ԾԱՌԷ ՄԸ ԿՏՐՈՒԱԾ

Ամսուան սկիզբն էր եւ տօնական օրերը մօտ էին, երբ ծխախոտս դրի բերանս եւ դրամապանակս ալ գրպանս ու տունէն դուրս եկայ, սկսելով պտտիլ քաղաքի փողոցներուն վրայ, ուրախանալով մնացած ամսականովս ու արաբականութեամբս: Տակաւին, գոհ էի ամէն ինչով՝ ամէն ինչով, որ կար արաբական այս անարատ հողին վրայ Գահիրէէն մինչեւ Օման: 

Աղքատներուն եւ հարուստներուն համար [գոհ էի]:

Անպտուղ անապատներուն եւ անապատային հարթավայրերուն համար: 

Հին բեմին եւ շրջիկ բեմին համար: 

Գրական փորձերուն եւ հիւլէական փորձերուն համար: 

Սպիտակամորթներուն եւ սեւամորթերուն համար:

Բժիշկներուն եւ հիւանդներուն համար: 

Դատաւորներուն, դատապարտեալներուն եւ փաստաբաններուն համար: 

Փոխադրակառքերու ձայնին եւ ժողովուրդներու ձայնին համար: 

Աջին, մէջտեղին ու ձախին համար: 

Դատապարտութեան, աջակցութեան եւ պարսաւանքի երթերուն համար:

Աւելի՛ն, հեռու տունէս ու ընտանիքէս այդ փողոցներէն անցած ատենս պահ մը զգացի Սուֆիական փչում մը, որ զիս կը մօտեցնէր ամբողջ աշխարհին, այնքան, որ այդ վայրկեանին կը փափաքէի քովս շիշ մը կամ ցնցուղ մը ըլլար սուրբ ջուրէն, որպէսզի զայն անցողներուն գլուխներուն ցանէի՝ անհատ առ անհատ, իբրեւ քարոզիչ մը կամ սուրբ մը, որ անցեալով կը պարծենայ, ներկայով կ՚ուրախանայ եւ ապագային կը վստահի: 

Յանկարծ, ճամբաս խանգարեցին խումբ մը մարդիկ, որոնք կը դիտէին երկու ահաւոր ձեւի կատղած մարդոց վէճը, այն բանին համար, թէ ո՛վ առաջ պիտի անցնի նեղ փողոցէն, որ տեղ չէր ըներ իրենց երկուքին ճոխ ինքնաշարժներուն, որոնք դէմ առ դէմ եկած էին: Ստիպուած ես ալ կանգնեցայ եւ դիտողներուն հետ դիտեցի եւ լսողներուն հետ լսեցի, թէ այդ երկուքը ի՜նչ մեղադրանքներ, հայհոյանքներ ու սպառնալիքներ կը փոխանակէին, որ իրենց մէջ կը պարունակէր այն մարդոց եւ կողմերուն անունները, որոնք իրենցմէ իւրաքանչիւրին սատար կը հանդիսանային: Ինծի այնպէս թուեցաւ, թէ մէկէ աւելի անցորդներ մօտեցած եւ փորձած էին հասկացողութեան բերել զանոնք, ինչպէս նաեւ Չաուշեսքուին դերը կատարէին անոնց ինքնաշարժներուն միջեւ, բայց չէին յաջողած: Երբ տեսայ, թէ օրաթերթեր ու պարբերականներ կային իրենց ինքնաշարժներու ետեւի նստարաններուն վրայ, հասկացայ, թէ կրթեալ մարդիկ էին եւ անպայմանօրէն պէտք էր կարդացած ըլլային անունս ասկէ առաջ: Այդ պատճառով մօտեցայ անոնց՝ հիացմունքին առարկան դառնալով չորս կողմիններուս եւ ըսի անոնց, թէ ես այսինչն եմ: 

Անոնցմէ մէկը պատասխանեց. 

-Յետո՞յ ինչ…:

Ամօթէն ու վախէն գունատած դէմքով պատսխանեցի անոր. 

-Հիանալի՜, կը տեսնե՛նք: 

Եւ հեռացայ անկէ, սակայն, ան անմիջապէս հետեւեցաւ ինծի եւ ճամբաս կտրեց իր հսկայ կառուցուածքով եւ իր թեւերուն մկանները օրօրելով, ըսաւ ինծի. 

-Ի՞նչ պիտի տեսնեմ: Ո՞վ է յոյսդ, որ կը սպառնաս ինծի: 

Ոտքերս սկսած էին դողալ այս իրավիճակէն, երբ ականատես եղայ անոր բաճկոնին տակ գտնուած կրթուածութեան մակարդակին ու ըսի անոր. 

-Ես ո՛չ մէկ բանով կը սպառնամ քեզի: Շարքային քաղաքացի մըն եմ, շարքային անցորդ մը: 

Դարձեալ հետեւեցաւ ինծի ու ըսաւ. 

-Ստախօ՛ս: Իմ ետիս կանգնած են այսինչն ու այնինչը, ինծի հետ են այսինչն ու այնինչը: Քու ետիդ ո՞վ կայ կամ ո՞վ կայ հետդ: 

Պատասխանեցի անոր. 

-Լա՛ւ. ես ալ ծառէ մը չեմ կտրուած. իմ ետիս կանգնած է իմ ժողովուրդս ու ընթերցողներս, ինչպէս նաեւ հետս յօդացաւ եւ շնչարգելութիւն ունիմ, նաեւ՝ ականջներու ու յօդերու բորբոքում ունիմ հետս, եւ մօտիկ ապագային խոստում ունիմ հոգեկան խանգարումի:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2026