ԴՐԱԿԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Եփրեմ Բ. Պատրիարքին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը, որու ընթացքին նախագահը դրական վերաբերմունք ցոյց տուաւ հիւրերուն նկատմամբ։ Ջերմ զրոյցի ընթացքին Եփրեմ Բ. Պատրիարքի ընկերակիցներու շարքին էին՝ Թուրքիոյ Ասորի ուղղափառ համայնքի հոգեւոր եւ աշխարհական առաջնորդները։ Տեսակցութեան ներկայ էր նաեւ Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժնի ղեկավար Պուրհանետտին Տուրան։ Պաշտօնական աղբիւրները զրոյցի բովանդակութեան մասին որեւէ մանրամասնութիւն չեն հաղորդած։
Հարկ է յիշեցնել, որ Եփրեմ Բ. Պատրիարքը մօտաւոր անցեալին այցելած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հիւրընկալուած էր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ։