ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՐԳԻ ՏԱՏԱՆՈՒՄ

Իրանի պատերազմը կը մեկնաբանուի աշխարհակարգի տատանման պրիսմակէն, նաեւ օրակարգի վրայ է այն մտահոգիչ հարցումը, թէ ո՞ւր կրնայ տանիլ աթոմական խաղը։ Արդարեւ, գերզգայուն է աթոմական զէնքի խնդիրը՝ մանաւանդ աշխարհակարգի փխրուն հաւասարակշռութեան պայմաններուն ներքեւ։ Թէ ինչպիսի՞ քայլերու կարիքն ունի այսօրուայ աշխարհը, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն հեռու պահել աթոմական զէնքի հաւանական պատերազմէ մը։ Շատեր կը հաւատան, թէ այդ նիւթը՝ սովորական կամ արհեստագիտական զէնքով պատերազմի մը փոխարէն, աթոմական պատերազմի մը սկսիլը անկարելի է, բայց, եկուր-տես, որ աշխարհը ղեկավարող մեծ տէրութիւններուն գործնական քայլերն ու շարժումները բնաւ այդ մասին չեն խօսիր։ Ընդհակառակն, այսօր ստեղծուած համայնապատկերին վրայ, ուր պատերազմներու պարագային անկարելի կը դառնայ ռազմական յստակ առաւելութիւն մը ձեռք ձգելը, տէրութիւններ յաճախ գաղտնի, իսկ մերթ ալ անթաքոյց կերպով սկսած են խօսիլ աթոմական զէնքի կիրառման հաւանականութեան մասին։

Այդ երկիրներու գլխաւորը կը համարուի Ռուսաստան, որ հակառակ իր ռազմական ներուժին՝ չկարողացաւ հասնիլ այն նպատակներուն, որոնք շեշտուած կերպով լսելի դարձան Ուքրայնայի դէմ շղթայազերծուած պատերազմի առաջին օրերուն։ Եւ այս առումով ալ Ռուսաստանի նահանջը, անոր ռազմական ներուժին մաշումի աստիճան թուլացումը, ռազմաքաղաքական կարեւոր գործօնները ստիպեցին ու դեռ ալ կը ստիպեն Քրեմլինի ղեկավարութիւնը, որպէսզի տարբեր առիթներով հետամուտ ըլլայ հնչեցնելու աթոմական պատերազմի սպառնալիքը։

Այս բոլորին զուգահեռ՝ յստակ է, անշուշտ, որ աթոմական զէնք ստեղծելու հարցը լրջագոյն նշանակութիւն ունի՝ մանաւանդ այն տէրութիւններուն համար, որոնք անդամ են աթոմական երկիրներու ընտանիքին։

Ու հոս է նաեւ, որ երեւելի կը դառնայ այս նիւթին վերաբերեալ մեծ չարաշահում մը, երբ աթոմական ռումբ ունենալու-չունենալու խնդիրը պատճառ կը դառնայ նոր տագնապներու, որոնց ամենէն շեշտակի օրինակը՝ Իրանն է։

Խորքին մէջ, աթոմական ռումբի ստեղծման սպառնալիքն է ու այդ հաւանական սպառնալիքի դէմ պայքարն է, որ Իրանի դէմ ատելութեան սաստկացումը դարձուց միջազգային հանրութեան մշտական օրակարգերէն մին. օրակարգ՝ որ մեր այս օրերուն վերածուեցաւ մտահոգիչ պատերազմի մը, որուն անելանելիութիւնը, հետեւանքներն ու վտանգները լաւ տեղ չեն տանիր այսօրուայ աշխարհը։ 

Այստեղ, հարկ է յիշեցնել, որ ի հեճուկս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ Իրանի դէմ ճակատելու եւ պայքարելու վճռակամութեան, նոյն տեսակէտն ու մօտեցումը չենք նկատեր Եւրոպայի ու, բնականաբար, Իրանի դաշնակից համարուած՝ Ռուսաստանի եւ Չինաստանի պարագային։

Սա ինքնին կարեւոր մօտեցում ու գործօն կրնայ դառնալ, որպէսզի Իսրայէլ եւ՝ ի մասնաւորի ԱՄՆ իրապէս գիտակցին, որ անկարելի է գետնի հաւասար ընել դարաւոր ճանապարհ եւ մշակոյթով երկիր մը։

Ի դէպ, Իրանի նկատմամբ նոյնպէս դրական տրամադրուած է Թուրքիան, որուն քաղաքական վերնախաւը բազմիցս արտայայտուած է այն մասին, թէ բոլոր հարցերը կարելի է լուծել առանց բռնութեան, միայն ու միայն երկխօսութեան ճանապարհով։

Արդեօք Իրան հանգո՞յց մը պիտի ըլլայ աթոմական հաւասարակշռութեան խախտման ճանապարհին։ Իւրաքանչիւր հրթիռակոծումով, Հիւրմիւզի ջրանցքի մէջ նաւու առգրաւումով եւ սարսափազդու բնաջնջման սպառնալիքով՝ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը մեծցնէ Իրանի մղումը՝ մերժելու իր գործարք կնքելու առաջարկը եւ փոխարէնը արագացնելու աթոմական զէնք ձեռք բերելու փորձերը։ Անցեալ փետրուարի 28-ին, պատերազմ յայտարարելու քայլը արդարացնելով՝ Թրամփ պնդեց, թէ Իրան եւ յատկապէս անոր աթոմական ծրագիրը կը ներկայացնէ անմիջական սպառնալիք։ Սակայն, Իրան աթոմական զէնք չունի։ Ասոր փոխարէն ԱՄՆ, Իսրայէլ եւ բազում այլ երկիրներ ունին այդ զէնքը։ 

ԱՄՆ-ի հետախուզական կառոյցները եւ ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակները կը համաձայնին, որ գոյութիւն չունի հաստատուն ապացոյց, թէ Իրան՝ թէեւ զարգացուցած է իր արհեստագիտական կարողութիւնները եւ բաց պահած քաղաքական ընտրանքները, 2003 թուականէն ի վեր փորձած է տիրանալ աթոմական զէնքի։ Յամենայնդէպս, Թրամփի վերջին մէկ տարուան ընթացքին երկրորդ յարձակումը եւ Իրանը քարէ դար վերադարձնելու սպառնալիքը մեծ հաւանականութեամբ կը փոխեն այս վիճակը։

Աւելի ու աւելի դժուար կը դառնայ հակաճառել այն տեսակէտին, թէ այժմ Իրանը ղեկավարող «կոշտ գիծ»ի յեղափոխական պահակազօրքի զօրավարներուն վերագրուած է, թէ աթոմական զէնքը միակ վստահ միջոցն է ապագայ հաւանական յարձակումները զսպելու։ ԱՄՆ եւ Իսրայէլ երկու անգամ, առանց նախազգուշացման հարուածեցին Իրանը՝ այն պահուն, երբ այդ երկիրը բանակցութիւններ կը վարէր ԱՄՆ-ի հետ։ Նոյնիսկ եթէ խաղաղութեան համաձայնութիւն մը գոյանայ, ապա Իրան կը գիտակցի, որ անհնար է վստահիլ Թրամփին եւ Նեթանյահուին։

Թրամփի՝ Իրանի աթոմական ծրագիրը ոչնչացնելու նպատակը իրականութենէն հեռու է։ Աթոմական գիտելիքը չի կրնար պարզապէս ռմբակոծութեամբ վերանալ։ Նոյնիսկ եթէ գիտնականներ զոհուին, գիտելիքը կը մնայ։ Աւելի՛ն, Թեհրան պարտադիր չէ, որ ինքնուրոյն կերպով վերակառուցէ այդ կարողութիւնը. ան կրնայ փորձել զէնք ձեռք բերել արտասահմանէն։ Հիւսիսային Քորէան ամենահաւանական աղբիւրն է, Ռուսաստանի օժանդակութիւնն ալ չի բացառուիր։ Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդ Քիմ Չեն Ըն, որ արդէն ներգրաւուած է այլ հակամարտութիւններու մէջ անուղղակի կերպով, կրնայ գաղտնի կերպով զինել Իրանը։ Ան ունի նման փորձառութիւն մը։

Իրան կը միանայ շարքին այն պետութիւններուն, որոնք չունին աթոմական զէնք, սակայն, տուժած են աթոմական տէրութիւններու ճնշումներէն։ Ուքրայնայի օրինակը յստակ է․ ան հրաժարեցաւ իր զէնքերէն՝ փոխարէնը ստանալով երաշխիքներ, որոնք ի վերջոյ արժէք մը չունեցան։ Իրաքը եւս՝ առանց աթոմական զսպման, ենթարկուեցաւ ներխուժման։ Աթոմական զէնքի տէր պետութիւնները չեն յարգեր իրենց պարտաւորութիւնները՝ զէնքերու կրճատման ուղղութեամբ։ Փոխարէնը՝ անոնք կը շարունակեն արդիականացնել իրենց զինանոցները։ Այս քաղաքականութիւնը կը քաջալերէ այլ երկիրները՝ նոյնը ընելու համար։

Թրամփի անկանխատեսելի եւ սպառնալիքներով լեցուն վարքագիծը կը մեծցնէ անորոշութիւնը։ Ան նաեւ կը խթանէ աթոմական զէնքերու տարածումը։ Իր որոշումները՝ ներառեալ 2015-ի Իրանի հետ համաձայնութեան չեղարկումը, ուղղակիօրէն նպաստեցին ներկայ ճգնաժամին։

Իրանի նախկին հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամանէյի սպանութիւնը նաեւ նշանակալից էր։ Անոր «ֆեթուա»ն, որ կ՚արգիլէր աթոմական զէնքի զարգացումը, ըստ էութեան, անհետացաւ։ Թրամփն ու Նեթանյահուն երկու հիմնական սխալ ընկալում ունին․ նախ՝ Իրան չի մոռնար տեղի ունեցածը, իսկ երկրորդ՝ ան ունի ընտրանքներ, որոնք դուրս են իրենց վերահսկողութենէն։ Հիւսիսային Քորէան կրնայ լաւ օրինակ մը ծառայել։ Այդ երկիրը ստեղծեց իր աթոմական ծրագիրը գաղտնի միջոցներով եւ այժմ կը տարածէ համապատասխան մեթոտներով։

Եթէ Իրան ձգտի աթոմական զէնք ձեռք բերել, ապա այլ երկիրներ եւս կրնան հետեւիլ. օրինակ՝ Սէուտական Արաբիա, Եգիպտոս եւ Թուրքիա։ Նոյն վտանգը կը տարածուի Ասիոյ մէջ՝ Ճաբոնի, Հարաւային Քորէայի եւ Թայուանի պարագաներով։ Այս բոլորին հետեւանքով՝ աթոմական զէնքերէ զերծ աշխարհի գաղափարը կը մաշի։ Զէնքերու արդիականացումը, վերահսկողութեան համակարգերու փլուզումը եւ նոր փորձարկումները կը մեծցնեն վտանգը։ Սա սոսկ վախազդու պատմութիւն մը չէ. իրական վտանգ մըն է։ Ռուսաստան արդէն բազմիցս սպառնացած է աթոմական զէնքի գործածութեամբ։ Նման հռետորաբանութիւնը կը դառնայ սովորական։

Եթէ չգտնուի արդար եւ բանական դիւանագիտական լուծում մը, ապա աշխարհ կրնայ վերադառնալ Պաղ պատերազմի մղձաւանջին՝ փոխադարձ բնաջնջման իրական սպառնալիքով։

Վստահութեան փլուզումէն, մինչեւ աթոմային ուժի տարածումը՝ վտանգաւոր ուղի մը կ՚ուրուագծուի այսօր։ Եզրակացնելով՝ այսօրուան աշխարհը կը գտնուի վտանգաւոր հակասութեան մը մէջ։ Մէկ կողմէ աթոմական զէնքը կը մնայ զսպման գործիք մեծ տէրութիւններու ձեռքին, իսկ միւս կողմէ՝ անոր մասին հռետորաբանութիւնն ու քաղաքական խաղերը կը դարձնեն զայն իրական սպառնալիք մը՝ ո՛չ միայն պատերազմի, այլեւ գոյաբանական ճգնաժամի։

Հիմնական հարցը այն չէ միայն, թէ ո՞վ ունի աթոմական զէնք, այլ՝ ո՞վ կը վստահի միջազգային համակարգին։ Արդեօք այդ համակարգը դեռ ունի՞ իրական արժէք եւ հաւասարակշռութիւն։ Երբ վստահութիւնը կը քայքայուի, պետութիւնները սկսած են մտածել ո՛չ թէ զինաթափման, այլ ինքնապաշտպանական աթոմական ապահովութեան տրամաբանութեամբ։ Եւ այս մէկը այն ուղին է, որ կը տանի տարածման եւ անկայունութեան։

Աթոմական պատերազմը կանխելու համար անհրաժեշտ քայլերը չեն կրնար սահմանափակուիլ միայն սպառնալիքներու հնչեցումով կամ ռազմական ճնշումով։ Անոնք կը պահանջեն հետեւեալները.

- Վերականգնել միջազգային վստահութեան նուազագոյն մակարդակ մը, ուր համաձայնութիւնները իսկապէս արժէք պիտի ունենան։

- Վերադառնալ դիւանագիտութեան՝ ո՛չ որպէս ձեւականութիւն, այլ որպէս հիմնական քաղաքական գործիք։

- Զսպման համակարգերը դարձնել թափանցիկ եւ վերահսկելի, ո՛չ թէ գաղտնի եւ մրցակցային։

- Եւ ամենակարեւորը՝ մեծ տէրութիւններուն կողմէ օրինակ ծառայող վարքագիծ, որովհետեւ փոքր պետութիւնները շատ յաճախ կը հետեւին անոնց տրամաբանութեան։ 

Այս ամբողջին մէջ ամենավտանգաւորը այն համոզումն է, թէ աթոմական զէնքը անխուսափելի կամ բնական երեւոյթ մըն է միջազգային քաղաքականութեան մէջ։ Իրականութիւնը հակառակն է. ան քաղաքական ընտրութիւն մըն է եւ ինչպէս ամէն ընտրութիւն՝ կրնայ նաեւ վերատեսութեան ենթարկուիլ։

Այսօրուան աշխարհին առջեւ կանգնած մարտահրաւէրը պարզ է. կա՛մ կը վերականգնէ վերահսկելի եւ վստահութեան վրայ հիմնուած միջազգային կարգ մը եւ կամ կ՚երթայ դէպի բազմապատկուող աթոմական անորոշութիւն, ուր սխալ մը կրնայ ըլլալ անդառնալի։

Եւ այս իմաստով խաղաղութիւնը ո՛չ թէ իտէալական երազանք մըն է, այլ քաղաքական յարատեւ աշխատանք, որ առանց իրական կամքի՝ կը մնայ անիրագործելի։ 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 2, 2026