Կիրակի 10, Մայիս 2026
ՊԱՀՊԱՆԵԼ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐԸ
Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Միջազգային քրէական ատեանի նախագահ Թոմոքօ Աքանէի հետ։ Զրոյցը տեղի ունեցաւ «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովի շրջանակներէն ներս։ Թոմոքօ Աքանէ այդ ֆորումին մասնակցութիւն բերած է եւ այս ծիրէն ներս տեսակցած՝ Արարատ Միրզոյեանի հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Միրզոյեան եւ Աքանէ անդրադարձան միջազգային իրաւունքի չափանիշներու պահպանման եւ աշխարհի վրայ օրէնքի գերակայութեան հաստատման վերաբերեալ խնդիրներու։ Անոնք կարեւորեցին այս ուղղութեամբ միջազգային ջանքերու գործադրումը եւ իրենց հերթին պատրաստակամութիւն յայտնեցին ներգրաւուելու ուղղութեամբ։
Ուրբաթ, Մայիս 8, 2026