ԳԵՐԱԶԱՆՑ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Հայաստանի ղեկավարութիւնը հիւրընկալեց Լաթվիայի նախագահ Էտկարս Րինքեւիքսը: Այս վերջինը Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ: 

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան պաշտօնական արարողութեամբ դիմաւորեց իր պաշտօնակիցը, որու հետ ունեցաւ առանձնազրոյց մը: Ապա երկու նախագահները գլխաւորեցին՝ ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, որոնց աւարտին սարքեցին համատեց մամլոյ ասուլիս մը: 

Բացի նախագահ Խաչատուրեանէն, հիւր ղեկավարը օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ: 

Կը հաղորդուի, որ բանակցութիւններու ընթացքին կողմերը կանգ առած են, յարաբերութիւններու ապագայ զարգացման ուղղեալ քայլերուն վրայ: Էտկարս Րինքեւիքս Երեւանի մէջ կողմերու քաղաքական երկխօսութիւնը որակեց գերազանց:

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2026