ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ. ՎՐԻՊԱԿ

Երէկուան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաջին էջին վրայ օրուան թուականը՝ ցաւալի եւ մասամբ դժուար բացատրելի թեքնիք վրիպումով մը գրուած էր սխալ, բոլորովին անկապակից օրուան մը վերագրելով հերթական համարը։ Թէեւ ներքին էջերուն վրայ օրուան թուականը ճիշդ էր, սակայն, մեր ընթերցողներուն մօտ առաջին էջի վրիպումը յառաջացուց տատամսում։

Ուստի, կը ճշդենք՝ ապաւինելով մեր ընթերցողներու ներողամտութեան եւ մանաւանդ՝ պարագան յանձնելով ուշադրութեան բոլոր անոնց, որոնց արխիւներուն մէջ կը պահուի ԺԱՄԱՆԱԿ-ը։

Հասկնալիօրէն, զգուշացումը կը վերաբերի միայն թերթիս տպագիր տարբերակին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2026