՈՒՑԻՉ ԵՒ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄ

Նախակրթարանի ուսուցման տարիները իսկութեան մէջ մարդուս կեանքին ամենէն տարրական եւ կարեւոր շրջանն է։ Այս շրջանին է, որ կը հաստատուին ապագայի մտային եւ հոգեկան շէնքին առաջին հիմերը։ Տղուն տրուելիք առաջին կրթութիւնն է՝ ըլլալ օգտակար անդամ մը, տարր մը մարդկութեան համար, սկսելով, անշուշտ, իր անմիջական շրջանակէն եւ ապահովել անոնց գէշ սովորութիւններէ հեռու մնալու ընդունակութիւն մը։

Պէտք չէ մոռնալ, որ բնութիւնը կը պահանջէ, տղան հասուն մարդ ըլլալէ առաջ, նախ «տղա՛յ» ըլլայ։ Ուստի, երբ բնութեան կանոնը ոտնակոխ ըլլուի, տղաքը պիտի նմանին խակ եւ անհամ պտուղներու։ Այս պարագային մենք հասցուցած պիտի ըլլանք «երիտասարդ գիտուններ, բայց տարեց տղաներ», ինչպէս կ՚ըսէ իմաստասէրը։

Երբ նախակրթարանի մանկահասակ, դեռատի աշակերտներէն կը պահանջենք հնազանդ ըլլալ, մեր վերաբերումը պէտք չէ չափազանց ըլլայ, այլ՝ թէեւ պարտադրիչ բայց թոյլատու։

Չափազանցութեան պարագային կը հասցնենք շահամոլ եւ եսասէր տղաք՝ որոնք ապագային պիտի ընեն ամէն ինչ, պարզապէս պարտականութիւն համարելով եւ անձնական շահու ա-կընկալութեամբ։

Եթէ կ՚ուզենք հասցնել ուղղամիտ մարդ, տղուն հանդէպ պէտք է ըլլանք միշտ անկեղծ, իր պահանջներուն մեր պատասխանը՝ «այո»ն պէտք է ըլլայ այո՛ եւ մեր «ոչ»ը՝ ո՛չ։

Սիրելի տղաք, կեանքի նպատակն է հասնիլ գեղեցիկին՝ որուն գործնականն է բարին, հասնիլ ճշմարտութեան՝ որուն գործնականն է ուղղամտութիւնը, եւ այս բոլորը ձեզ պիտի տանի իրակա՛ն մարդ ըլլալու, այսինքն կատարեալ ըլլալու բարձրագոյն նպատակին։

Մենք՝ ուսուցիչներ եւ դաստիարակներ ուրախ ենք յուսալով, թէ հասցուցած ենք այս չափանիշներով կեանքի պատրաստուած աշակերտներ եւ հաճոյքով կը տեսնենք, թէ մեր ուսուցչաց անձնակազմը՝ այս սկզբունքներուն գիտակից՝ իրենց վեհ պարտականութիւնը եւ ծառայութիւնը լի ու լի կը կատարէ ապագայի մարդուն՝ այսօրուան տղուն հանդէպ։

Այս առթիւ շնորհակալութիւն ամէն անոնց, որոնք այս ազնիւ եւ վեհ նպատակին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն։ 

ԱՆՆԻԿ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2026