ԲՈԼՈՐԻՆ ՀԱՄԱՐ ՅԱՐԳԱՆՔ
Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ վերջին օրերուն հիւրընկալեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսը: Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Շանկհայի մէջ, ուր կազմակերպուած էր Արհեստական բանականութեան համաշխարհային համաժողովը:
Համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը հիւրընկալելու ժամանակ, Ծինփինկ կոչ ուղղեց, որպէսզի յարգանք ցուցաբերուի աշխարհի բոլոր երկիրներուն եւ շահերուն նկատմամբ:
Չինաստանի ղեկավարին խօսքով՝ արդարութիւնն ու արդարադատութիւնը համաշխարհային տեսակէտէ կը շարունակեն կարեւորութիւն ներկայացնել, ուստի, անոնք պէտք է պահպանուին ի գին ամէն բանի: «Իւրաքանչիւր երկիր միջազգային հանրութեան հաւասար մէկ անդամն է», համոզուած է Շի Ծինփինկ:
Անթոնիօ Կութերեսի հետ զրուցելու ժամանակ, Շի Ծինփինկ ընդգծեց նաեւ, որ աշխարհի մեծ երկիրները պէտք է աւելի մեծ պատասխանատուութիւն կրեն: