ԵՐԵՔ ՆՈՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Wizz-Air ընկերութիւնը կը պատրաստուի Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն դէպի Եւրոպա իրականացնել նոր թռիչքներ: Այսպէս, ներկայ տարեմուտէն սկսեալ այս օդային ընկերութիւնը Երեւանէն պիտի սկսի թռիչքներ իրականացնել՝ դէպի Պազէլ (Զուիցերիա), Վառնա (Պուլկարիա) եւ Վալենսիա (Սպանիա): 

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Wizz-Air-ի առեւտուրի ընդհանուր տնօրէն Եան Մալին երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Երեւանի մէջ: Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ընթացքին Եան Մալին տեղեկացուց, որ Wizz-Air չորսի պիտի բարձրացնէ թիւը այն օդանաւերուն, որոնք կը կայանեն Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ: 

Հարկ է նշել, որ հունգարական այս օդային ընկերութիւնը ներկայիս կը ձգտի տարեկան 100 միլիոն ուղեւոր փոխադրելու: Ան աշխարհի 44 օդակայաններուն մէջ կը կայանէ իր օդանաւերը: 

Ներկայ դրութեամբ Wizz-Air Հայաստանէն թռիչքներ կ՚իրականացնէ 14 ուղղութիւններով՝ ընդ որում 12-ը Եւրոպայի երկիրներ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9, 2026