ՆԵՐՇՆՉԱՆՔԴ-ՆԵՐՇՆՉԱՆՔՍ, ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԴ-ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆՍ, ԱՊՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՍՐՍԿՈՒՄԴ-ՍՐՍԿՈՒՄՍ

Եւ այս տարի ալ մէկ-մէկ անցան եղանակները ու մենք մնացինք սպասող ամէն ինչին, որ կայ հոս ու հոն: Տիեզերքը ողջ է եւ կը փորձենք հասկնալ զինք՝ այս օրուայ ժամանակի կտրուածքով: Ահա եւ ես, եկայ այս եղանակին դալուկ ըլլալու միտումով եւ ըլլալու անգամ մը եւս կանգուն ու վեհ, յագեցած ու սլացիկ: Երեւանը կը տխրի քիչ մը աշնան ու ոսկի կը հագուի, իսկ աղջիկները աւելի կը վիպապաշտանան՝ անդադար կրկնելով գոհութեան ու զուարճանքի տանող փորձերը:
Սիրելով աշխարհը՝ սիրեցի անձս ու խաղալով անտրտունջ խաղը, փորձեցի ձգել աշխարհն ալ, որպէսզի զիս սիրէ կամ նուազագոյը այդպէս ձեւանայ:
Չկանք խորքայնութեամբ ամէն վայրկեան ու բոլոր մշակոյթները կը բախին, կը ճօճ-ւին, զիրար կը մաղեն ու կը փորձեն կերտել կատարելութեան տպաւորութիւնը, որ մեզ կը դարձնէ աւեզի երազկոտ ու փխրուն: Այս աշնան ի՞նչ պիտի ընենք, չեմ գիտեր, հաւանաբար, առաւելաբար խոկանք անցած ամրան մասին ու տեղ տանք անկարելի համակեցութեան:
Գո՞հ եմ, գո՞հ ես, գո՞հ ենք. չենք գիտեր. այս մարդկայնութիւնը ո՞ւր կը տանի, արդէն իսկ մտածման առարկայականութիւնը վանող է: Եւ օրուայ հաճոյքին ու տառապանքին առընթեր, պարզապէս կը յամենայ այն միտքն ու վիճակը, որ մենք հոն ենք, ուր տրամադրութիւն մը կայ, ուր ներշնչանք մը կայ ու կայ մեր սրսկող ու մեզմէ սրսկուած ապրումը:
Տրամադրութիւն մը ունինք մեծակերտ ու պատմածին. ո՞ւրկէ կու գայ այդ, ո՞վ կը սնանէ զայն, աստուածական է՞ թէ մարդկային, տիեզերական է՞ կամ չգոյական: Միայն մենք գիտենք անոր գաղտնիքը, բայց չենք ուզեր բարձրաձայնել կամ նոյնիսկ խօսիլ անոր մասին:
Այսօր, նորէն այն խաղամոլ ինքնահամոզման մէջ էի, որ շատ աւելի լաւ հագուեցայ ու շատ աւելի համադրեցի ամէն ինչ իմ տիեզերական ընկալումով, քանի տրամադրութիւն մը ունէի անհուն, պայծառ ու անդուլ: Երգեմ այդ տրամադրութիւնս, վերածեմ զայն բանաստեղծութեան ու քաղաքաշինութեան, այո կ՚արժէ, բայց կայ նաեւ 9 միլիառ մարդկութիւնը եւ իր տրամադրութիւնը, երէկ, այսօր ու վաղը, անկախ չորս եղանականերէն ու տիեզերքի գերառաքելութենէն կամ գերունայնութենէն:
Արթնցայ վեհօրէն ու ժպտուն ու երգելով։
Դրամը, դիրքը, ընկերութիւնն ու հետեւանքները ամէն ինչ մէկ կողմ դնելով՝ փորձեցի կեդրոնանալ ճիշդ այս տրամադրութեան վրայ, որ բացառակերտիչ է ու ոգեղինաքաղ: Դէմքս միլառներու դէմքերուն հետ ունի կերտում մը, ընկերաբանութիւն մը, ուր պիտի ըլլանք ամեհի ու տրամադիր:
Տրամադրութիւնս կախեալ է տրամադրութենէդ ու բոլորէն, իսկ ո՞վ արեւը պաշտեց իբրեւ զուարճութեան աղբիւր, ո՞վ մեզ դարձուց շատ ու քիչ մարդ, ո՞վ մեզի տուաւ առաքելապաշտ սլացք, հաճելի է միշտ խորհիլ ու գոհաբար ժպտալ՝ մեր այս տեսքով ու հոգւով ըլլալուն համար:
Ներշնչանքդ պատեց ներշնչանքս ու եղանք ամենակամք ու նորից նոր ես սկսայ իմ «body language»էս համ առնել: Կ՚անցնի աստ-ղային ժամը ամենակուլ ու կ՚ըլլայ երկիր մոլորակը նախնական, հաւանաբար, հոն ալ ներշնչանք մը կերտելով, իսկ մեր երեւակայութիւնը կը ցնորէ ամէն ինչը․ ըլլալուն ու չըլլալուն համար:
Ահա՛, մարդկային բաղձանքը կը խրուի գեղեցկացում քարոզելով եւ անշեղօրէն ներշնչելով մեզ, որպէսզի ըլլանք հասու ու կայացած, առասպելական ու յուսառատ: Ներշնչուած եմ քեզմով, դուն՝ որ կաս ու չկաս, ծնած ես ու չծնած, աւետուած ես ու շիջած:
Անէական ու գերազանց կայ ապրում մը, ուր քինախնդրաբար կ՚երթան բոլոր մեծ ու փոքր ապրումները եւ ես ալ նորէն նոյն բաները ընելով զայն կը փնտռեմ, այսօր ալ, նոյն դիրքով քնանալով ու նոյն ճաշերը ուտելով:
Ապրում մը մէկ-մէկ կը սրսկուի ինձմէ քեզի ու քեզմէ ինծի, հոն նիրվանան կը քնանայ, հոն դրախտը կ՚աղօթէ ու հոն տիեզերքը կը սրբանայ:
Ես եմ, դուն ես, մենք ենք. այդ ապրումը մշակողն ու օրօրողը տիւ ու տեւաբար, հոս ու յաւերժ, խաղով ու գիտականօրէն: Ապրումս հրաշալի է այսօր ու չեմ սրսկուած կարծէք, ո՛չ ալ պիտի հասնիմ սրսկել մէկու մը կամ պետութիւններու, պատմութեան ու ապագային այսօրուայ քունէն առաջ:
Անուշ քուն ամէնուն այսօր,
տարբեր ժամապահերով,
անուշ երազներ ամէնուն,
տարբեր վայրերով,
համովութիւն տիեզերքին ինքնին
ու համովութիւն ընկալման մեր,
այս էր այսօրուայ պատգամս:
Այսօր հոգիի հարցերը լուծեցի, մնացին քիչ մը մարմնական հարցեր։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան