ՈՐՔԱՆ ՄՕՏ, ԱՅՆՔԱՆ ՀԵՌՈՒ
Հայաստան-Եւրոպա յարաբերութիւններուն մասին վերջին շրջանին յաճախ կ՚ըսուի, որ անոնք ինչքան մօտիկ են իրարու, այնքան նաեւ հեռու։ Հայաստանի հասարկութեան պատկառելի տոկոսը Եւրոպայի հետ յարաբերութիւններու զարգացումն ու ուռճացումը կը համարէ փրկութեան լաստ։ Փրկութիւն մը, որուն մէջ պէտք է տեսանելի ըլլայ անվտանգութեան հիմնարար բաղկացուցիչը՝ առանց որու իւրաքանչիւր կողմի հետ նոյնիսկ բարեկամական համարուած յարաբերութիւն մը կրնայ վերածուիլ երազախաբութեան նման բանի մը։ Այս առումով ալ առկայ մեծագոյն մեղքը կը վիճակի հայկական կողմին։ Արդարեւ, հակառակ մերձեցումին՝ որեւէ ձեւով երեւելի չէ դարձած, որ եւրոպացիք իրաւամբ եւ սրտանց պատրաստ են տէր ըլլալ Հայաստանին։ Խօսքը կը վերաբերի շահերու, որուն նոյնիսկ անչքերուն մէջ նայելով հայկական արեւմտամէտ ուժերը կ՚ուզեն անտեսել կամ մոռացութեան տալ անոնց դրուածքը։
Ի՞նչ պիտի քաղէ Եւրոպան Հարաւային Կովկասի մէջ, եթէ Հայաստանը պաշտպանելու սիրոյն ռազմական նոր արկածախնդրութեան մը մէջ մտնէ։ Եւրոպացիք, որոնք յատկապէս վերջին ամիսներուն աւելիով տարուած են ներքին անվտանգային նոր համակարգ մը ստեղծելու հոլովոյթով, այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ պատրաստ են հեռու մնալ Հայաստանէն։ Անոնք թոյլ օղակի մը մէջ յայտնուած Հայաստանի առաջ քշած օրակարգը կը համարեն լուրջ եւ ծանր բեռ մը։ Ի՜նչ խօսք, որ Եւրոպան ո՛չ թէ ծերացող, այլ արդէն ծերացած ցամաքամաս մըն է։ Այս վիճակը միով բանիւ Հայաստանի առջեւ կը դնէ այն կարեւոր հարցադրումը, թէ ներքին ու արտաքին հարցերը մէկդի դնելէ ետք՝ եւրոպացիք պատրա՞ստ են իրեն համար կռուելու։ Պէտք է խօսիլ, անշուշտ, խնդրի տնտեսական երեսակի մասին, բայց, նախքան այդ մէկը, հարկ է ընդգծել, որ եւրոպացիք, որոնք պատրաստ են կռուելու, պատճառ չեն տեսներ, թէ իրենցը համարուած այդ կռիւը տան միջնորդաւորուած ձեւով։ Միջնորդաւորուած պայքարի մասին խօսելով՝ հարկ է յիշատակել Իրանը, որ հակառակ այսօր պարզուած իրավիճակին՝ կարեւոր մղիչ ուժ մը ունէր Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ։ Ան հակառակ միջազգային տէրութեանց՝ որոշ ժամանակի մը համար կարողացաւ իր ներկայութիւնը պարտադրել վերը նշուած երկիրներուն մէջ՝ հասնելով մինչեւ Եմէն։ Իրան այդ բոլորը կ՚ընէր՝ ունենալով նաեւ նեցուկը Ռուսաստանի, որ պահուան մը համար թուլացաւ, որովհետեւ իրեն համար գերակայ դարձաւ Ուքրայնայի հակամարտութիւնը, նաեւ երկրի տնտեսութիւնը ոտքի պահելու հրամայականը։ Այս բոլորը, անշուշտ, կը թուարկուին պարզապէս բացատրելու եւ նշելու համար, որ եւրոպացիք որեւէ ձեւով պատրաստ չեն նոյնիսկ իրենցը համարուող պատերազմը յառաջ տանելու։ Ո՛ւր մնաց, որ Եւրոպայի խոշոր տէրութիւնները՝ Ֆրանսան, Գերմանիան կամ Սպանիան խորհին Հայաստանի եւ անոր սահմանամերձ տարածքները իսկապէս պաշտպանելու միտուած համակարգի մը մասին։ Անգլիոյ մասին նոյնիսկ խօսիլ պէտք չէ, որովհետեւ ան իր դատումներուն, խօսոյթին եւ ըսածներուն մէջ շատ աւելի զուսպ է՝ քան նշեալ միւս երկիրները, որոնց քաղցրախօսութիւնը տեղ մը գինովութեան տարած է Հայաստանի՝ որպէս արեւմտամէտ ներկայացող ուժերը կամ հանրոյթը։
Այս բոլորին զուգահեռ՝ դարձեալ խնդրի տնտեսական երեսակի առումով Եւրոպայի հետ յաւելեալ մերձեցման պարագային Հայաստան մեծ միաւորներ պիտի կորսնցնէ, հետեւաբար նաեւ պիտի վնասէ։ Այս տեսանկիւնէն ցարդ հրապարակուած բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, որ Հայաստանի տնտեսութեան իրական շնչառութիւնը կախեալ է միայն ու միայն Ռուսաստանի կողմէ հովանաւորուած ԵԱՏՄ-ի (Եւրոասիոյ տնտեսական միութիւն) երկիրներէն, անոնց հետ նիւթափոխանակութենէ կամ առեւտուրէ։ Պէտք չէ մոռնալ կամ մոռացութեան տալ, որ Հայաստանի արտադրանքը երբեք գրաւիչ չէ եւրոպական երկիրներու համար՝ նոյնիսկ անոր տնտեսութեան յառաջատար համարուած արտադրութիւնները կը շարունակեն լայն տեղ զբաղեցնել ռուսական շուկայի մէջ։ Ուրեմն, երկու տուեալներ, որոնք յստակօրէն կ՚ապացուցանեն, թէ Եւրոպան ինչքան հեռու է Հայաստանէն։ Մօտաւոր ապագային ալ Եւրոպական ցամաքամասի կամ անոր քաղաքական ներկայութիւնն ու գաղափարը շատ հեռու պիտի մնան Հայաստանէն ու այդ երկու համապատասխան տուեալներն են՝ անվտանգութիւնն ու տնտեսութիւնը։
Հայաստան-Եւրոպա փոխ-առընչութիւններուն մասին ընկերային ցանցերու վրայ ալ շրջանառութեան մէջ են ուշագրաւ խորհրդածութիւններ, որոնցմէ մին ստորագրուած էր վերլուծաբան Վահէ Յովհաննիսեանի կողմէ, որ գրած է հետեւեալը.
««Հայաստանը Եւրոպա է եւ վերջ»։ Այս մօտեցումը Նիկոլի նոր կարգախօսն է, որ ծանր զուգորդութիւն մը կը յառաջացնէ տարիներ առաջ հնչեցուցած անոր մէկ այլ «եւ վերջ»ին հետ։ Թէ ինչո՞վ աւարտեցաւ այն, գիտենք բոլորս։ Թէ ինչո՞վ պիտի աւարտի այս «վերջ»ը, կրնանք կանխատեսել այս պահուն։ Եւրոպան այսուհետեւ պիտի ըլլայ այն քաղցրաւենին, որով այս իշխանութիւնը պիտի կազմակերպէ իր բոլոր գործընթացները։ Սա շատ կարեւոր է հասկնալ, որպէսզի կարողանանք ճիշդ հանրային դիմադրութիւն կազմակերպել։ Իշխանութիւնը պիտի դնէ վտանգաւոր, բայց գրագէտ-հաճելի պատում մը եւ մեր խնդիրը պիտի ըլլայ՝ այդ մէկը հակակշռել գրագէտ-առողջ պատումով մը։ Այսինքն, եթէ կրկին շարժինք «Հայաստանը առանց թուրքի» կարգախօսի նմանութեամբ՝ «Հայաստանը առանց եւրոպացիի»ով, ուրեմն պիտի ձախողի»։ Վերլուծաբանը աւելի վերջ թուարկած է հետեւեալ կէտերը.
- Ատրպէյճանի բոլոր պահանջները՝ ներառեալ տարածքային, Հայաստանի իշխանութիւնները պիտի բաւարարեն «այս է Եւրոպա երթալու գինը» ձեւակերպմամբ։
- Սահմանադրական նուաստացուցիչ փոփոխութիւնները պիտի բաւարարուին՝ «այս է Եւրոպա երթալու գինը»ով։
- Ռուսաստանի հետ առճակատումը եւ անոր ցաւոտ ընկերային-տնտեսական (առնուազն) հետեւանքները ժողովուրդին պիտի ծախեն՝ «այս է Եւրոպա երթալու գինը» ձեւակերպմամբ։
- Ներքին այլանդակ բոլոր քայլերը, որոնք մարդոց կեանքը էապէս պիտի դժուարացնեն, պիտի արդարացուին՝ «այս է Եւրոպա երթալու գինը»ով։
Եւրոպան՝ առանց որեւէ յստակութեան քաղցրաւենիք մըն է, որ պիտի կախուի հայ հաւաքական միտքին ու զգացումներուն վրայ, զոր խաղցնելով հայ ժողովուրդը կրկին անդունդ պիտի տարուի՝ այս անգամ անհաւատալի չափերով։
«Եւրոպան, ուր մեզի չեն սպասեր»… Շատ կարեւոր է ի սկզբանէ ճիշդ ձեւակերպել հակապատումը։ Եւրոպան մեր թշնամին չէ, Եւրոպան այս պահուն Ռուսաստանի թշնամին է, բայց, մենք կրնանք դառնալ Եւրոպա-Ռուսաստան հակամարտութեան նոր տարածք մը։ Բառին բուն իմաստով՝ ռումբեր ու հրթիռներ իյնալու տարածք։ Նոր ժամանակներուն երկիրները կը նախընտրեն պատերազմները վարել միջնորդ տարածքներու մէջ։ Վերլուծաբանի խօսքով՝ Հայաստան այսօր իր ընթացքով ամէն կերպով կը ձգտի դառնալ Միացեալ Նահանգներ-Եւրոպական Միութիւն-Ռուսաստան հակամարտութեան նոր ֆիզիքական մարտադաշտը։ Եւրոպան չունի Հայաստանի անվտանգութիւնը իրապէս ապահովելիք որեւէ լծակ։ Եւ վերջապէս՝ այնտեղ ոչ ոք կը սպասէ Հայաստանին։ Աւելի պարզ՝ Հայաստանը կը սպասեն այնպէս, ինչպէս Ուքրայնան։ «Մենք ա՞յդ կ՚ուզենք», հարց կու տայ մեկնաբանը։
Ի շարունակութիւն, ան կ՚արծարծէ Եւրոպան՝ որպէս լաւ գործընկեր դիտարկելու վարկածը։ 1991 թուականէն սկսեալ Հայաստան ունեցած է ճիշդ օրակարգով լաւ զարգացող յարաբերութիւններ Եւրոպայի հետ։ Այստեղ ամենակարեւորն է ճիշդ օրակարգը։ Նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի օրօք կնքուած է Հայաստան-Ռուսաստան ամենակարեւոր փաստաթուղթը։ Մոսկուայի աջակցութեամբ Երեւան յաղթած է Ղարաբաղի պատերազմին, բայց, Արեւմուտքի հետ ունէր յարաբերութիւններ, որոնք կը զարգանային փայլուն։ Ռոպերթ Քոչարեանի օրօք Ռուսաստանի հետ թէ՛ անվտանգային եւ թէ միւս բոլոր առումներով վստահելի յարաբերութիւնները ամենաբարձր մակարդակի վրայ էին, նաեւ Հայաստանի հիմնական խոշոր ներդրումները Արեւմուտքէն էին։ Սերժ Սարգսեանի օրօք երկարաձգուեցաւ ռուսական ռազմակայանի պայմանագիրը եւ զայն էապէս արդիականացուեցաւ։ Հայաստան ստացաւ գերժամանակակից զինատեսակներ եւ Արեւմուտքը այդ բանը համարեց բնական։ Հայաստան դարձաւ ԵԱՏՄ-ի անդամ եւ այս բանին շնորհիւ առ այսօր Հայաստանի տնտեսութիւնը կ՚աճի։ Բառին բուն իմաստով՝ Հայաստանի տնտեսութիւնը կը շնչէ ԵԱՏՄ-ի հնարաւորութիւններուն շնորհիւ։ Միեւնոյն ժամանակ, 2017 թուականին կնքուեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը։
Վերլուծաբանը կը շեշտէ, որ այս բոլորին փոխկապակցուած է Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու նիւթը։ Մինչեւ 2018 թուականը նման գրագէտ-հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութեան շնորհիւ կարելի եղած էր չէզոքացնել Թուրքիոյ գործօնը՝ որպէս կենսական սպառնալիք։
Խորհրդածութեան մէջ կը մատնանշուի այն հետեւութիւնը, որ Արեւմուտքի հետ ճիշդ օրակարգ մը սահմանելու պարագային կարելի է ունենալ լուրջ գործընկեր եւ քաղել մեծ օգուտ։ Սխալ օրակարգի պարագային Արեւմուտքը ոչինչ կրնայ առաջարկել՝ ո´չ անվտանգութիւն եւ ո´չ տնտեսական զանազանութիւն։ «Այդ հեքիաթ է, զոր տեսած է մեր հարեւան Վրաստանը, որ շիշ մը գինի չէր կրնար վաճառել Եւրոպայի մէջ, իսկ հիմա բազմապատիկ մեծցուցած է իր արտահանումը դէպի Ռուսաստան եւ այսօր սա կը տեսնէ Ուքրայնայի ժողովուրդը, որ կը մեռնի հրթիռներու տակ, իսկ Եւրոպայի հարեւան պետութիւնները խոչընդոտներ կը ստեղծեն Ուքրայնայի ապրանքներուն համար՝ իբրեւ թէ Լեհաստանի հողագործներու եւ վարորդներու տեսքով եւ իբր քոնկրէսի անհամաձայնութեամբ», եզրափակուած է խորհրդածութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան