ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Աստուծոյ հասկացողութիւնն ու անոր զարգացումը ապրած է երկար զարգացումներ ու զանազան ժամանակաշրջաններու ընթացքին զայն կապուած կրնանք համարել նոյնինքն մարդկային հասարակական, քաղաքական, մշակութային, տնտեսական ու զանազան հոլովոյթներու հետ:

Աստուծոյ հասկացողութիւնը մարդկային, անհատական ու հաւաքական իմացութեան ու ըմբռնման մէջ չենք կրնար համարել կայուն յառաջդիմական արժէք, չմոռնալով նաեւ, որ աշխարհի երեք հիմնական կրօններու կեանքերը արդէն իսկ մի քանի հազար տարի է: Ինքնին կրօնները յառաջդիմական արժէքաբանութիւն ներկայացնելու կողքին, զանոնք չենք կրնար համարել գերհամակերպուող մարդկային տնտեսական, ընկերային ու մշակութային զարգացման հետ, քանի նոյնինքն կրօնագիտութեան ու կրօնակիրառման խնդրականութիւնները կը կայանան անոր մէջ, որ Աստուծոյ գաղափարը գերմարդկային է ու մարդկային զարգացումը շրջանցող (այն նոյնինքն մարդկային զարգացման ճարտարագէտն է ու նոյն մարդկային զարգացումը չի բանեցուիր առանց Աստուծոյ՝ ըստ կրօնաբանութեան): Հոգեւոր եւ ոգեղէն բնոյթը մարդ անհատին ամենամեծ կախուածութիւնն է տիեզերքէն ու Աստուծոյ հասկացողութենէն։ Մինչ այդ, նոյն մարդկային հաւաքական կերպարը-պատկանելիութիւնը այնքան ալ հոգեւոր ու ոգեղէն չէ. այն կը չափուի ու կը հոլովուի պարզ ընկերական, մշակութային ու տնտեսական օրէնքներով, բայց, մեծ հակադրանքով ու հակասութեամբ մը։ Նոյն կրօնը ու Աստուծոյ հասկացողութիւնը աւելի առկայութիւն է, ցուցմունքային ու վճռորոշ՝ մարդկային հաւաքական կեանքին (մա՛նաւանդ վարչատնօրինական ու քաղաքական ալ առումներով), քան մարդկային անհատական կեանքին մէջ, ուր Աստուծոյ ներկայութիւնն ու զօրութիւնը մաքուր ոգեղէն ու հոգեկան է:

Աստուածն ու աստուածաբանութիւնը իր քաղաքական ու վարչարարական իմաստով կրնանք համարել համամարդկայնացման ու բարոյականացման հաւաքական դրսեւորում՝ իր քաղաքական ամէն շահագործումներով ու չարաշահմամբ հանդերձ: Միեւնոյն ատեն, Աստուծոյ էութենական ու բարոյական արդարականութիւնը այնքան ջինջ, պայծառ, անաղարտ ու գերամբարձ չէ մարդկային հաւաքական կեանքին մէջ, որքան է անհատականին մէջ:

Ուրեմն, Աստուծոյ հասկացողութեան զարգացումը հոս պարզ կրօնական փուլերով կամ միայն կրօններու պատմութեան մէջէն չդիտելով՝ կը փորձենք զայն զննել ընկերային, հոգեբանական, մշակութային, անհատական ու հաւաքական հոլովոյթներով: Երբ մարդը աւելի անուս էր ու անգիտակ, անոր աստուածային շփումները աւելի խորհդապաշտական էին, տեղ մըն ալ ահռելի վախածին: Բնականաբար, տարբեր հասարակարգեր տարբեր զարգացուածութեան մէջ են եւ չենք կրնար նոյնացնել արեւելքի եւ արեւմուտքի Աստուծոյ գաղափարախօսութեան հանրադրոյթներն ու ազդեցութիւնները, բայց, մղուելով մեր՝ 21-րդ դարու իւրայատկութենէն ու խմորումներէն, հաւանաբար, ընդհանրական տիրոյթ մը կրնանք գտնել համաշխարհայնացումի եւ արհեստագիտութեան կատարած մեծ յեղափոխութիւններու ֆոներով:

Աստուծոյ գաղափարաբանութիւնն ու ընկալումը՝ յատկապէս գիտական ու գործապաշտական մօտեցումներով շատ սերտ աղերսուած է տիեզերագիտութեան ու ինքնին տիեզերայայտագործման հետ: Այն պատճառով, որ Աստուծոյ գաղափարը ինքնին սկզբնաւորութեան գաղափար է (արարիչ, կերտիչ, ստեղծիչ… եւ այլն), իսկ փրկարարական իմաստով վախճանն ու մահը յաղթահարելու համար։ Նոյն աստուածային էոյթի մաս դառնալն ու հաղորդուիլը՝ մարդկային բնոյթի մեծագոյն մխիթարաքն ու լուծումն է՝ վասն յաւերժութիւնը նուաճելու: Հոս Աստուած տիեզերքին հետ կը համադրուի ու հաւանաբար կը նոյնանայ, քանի երկուքն ալ յաւերժական են ու մեզի համար աւելի կարեւորը յաւերժապարգեւող են: Մարդկային անըմբռնուածութիւնն ու անաւարտ յայտնաբերումը ամէն ինչին․ նախ մարդը իր անհատական անձին, մարմնին ու ոգեղինութեան յայտնաբերումը, ապա իր հաւաքական կեանքի ու նուաճումներու յայտնաբերումը՝ զինք կը դարձնեն աստուածակախեալ կամ նոյնինքն աստուածային:

Աստուծոյ հասկացողութիւնը մեր մօտ մշտապէս եղած է գերուժային ու կատարեալ, իսկ նկատի առած, որ մարդը անկատար է ու ձգտող կատարելութեան, ուստի, իր յայտնաբերելու ուղին ու ջանքը աստուածային է ու աստուածածին: Միեւնոյն ժամանակ, քանի մենք ենք մեր կատարելագործումի առարկան (կամ մեր ներքին ու արտաքին անհատական ու հաւաքական աշխարհը), հետեւաբար, ինքնին մեր անյայտն ու անդինը աստուածային է նոյնպէս։ Թէեւ մենք մեզ ակամայ աստուածացնող ենք, սակայն, ձգտող ենք Աստուծոյ, աստուածավախ ենք կամ Աստուած կերտող: Այս ելակէտով մեր անհատական ու հաւաքական ինքնակերտումը աստուածային է կ՛ամ նոյնինքն ինքնին տեղ մը Աստուածն է:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 2, 2026