«ԱՆԳԱՐԱ-ԵՐԵՒԱՆ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ՆՈՐ ԹԱՓ ՍՏԱՑԱԾ Է»
Գիւղատնտեսութեան եւ անտառներու նախարար Իպրահիմ Եումաքլը յայտարարեց, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը նոր թափ ստացած է։
Նախարար Եումաքլը, որ Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ «COP-17»ը համաժողովին, յայտարարեց, որ Անգարա կը փափաքի, որպէսզի Հարաւային Կովկասէ ներս ամրապնդուին խաղաղութիւնը, անդորրութիւնն ու բարեկեցութիւնը։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ Եումաքլը յիշեցուց, որ 2022 թուականէն սկսեալ Թուրքիան եւ Հայաստանը սկսած են յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի բանակցութիւններուն: Ան շեշտեց, որ 2026 թուականի մարտէն ի վեր այդ գործընթացը նոր թափ ստացած է:
«2022 թուականի յունուարին սկսաւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։ 2026 թուականի մարտէն սկսեալ Թրքական օդային ընկերութիւնը թռիչքներու սկսաւ, ինչ որ նոր թափ մը տուաւ գործընթացին: Հետեւաբար, այս գործընթացի գործնական արտայայտումը, ինչպէս նաեւ մեր յարգարժան նախագահի հանդիպումները պրն. Փաշինեանի հետ կը շարունակուի, այնպէս որ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը հասնի աւելի բարձր մակարդակի մը։ Ի հարկէ, Թուրքիա կը փափաքի, որ տարածաշրջանէն ներս ամրապնդուին խաղաղութիւնը, անդորրութիւնն ու բարեկեցութիւնը: Եւ, անշուշտ, հաշուի առնելով այստեղ ստեղծուած իրավիճակն ու առկայ հանգամանքները, կը շարունակենք այդ գործընթացը: Կը յուսամ, թէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու աշխուժացումը եւ կարգաւորման գործընթացի արագացումը շատ կարեւոր ձեռքբերումներ կ՚ապահովեն ինչպէս երկու երկիրներուն, այնպէս ալ ամբողջ տարածաշրջանին համար», յայտնեց Իպրահիմ Եումաքլը:
Խօսելով Երեւանի մէջ կազմակերպուած «COP-17» համաժողովի մասին՝ նախարարը դիտել տուաւ, որ հաւաքի ընթացքին կարեւոր պատգամներ հնչած են: Ան յոյս յայտնեց, թէ անոնք տեղ կը հասնին եւ կ՚ընկալուին ամբողջ աշխարհի մէջ։
«Միեւնոյն ժամանակ, յաջորդ ամիս Անթալիայի մէջ տեղի պիտի ունենայ «COP-31»ը։ Այնտեղ եւս ամբողջ աշխարհին կարեւոր պատգամներ պիտի յղուին։ Այս բոլորը, ընդհանուր առմամբ, կարեւոր միջոցառումներ եւ կարեւոր պատգամներ են՝ ուղղուած աշխարհի խաղաղութեան, անդորրութեան եւ բարեկեցութեան զարգացման։ Կը մաղթեմ, որ ամէն ինչ ըլլայ բարեյաջող», եզրակացուց Իպրահիմ Եումաքլը։