ՀԱՄԱԿԱՐԳՄԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ
Երէկ, Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Իտալիա-Լիպիա համագործակցութեան գագաթաժողովը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այս առթիւ հիւրընկալեց Իտալիոյ վարչապետ Ճիորճիա Մելոնին եւ Լիպիոյ վարչապետ Ապտիւլհամիտ Տիպէյպէն։ Գերաստիճանը տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահութեան Տոլմապահչէի գրասենեակի համալիրէն ներս, ուր Էրտողան հիւր ղեկավարները դիմաւորեց պաշտօնական արարողակարգով։ Բանակցութիւններու ընթացքին նախագահին հետ էին արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալըն եւ իր արտաքին քաղաքականութեան ու անվտանգութեան հարցերու գծով աւագ խորհրդականը՝ դեսպան Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկուան բանակցութիւնները ընթացան՝ առաջին հերթին Միջերկրականի աւազանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու լոյսին տակ։ Կողմերը ծաւալուն արժեւորման ենթարկեցին տարածաշրջանի խնդիրները՝ մասնաւորապէս կանգ առնելով անկանոն գաղթի հիմնախնդրին վրայ։ Բոլորը համամիտ էր, թէ Միջերկրականի առկայ փորձութիւններու պարագային մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Թուրքիա-Իտալիա-Լիպիա առանցքի համագործակցութիւնը։ Նախագահ Էրտողան շեշտեց, որ երկարաժամկէտ ու յարատեւ լուծումներ անհրաժեշտ են՝ անկանոն գաղթը ելման կէտին իսկ վրայ կասեցնելու համար եւ այս առումով բազմակողմանի համակարգումը հրամայական մըն է։
Գագաթաժողովի ընթացքին որոշուեցաւ համագործակցութեան կոմիտէներ ստեղծել։ Անոնց աշխատանքին ի շարունակութիւն՝ կը նախատեսուի ղեկավարներու նոր ժամադրութիւն մը, որպէսզի գնահատուին առնուելիք որոշումները։ Շուրջ երկու ժամ տեւեցին քննարկումները, որոնց ընթացքին շօշափուեցան նաեւ անվտանգութեան եւ ուժանիւթի բնագաւառներուն վերաբերեալ հարցեր։
Հռոմի կառավարական աղբիւրներն ալ յայտարարութեամբ հանդէս եկան երէկ-ւան հաւաքին շուրջ։ Այս առթիւ ընդգծուեցաւ, որ գաղթի հոսքերու կառավարման գըլ-խաւորութեամբ՝ հասարակաց դժուարութիւններու յաղթահարման համար համագործակցութեան ամրապնդման խնդիրներ ձեռք առնուած են։ Մելոնի յիշեցուց Թուրքիա-Իտալիա համագործակցութեան այս ոլորտի վերաբերեալ գերազանց արդիւնքները։ Այդ փորձառութեան օգտագործումով՝ Լիպիոյ կառավարութեան գաղթի հարցին ուղղեալ ջանքերը խրախուսելու համար գործնական հնարաւորութիւններու ակնարկած են ղեկավարները, որոնք հաւանական շօշափելի քայլերու ծրագրի մը վրայ աշխատած են։ Մելոնի ընդգծած է, որ Իտալիա հաւատարիմ է Լիպիոյ կայունութեան, միասնականութեան եւ ինքնիշխանութեան։ ՄԱԿ-ի աջակցութեամբ յառաջ տարուելիք եւ վերջաւորութեան ընտրութիւններու կազմակերպման հետամուտ քաղաքական գործընթացին նկատմամբ ալ ընդգծուած է իտալական կողմի զօրակցութիւնը։ «Երեք ղեկավարները համամիտ գտնուեցան, որպէսզի յստակ ժամանակամիջոցի մը մէջ, համատեղ շօշափելի շարժումները որոշելու համար թեքնիք մակարդակի աշխատանքը փութով շարունակուի», նշուած է Իտալիոյ վարչապետարանի հաղորդագրութեան մէջ։
Թրապլուսի կառավարական աղբիւրներն ալ գերաստիճանին շուրջ հանդէս եկան յայտարարութիւններով։ Այսպէս, գագաթաժողովի ընթացքին ընդգծուած է կարեւորութիւնը՝ Միջերկրականէ ներս տարածաշրջանային համագործակցութեան, կայունութեան եւ տնտեսական համակրման ուղղեալ համատեղ ռազմավարական ծրագրերուն։ Քննարկուած են տնտեսական համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։ Ընդգծուած է Միջերկրականի տարածաշրջանային ծրագրերու հետ Լիպիոյ առընչակից դարձուելու հնարաւորութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ ուժանիւթի, քարիւղի ու կազի, ենթակառուցուածքներու բնագաւառներէն ներս գործընկերութեան ամրապնդումը, նաւահանգիստներու համար ներդրումը, ելեկտրակայաններու զարգացումը եւ այլ համատեղ ռազմավարական ծրագրերու խրախուսումը կարեւոր տեղ զբաղեցուցած են։
Տիպէյպէ կանգ առած է նաեւ մաքսանենգութիւններու եւ ապօրինութիւններու դէմ պայքարի հարցին վրայ՝ շեշտը դնելով տարածաշրջանային համագործակցութեան կատարելագործման վրայ։ Այս ուղղութեամբ համատեղ ծրագրերու ձեռնարկելու եւ առաջնահերթ նիւթերու պարագային ջանքերը միացնելու առաջադրութեամբ ան կոչ ուղղեց նախարարներու մակարդակով քառակողմանի ժողով մը կազմակերպել՝ Լիպիոյ, Թուրքիոյ, Իտալիոյ եւ Քաթարի մասնակցութեամբ։ Տիպէյպէ տեղեկացուց, որ մարդասիրական, լոժիսթիք ու թեքնիք աջակցութեան ոլորտներու պարագային Քաթար պատրաստակամութիւն յայտնած է մասնակցութեան համար։
Միւս կողմէ, նախագահ Էրտողան երէկուան գագաթաժողովի հարթակին վրայ ալ անտես չառաւ Կազզէի ողբերգութիւնը։ Ան յիշեցուց Իսրայէլի նախայարձակ քայլերը եւ անոնց հետեւանքով յառաջացած մարդկային ողբերգութիւնը։ Էրտողան համոզուած է, որ միջազգային հաւաքականութեան մեծ պատասխանատուութիւն մը կը վիճակի, որպէսզի հրատապ ձեւով հը-րադադար հաստատուի եւ մարդասիրական օժանդակութիւնները ժամ առաջ հասնին տարածաշրջան։ Ան կրկնեց, որ մշտական լուծումը կարելի է միայն Պաղեստինի անկախ պետութեան մը ստեղծումով՝ 1967 թուականի սահմաններու հիման վրայ։