ՄՕՐՍ ՁԵՌՔԵՐԸ ԿԸ ՄԻԱՑՆԵՆ ԱՆԿԱՊ ԹԵԼԵՐԸ ԿԱՐՕՏԻՍ…
Օր մը ամբողջ միտքս խճճուած թելերով հին՝
Անձեւ ու անկապ կարօտ մը կը տանջէ միտքս ու հոգիս,
Բայց ահա յանկարծ հին օրերը յիշեցնող
Յստակ ու տաք լոյսի շողեր կը յայտնուին՝
Մեր հին կաթսան փիլաւի, լամբը կազի եւ թէյնիկը սուլող…
Ու մօրս ձեռքերը կը միացնեն անկապ թելերը կարօտիս…
Մեր մանկութեան կոճակներ չկային՝ նստած տեղէդ սեղմելու եւ հեռուստացոյցին կայանը փոխելու համար… Պէտք էր մօտենայինք խոշոր եւ փորը կռնակին կողմէն ուռած հեռուստացոյցին ու կոճակը դարձնէինք։ Տաք օրերուն դուռ ու պատուհան պիտի բանայինք… Այսօր դուռ ու պատուհան պիտի գոցենք՝ սենեակը արհեստական զովութեամբ լեցնելու համար։ Եւ այսօր, ամառնային այս տաք օրը, «անձեւ ու անկապ» կարօտով մը կը մսիմ սենեակիս մէջ… Թելերն անցեալիս կը կապուին իրարու ու կը յիշեմ մանկութեանս ցուրտ ձմեռներուն տաքուկ գիշերները…
Մեր փիլաւի յատուկ կլոր կաթսան կը փնտռեմ ու չեմ գտներ… Անոր մէջ միայն փիլաւը կ՚եփէինք։ Ջուրը քաշելէն ու փիլաւին երեսին ծակտիքներ յայտնուելէն ետք, յատուկ սպիտակ լաթ մը կը զետեղէինք կաթսային եւ կափարիչին միջեւ, որ տասը վայրկեան հանգչէր մինչեւ սեղան գալը… Ո՞ւր է մեր այդ կաթսան. խոհանոցին նորոգութեան ժամանակ, շատ ուրիշ իրերու հետ, անհետացած է նաեւ ան… Անոր մէջ փիլաւը չէր, որ կ՚եփուէր միայն, այլ մեր տան խաղաղութիւնն ու օրհնութիւնը կար հացին… Ու երբ մայրս կը բանար կափարիչը անոր՝ տունը կը լեցուէր տաքուկ բոյրով մը անուշ…
Երկար էին ձմեռները ու ձմրան գիշերները՝ աւելի երկար… Յաճախ կը հանգչէր ելեկտրականութիւնը եւ տունը կը սուզուէր պաղ ու մութ լռութեան մէջ… Այդ մթութեան մէջ միայն մայրս գիտէր լուցկիին տեղը. ու կայծ մը կու տար կազի լամբի պատրոյգին եւ իր ձեռքերուն շուքը կը պարէր պատերուն վրայ… Այդ դեղնաւուն լոյսին տակ կը փոքրանար աշխարհը եւ մենք կը սեղմուէինք աշխարհի սրտին՝ մօրս շուրջ՝ դառնալով մէկ բուռ, ուր իւրաքանչիւրս իր գործը կը շարունակէր կազի լամբին դեղին լոյսին տակ…
Իսկ վառարանին վրայ կը սուլէր թէյնիկը՝ իր յատուկ ձայնով, կոտրելով կիսախաւար սենեակին լռութիւնը։ Ան այդ հարազատ ձայնն էր, որ մեզի կ՚աւետէր թէյին պատրաստ ըլլալը։ Մինչ վառարանին թիթեղին վրայ դրուած հացը կամաց-կամաց կը տաքնար, կը կարմրէր ու սենեակը կը լեցնէր իր անփոխարինելի անուշ բոյրովը… Կը բացուէին տան մէջ պատրաստուած պանիրի ու ձիթապտուղի յատուկ տարաները՝ մեզի անդրադարձնելով, թէ աշխարհի վրայ չկայ աւելի համով ընթրիք, քան կազի լամբին տակ ու վառարանին շուրջ հաւաքուած, հայրական նայուածքին տակ ու մայրական քնքշութեան մէջ ճաշակուող հաց ու պանիրը…
Եւ այս լուսաւոր ու դիւրացած աշխարհին մէջ,
Երբ կրնաս վայելել թեթեւութիւնը կեանքի,
Կը փնտռեմ տունը մեր հին, մօրս ձեռքերն ու վառարանը,
Մեր կազի լամբը եւ թէյնիկը սուլող,
Յատուկ կաթսան փիլաւի, բոյրը՝ հացին կարմրած,
Ու կը ջերմանայ հոգիս՝ կարօտիս տալով անուն ու հուն…
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
9 յունիս, 2026, Երուսաղէմ