ՇԱՏ ԴԻՒՐԻՆ ԷՐ…

-«Թելեֆոն»ս ե՞րբ պիտի տաս, հարցուց տղաս։ 

-Վաղը, վերջին քննութիւնը յանձնելէդ վերջ։ 

-Հիմա ալ կրնաս տալ. «սայընս»ը շատ դիւրին է, արդէն սորված եմ։ 

-Վաղը…

Բացի հեռաձայնէն, ամէն գործի ծառայող հրաշագործ այդ գործիքէն հեռու՝ տասնհինգ օր առանց խաղալու անցընող տղաս անյոյս մը նայեցաւ զինք երբե՜ք չհասկցող հին խելքով իր մամային… 

Ճի՛շդ է։ Գիտէք, արդէն չեմ վիճիր իրեն հետ, երբ մեր տարբերութիւններուն մասին կը խօսինք, մէկս միւսին սիրայօժար մօտենալ կ՚առաջարկենք, բայց՝ դժուար. ուրկէ՜… ուր։ 

Քննութիւն ըսածդ իր երկիւղը կ՚ունենայ, ճշդեմ՝ կ՚ունենար։ Նշանակութիւն մը չունէր մեզի համար ամսական քննութիւն է, կիսամեայ, թէ՛ ամավերջի. քննութիւնը քննութիւն էր։ Սորվելու համար նշուած բաժինը ամբողջութեա՛մբ կը պահանջուէր քեզմէ եւ միանգամայն ուսուցիչին հայեցողութեան կը մնար ինչպիսի հարցումներ դնելու խնդիրը։ Ազատ էր ան. պատմուելիք, բացատրուելիք, ընտրելիք թէ՛ ճշդուելիք պատասխաններ պահանջելու։ Մենք չէինք գիտնար, թէ ինչպիսի հարցումներ պիտի գան։ Երբեմն՝ զարմանալու, բայց միշտ՝ մտածելու, կեդրոնանալու, ժամանակ տրամադրելու, աջէն-ձախէն գիտցածներդ իրարու հետ համեմատելու եւ պատասխանին հասնելու առիթ էին մեր, մեզի պէս, հի՜ն քննութիւնները։ 

Այնքան զարմանալի է այս ըսածս այսօրուան քննուող մեր աշակերտներուն համար, որոնց համար դիւրահաս ու հեշտ է ամէն ինչ։ Նախարարութեան գիրքերը մէկ կողմ կը դրուին ամբողջ տարին. Ձգեցէ՛ք բովանդակութիւնը, ոչ ոք գիտէ այդ գիրքերուն կողքին վրայ ինչ նկար կայ։ Դիւրիւթեամբ սորվելու համար իրենց համար պատրաստուած անուշիկ գունաւոր «պուքլէթ»ներ ունին մեր զաւակները։ «Պուքլէթ»ն ալ չի բաւեր՝ անշուշտ. բնական է, քննական «սթրես»ը անտանելիօրէն ծանր է անոնց համար, ուրեմն, առաւելաբար սիրուած մեր ուսուցիչները այդ «պուքլէթ»ն ալ կրճատող ու քամող վերաքաղի «շիթ»եր կը յանձնեն բազմազբաղ մեր աշակերտներուն եւ եկէք տեսէք, որ քննութիւնն ալ մեծ մասամբ՝ այդ «շիթ»երու հարցումներուն օրինակով կու գայ… 

Այսքանը դեռ միայն քննութեան ձեւի՛ն մասին է։ 

Էջերո՜վ, խիտ-խիտ հարցումներով լեփլեցուն հարցարաններ ընդունող, ճիշդ նախադասութիւններով ու ուղղագրութեամբ գրող, պատմող ու բացատրող ինծի պէս աշակերտի մը համար, հասկնալի կրնայ ըլլալ, օրինակ, իրարու շա՜տ մօտիկ չորս հաւանականութիւններէն մէկը ընտրելու՝ աշակերտին ապրելիք շփոթը, բայց երբեք, երբե՛ք չեմ կրնար հասկնալ, թէ ինչպիսի օգուտ կը համարուի հարցումին հետ հեռուէն-մօտիկէն կապ մը չունեցող երեք անկապ, շատ յաճախ՝ ծիծաղելի հաւանականութիւնները ձգելով չորրորդը ընտրելու՝ աշակերտին «ստեղծագործականութիւնը»…

Իմ գրածիս մի՛ նայիք դուք. թուղթ ու հաշիւով, անկասկածելի տուեալներով՝ բոլոր աշակերտները խելացի են, բոլորին պատասխանները ճիշդ են, բախտով թէ՛ գիտակցաբար՝ միեւնոյնն է՝ երկուքը հաւասա՛րապէս ճիշդ են. սորվելո՛վ ճիշդը ընտրողն ու պատա՛հաբար ճիշդը ընտրողը նո՛յն գնահատականը կը ստանան, բայց խնդիր չէ. կարեւորը քննութիւնը դժուար չէ։ Ուսուցիչը գոհ է իր աշխատանքէն, ծնողքը գոհ է իր զաւակին «արդարացի» արդիւնքէն, դպրոցը գոհ է իր մակարդակէն… այսպէս մինչե՜ւ երկրի ուսման համակարգի հիմնադիրները, որոնք երեւի՝ ամենագոհերն են, իրենց պատրաստած խելացի, աշխատասէր, մտածելու եւ տրամաբանելու ունակութիւններով հարուստ բարձրորակ սերունդէն….

Այս ծիրին մէջ գտնուող, նման խնդիրներուն հետ առերեսուող որպէս դասատու եւ ծնող աչքիս առջեւ յստակօրէն կը տեսնեմ հինգ-տասը վայրկեանի մէջ դիւրին քննութիւններ յանձնող, բացառի՛կ արդիւնքներ արձանագրող, բայց կատարեալ նախադասութի՛ւն մը կազմելու անկարող մեր զաւակները… ականջներովս կը լսեմ ես անոնց թերի արտայայտչաձեւերն ու, հայապահպանման բոլո՜ր խնդիրներէն հեռու, իրենց իբր թէ լա՜ւ գիտցած, սխալներով առատ ու պակասաւոր անգլերէնն ու արաբերէնը… 

Այո՛, իմ գիտելիքներս հնաոճ դասագիրքերէն, գիրքերէն, հանրագիտարաններէն առած հի՛ն մարդ եմ ես, այո՛, եւ ինծի համար մեծ արժէք ունին գունաւոր մատիտներով ընդգծած, տետրակի մը մէջ ընդօրինակած ու մտքիս մէջ փորած այդ գիտելիքներս, որոնք չե՛մ մոռցած դեռ… եւ, չեմ կրնար չխոստովանիլ, որ այսօրուան գիտութեան ու համացանցի բացառիկ հնարքներով կը լրացնեմ բաց թողածներս, բայց ահա՛ ամենակարեւորը՝ դիւրահաս այդ լրացումին հեշտութեան արժէ՛քն ալ գիտեմ, ի տարբերութիւն ամէն ինչ իրենց ձեռք ու ոտքին տակ փռուած գտնող մեր «խելացիներէն»… 

Ցաւօք, այս բոլորը կը տեսնեմ, կը լսեմ, կը զգամ, կ՚ապրիմ ու չեմ կրնար գոհ ըլլալ ես, տղուս փայլուն արդիւնքները տեսնելով, կուրծքս ուռեցուցած՝ հպարտութեամբ չեմ կրնար կռթնիլ ես, չեմ կրնար չմտահոգուիլ, երբ մեր պատանիներուն միտքն ու խոհերը կազմող գիտելիքներուն աղբիւրը ո՛չ թէ դպրոցն է ու անոր արհեստավարժ ուսման համակարգը, այլ՝ կեանքի բազմազան գիտելիքները իրենց ամենասուր հակասութիւններով ու ամենավտանգաւոր ծայրայեղութիւններով անոնց հրամցնող գործիքը՝ մարդը ներս քաշելէն ետք, դուրս ելլելու բոլոր դռները փակող գայթակղիչ այդ դրախտը… 

Երկիր, նախարար, համակարգ, դպրոց, ուսուցիչ եւ ծնողք, ինչո՞ւ ուրախ ենք մեր զաւակներուն «դիւրին» քննութիւններով ու դիւրիւթեամբ անցնող ուսումնական տարիներով։

Ինչո՞ւ մեզ չի մտահոգեր անոնց հետզհետէ բթանալը։ Լման նիշեր շարելով հանդերձ՝ իսկութեան մէջ անոնց ծուլանալը, մտածելու, յոգնելու դժկամիլը։ 

Ասոնք պիտի ըլլան, չէ՞, մեր աշխարհին վաղուան պատասխանատուները, կեանք փրկող բժիշկները, կամուրջ շինող երկրաչափները, փորձառու առեւտրականները, հմուտ հրատարակողները, խմբագիրները, ուսուցիչները, եւ… եւ կը հարցնեմ. 

Նոյն դիւրիւթեամբ պիտի կարենա՞ն լուծել անոնք, իրենց առջեւ ծառացած բոլոր խնդիրները… թէ՞ AI-ին պիտի յանձնեն, բնականաբար, կեանքն ու անոր առաջարկած անսովոր դժուար պարտականութիւնները…

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Յունիս 2, 2025