ՔՍԱՆ ԽՐԱՏ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ

Արաբերէնով յօդուած մը կը կարդայի, ուր նշուած էին քսան կէտեր՝ որպէս խրատ, ուղղուած երիտասարդութեան: Այդ քսան խրատները հայացնելով, կը ներկայացնեմ մեր երիտասարդութեան, յուսալով քսանէն մէկ կամ երկու հատ օգտակար ըլլայ անոր: Մի քանի խրատներ իմ վրաս խոր ազդեցութիւն գործած են: Բարի ընթերցանութիւն: 

* 

1- Հոգ տար անձնական մաքրութեանդ եւ արտաքին տեսքիդ, որովհետեւ ասոնք գաղափար մը կու տան քու անձիդ եւ բնաւորութեանդ մասին։

2- Մարզանք ըրէ՛, որեւէ ձեւով եւ քեզի յարմար որեւէ եղանակով։ Կարեւորը մարզանքը չդադրեցնելն է. զայն սովորութիւն դարձուր։

3- Հոգ տար քու կերած ուտելիքիդ։ Մի՛ ուտեր միայն այն՝ ինչ որ ձեռքդ կ՚անցնի։ Մարմինդ աւելի մեծ խնամքի կարիք ունի, որպէսզի զայն զօրացնես եւ առողջ պահես։

4- Շատ մեծ կարեւորութիւն տուր բարեգործական միութիւններու մէջ կամաւորական աշխատանքներուն եւ ուսանողական գործունէութիւններուն։ Ասիկա այն կարեւորագոյն բաներէն մէկն է, որ չկատարած ըլլալուս համար ափսոսացած եմ։ Հիմա կը գիտակցիմ ատոր կարեւորութեան՝ բայց արդէն ուշ է։ Ուստի, մի՛ կրկներ իմ սխալս։

5- Եթէ լաւ խօսող մը չես, ապա լաւ լսող մը եղիր։ Մարդիկ շատ կը սիրեն իրենց մասին խօսիլ։ Ուստի, եթէ կ՚ուզես յաջող ընկերային յարաբերութիւններ կառուցել, հանգիստ կերպով լսէ՛ զիրենք։

6- Դուն քեզ այնպիսի կացութեան մը մէջ մի՛ դներ, որ ստիպուած ըլլաս ստելու։ Ըսէ՛ ճշմարտութիւնը եւ կրած հետեւանքը ստանձնէ։ Ասիկա աւելի կը զօրացնէ ինքնայարգանքդ եւ ինքզինքիդ նկատմամբ ունեցած յարգանքդ, հետեւաբար նաեւ ուրիշներու յարգանքն ու գնահատանքը քու անձիդ նկատմամբ։

7- Երեք առաջնահերթ նպատակ որոշէ՛։ Ատոնք կրնան կարճաժամկէտ նպատակներ ըլլալ, որոնք կարելի է իրականացնել. օրինակ՝ երեք ամսուան ընթացքին, կամ երկարաժամկէտ նպատակներ, որոնց իրականացումը մէկ տարի կամ աւելի կրնայ տեւել։ Որոշէ՛ ժամանակային սահմանը եւ ըստ այդմ որոշէ՛ նպատակներդ։ Թոյլ տուր, որ այս կէտը օրինակով մը բացատրեմ։

Ենթադրենք, որ կ՚ուզես ծրագրաւորում սորվիլ։

Առաջին քայլը. համոզուէ՛, որ այս նպատակը կարեւոր եւ հիմնական նպատակ մըն է, որովհետեւ կրնայ ըլլալ, որ անիկա պահուան մը համար յղացած գաղափար մըն է, որ մէկ-երկու օր կը զբաղեցնէ միտքդ, ապա իր կարեւորութիւնը կը կորսնցնէ եւ ընդհանրապէս կը մոռնաս զայն։ Ասիկա կրնաս ընել՝ նպատակդ որոշելէ ետք երկու շաբաթ կամ աւելի սպասելով, նախքան սկսիլը։ Հարց տուր դուն քեզի. տակաւին հետաքրքրուա՞ծ եմ այս նպատակով։ Միտքս տակաւին կը պնդէ՞, որ այս նպատակը ներկայիս կարեւոր է։ Եթէ պատասխանդ «այո՛» է, գիտցիր, թէ արժանի է այդ նպատակը, որ անմիջապէս սկսիս անոր իրականացման։

Երկրորդ քայլը. պատրաստէ՛ ուսման ամբողջական եւ յստակ ծրագիր մը, որ ունենայ սկիզբ եւ աւարտ։ Օրինակ՝ եթէ ծրագրաւորում սորվելու դասընթացք մը ունիս, ուսումնասիրելով դասընթացքի ամբողջ ծրագիրը՝ փորձէ՛ գնահատել, թէ որքան ժամանակ պիտի պահանջէ անոր աւարտը։ Ապա դասընթացքի բովանդակութիւնը բաժնէ այդ ժամանակահատուածին վրայ եւ սկսէ քու ուղեւորութիւնդ։

8- Ոեւէ անձէ, որեւէ բանէ կամ վայրէ, որ քեզի վատ զգացում կը պատճառէ եւ կը խանգարէ հոգեկան ներքին անդորրդ, անմիջապէս հեռացիր, առանց տատամսելու եւ առանց որեւէ նկատառումի։

9- Փորձէ՛, եթէ կարելի է, որոշ ժամանակ ապրիլ այլ վայրի մը մէջ՝ քու հիմնական տունէդ տարբեր։ Այս փորձառութիւնը կարճ ժամանակի մէջ շատ բան պիտի աւելցնէ քու անձիդ ու բնաւորութեանդ վրայ։ Նիւթական անկախութեան եւ մինակ ապրելու, ծննդավայրիդ միջավայրէն հեռու փորձառութիւնը հիանալի փորձառութիւն մըն է, որ կ՚օգնէ քեզի ինքզինք աւելի լաւ եւ ճշգրիտ ճանչնալու։

10- Խնայէ՛ աշխատավարձէդ կամ վաստկած որեւէ գումարէդ 10 տոկոսը եւ ինքզինքիդ խոստում տուր, որ այս խնայած գումարին ձեռք պիտի չտաս, մինչեւ քու որոշած ժամանակաշրջանիդ աւարտը՝ նուազագոյնը երկու տարի։

11- Հրաժարէ՛ խաբուսիկ երեւոյթներէն։ Հրաժարէ՛ հագուստիդ, խմածիդ եւ կերածիդ մէջ ցուցամոլութենէ ու չափազանցութենէ՝ միայն ուրիշները քեզմով հիացնելու համար։ Ի՞նչ պիտի շահիս, եթէ մեծ գումար վճարելով ապրանքանիշի մը ժամացոյց գնես, կամ այնպիսի վերնաշապիկ մը, որուն գինը քու ամսական աշխատավարձիդ կէսին համարժէք է։ Ձգէ՛ այս բոլոր դատարկութիւնները, որովհետեւ տասը տարի ետք պիտի զղջաս անոնց համար։ Որքան կանուխ գիտակցիս այս իրականութիւնը, այնքան աւելի լաւ։

12- Հիմա իսկ սկսէ՛ նոր լեզու մը սորվիլ։ Աւելին պիտի չբացատրեմ. վստահ եմ, որ դուն լաւ կը գիտակցիս այս կէտին կարեւորութիւնը։ Այդպէս կը յուսամ։

13- Այսօրուընէ իսկ կարդալու սովորութիւն ձե՛ռք բեր։ Կարդա՛ ամէն ինչ եւ այն ամէնը, ինչ որ ձեռքդ կ՚անցնի։ Միացիր գիրքի ակումբներու եւ մասնակցէ՛ ընթերցանութեան խմբակներու։ Ուրիշներէն գիրքերու առաջարկներ խնդրէ այն բնագաւառին վերաբերեալ, որ քեզ կը հետաքրքրէ։ Եւ ենթադրենք, որ հիմա իսկ ինձմէ գիրքերու առաջարկներ խնդրեցիր։ Անձի զարգացումի բնագաւառէն երկու գիրք պիտի առաջարկեմ, որոնցմէ կրնաս սկսիլ.

Տէյլ Քարնըճիի՝ «Ինչպէ՞ս շահիլ բարեկամներ եւ ազդեցութիւն ունենալ մարդոց վրայ» եւ Ռոլֆ Տոպէլիի՝ «Յստակ մտածելու արուեստը» գիրքերը։

14- Դադրեցուր ժխտական մտածելակերպը։ Եթէ դուն համոզես միտքդ, որ ձախող անձ մըն ես եւ կեանքիդ մէջ պիտի չյաջողիս, պարզապէս միտքդ հակուած պիտի ըլլայ այդ համոզումը ընդունելու՝ առանց որեւէ դիմադրութեան։ Ինքզինքիդ համար քանդիչ ուժ մի՛ ըլլար։ Այս պահուն կրնաս չգիտակցիլ ժխտական մտածելակերպի վտանգաւոր ըլլալը, սակայն, տարիներ ետք պիտի հասկնաս զայն եւ, անշուշտ, այդ գիտակցութիւնը տխուր պիտի ըլլայ քեզի համար։

15- Ձե՛ռք բեր ընկերային յարաբերութիւններու համար անհրաժեշտ այն հմտութիւնները, որոնք յայտնի են «soft skills» անունով. ինչպէս՝ լաւ ծրագրաւորելու, ուրիշներու հետ հաղորդակցելու, խնդիրներ լուծելու եւ լուծումներ գտնելու, բանակցելու, որոշումներ կայացնելու եւ տեղեկութիւններ փնտռելու հմտութիւնները։ Այս հմտութիւններէն իւրաքանչիւրը, բառացիօրէն, պիտի օգտակար ըլլան քեզի՝ ինչ բնագաւառի մէջ ալ աշխատիս։

16- Դուն պիտի չյաջողիս, եթէ չձախողիս։ Պէտք է ընդունիս ձախողութիւնը եւ գիտակցիս, որ բազմիցս պիտի ձախողիս։ Այո՛: Մի՛ զարմանար. ասիկա իրականութիւն է։ Սակայն, կարեւորը այն է, թէ ինչպէ՛ս պիտի վարուիս այդ ձախողութեան հետ։ Ահա՛ այս մասին պէտք է մտածես։

17- Զբաղուէ՛ ինքզինքդ շտկելով՝ ուրիշները շտկելու փորձեր ընելու փոխարէն։ Զբաղուէ՛ թերութիւններովդ՝ ուրիշներու թերութիւնները մատնանշելու եւ անոնց վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու փոխարէն։

18- Դադրեցուր պոռնկագրական ֆիլմեր դիտելը։ Միտքդ արժանի է, որ զայն աւելի կարեւոր բաներով լեցնես։ Այս ֆիլմերը անգիտակցաբար կրնան վտանգաւոր կերպով վերաձեւաւորել մտածելակերպդ, այնպէս որ միտքդ դատարկուի օգտակար բովանդակութենէ եւ սկսի գրեթէ միայն սեռական հարցերու մասին մտածել։

19- Ապրէ՛ իրական կեանքդ՝ ընկերային ցանցերու մէջ ապրած կեանքիդ փոխարէն։

20- Հետաքրքրասէր անձ մը եղիր։ Ասիկա չի՛ նշանակեր, որ պէտք է խառնուիս ուրիշներու կեանքին։ Ընդհակառակը, կը նշանակէ՛, որ ձգտիս գիտելիք ձեռք բերելու, փնտռելու, ուսումնասիրելու եւ ամէն ինչի մասին տեղեկանալու։ Մի՛ սպասեր, որ ուրիշ մը քեզի բացատրէ, օրինակ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է համացանցի միջոցով դրամ շահիլ։ Դեռ չե՞ս լսած «Google» կոչուած բանի մը մասին։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 23, 2026