ՄԱՆՐԱՄԱՍՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ռոպերթ Աբիսողոմոնեան Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ «Քոնրատ Ատենաուէր» հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն հետ։ «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ զրոյցը՝ քանի յիշեալ հիմնադրամի ներկայացուցիչները մասնութիւն բերած էին քննարկումներուն։ 

Ռոպերթ Աբիսողոմոնեան զրուցեց հիմնադրամի Նիւ Եորքի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Թոմաս Թէօտլինկի եւ Հարաւային Կովկասի գրասենեակի տնօրէն Եագոբ Վէօլենշթայնի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրուցակիցները քննարկեցին տարածաշրջանի վերջին զարգացումները։ Փոխ-նախարարը այս ամբողջին մէջ մանրամասնութիւններ ներկայացուց TRIPP նախաձեռնութեան շուրջ։

Ի լրումն այս բոլորին, միջազգային եւ տարածաշրջանային հարցերու լայն շրջանակ մըն ալ շօշափուեցաւ Աբիսողոմոնեանի, Թէօտլինկի եւ Վէօլենշթայնի կողմէ։

«Քոնրատ Ատենաուէր» հիմնադրամի կեդրոնը կը գտնուի Գերմանիոյ մէջ։ Ան ունի ազդու ցանց մը ամբողջ աշխարհի մէջ՝ միջազգային օրակարգի խնդիրներուն մասին քննարկումներ ծաւալելու եւ անոնց որոշ չափով ուղղութիւն տալու ներուժով։

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2026