ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԹԹՈՅԷՆ ԴՈՒՐՍ
Համրայէն մինչեւ «Կարմիր շիշ»ը… Զիատ Ռահպանին կը մահանար 14 տարի առաջ՝ ճիշդ այն պահուն, երբ լռութեան մատնուած էր իր մեծագոյն արուեստը։ Մնայունը, ամէն ինչէ անդին։ Մնայունը՝ օղիի սեղաններէն անդին, «Կանաչ տերեւներ»ու արքայական հանդիպումներէն, սիրոյ խոստովանութիւններէն ու ֆէոտալիզմի եւ աջերու դէմ պայքարէն անդին։
Զիատ Ռահպանի, որ ինքզինք երգով, թատրոնով ու զարմանքով կը մաշեցնէր, իր ձայնով սորվեցուց սիրել՝ առանց կասկածի, առանց բացառութեան։ Իր բարդ խառնուածքով, ան ինքզինք՝ որպէս «անյարմար» լիբանանցի կը ներկայացնէր. մէկը, որ չէր հաշտուեր առկայ իրականութիւններուն հետ։ Իր մենութեան ու մաքառման մէջ կը կերտէր ամբողջական մտաւոր հորիզոն մը՝ մեզի համար եւ մա՛նաւանդ մեր մասին։
Հակառակ ամէն «ընտանեկան» ընկալումի, որ խորքին մէջ անոր կը թելադրէր ատել ձախը, ատել համայնավարները, ծաղրել անբան արուեստագէտները ու չհաւատալ մը-տաւորականութեան՝ Զիատ կրցաւ այդ բոլոր կարծրատիպերը խորտակել։ Իր ձայնով եւ ներկայութեամբ ձայն տուաւ անշէջ Պէյրութին։ Ան օգնեց ճանչնալ այն քաղաքը, որ ժամանակներու ընթացքին համարուած էր օտար կամ ընդհանրապէս մոռցուած։
Ներկայիս, երբ Զիատի երգերը նորովի կը լսեմ, մտքերս կը վերադառնան իննսունականներու սկիզբը։ Քաղաքացիական պատերազմը խեղդած էր Լիբանանը, բայց, նաեւ կիսած ու վէրքոտ թողած էր Պէյրութը։ Երկուքի բաժնուած քաղաք մը, որ նոր քայլերով կը փորձէր մօտենալ ինքն իրեն։ Եւ այդ մօտեցման օրերը մեզի, պատանիներուս, կը բանային նոր տարածքներ՝ հետաքրքրութեան, փնտռտուքի եւ ինքնութիւն կառուցելու։
Արեւմտեան Պէյրութը մեզի համար պարզաբանում չէր պահանջեր։ Անիկա մեզի համար երեւոյթ էր, շունչ մը։ Իր կեդրոնական թաղամասը հանդիսացող Համրայով, Արեւմտեան Պէյրութը ինծի համար կը դառնար նոր մուտք աշխարհի մը մէջ, ուր կը բնակէին գրողներ, բանաստեղծներ, թերթերու խմբագիրներ, երգիչներ ու լուսաւոր մարդիկ, որոնցմէ շատեր ձախ էին, յաճախ ծայրայեղ ձախ։
Այս նոր աշխարհը տեսակ մը գաղտնի արքայութիւն էր, ուր մուտք գործելդ իսկ պատիւ մըն էր։ «Արգիլուած պտուղ»ի համով՝ ամէն բան աւելի՛ ջերմ էր, աւելի՛ լարուած եւ աւելի իրական։ Եւ այդպէս երկար օրեր, Համրայի սրճարաններու պատուհաններուն առջեւ նստած, ականջ տալով՝ մինչ քաղաքը կը բացուէր, կը խօսէր եւ ի վերջոյ կը վերակառուցուէր՝ զայն հասկնալ փորձողներուն դիմաց։
Այդ օրերուն Համրան ինծի համար եղաւ թռիչքի գօտի՝ դուրս գալու Պուրճ Համուտի փակ, նեղ ու կեթթոյացած հայակեդրոնէն։
Ի վերջոյ Համրան կ՚ընձեռնէր առիթ, ուր լիբանանահայ երիտասարդը կը սկսէր մտածել, թէ հայ ըլլալը կրնայ ըլլալ նաեւ քաղաքացի ըլլալու ձեւ մը։ Շաբաթը մէկ յօդուած գրելը, հասարակութեան հարցերու մասին խօսիլը, նոյնիսկ ապատեղեկատուութեան կամ հալածանքի առարկայ դառնալը՝ դարձան կենսակերպ։
Համրան քաղաքի զգայացոյց սահմանն էր, ճամբու մը սկիզբը։ Սահման, որ վերջ կը գտնէր Ժըմայզէի հատուածին, ուրկէ ետք երեւելի կը դառնային «Ամալ» շարժումի կանաչ դրօշներն ու Սայէտ Մուսա Սատըրի պատկերները։ Այդ միջավայրէն ներս էր, որ մտածումով, երաժշտութեամբ ու բեմով կեցած էր Զիատ Ռահպանի։ Ան ողջ էր, շնչող էր։ Անոր ներկայութիւնը կը զգացուէր ո՛չ միայն բեմին վրայ, այլեւ՝ սրճարաններուն, գրախանութներուն մէջ, պաստառներուն վրայ։ Ասոնք բոլորը ինքզինքնին «զիատային» կը դարձնէին։
Ինծի համար Զիատին կերպարը կազմուած էր ուղիղ այդ պահուն, երբ մէկ ձեռքիս ունէի «Պարպար»ի շաուրման, միւսով՝ բանաստեղծութեան տետրակս։ Իր հանդարտ ձայնը, հեգնական շեշտով պոռացող ճշմարտութիւնները եւ զգացական փխրունութիւնը միացուցած էին մարդկային կենցաղի ծայրայեղութիւնները։
Հոն էր նաեւ իմ առաջին հանդիպումս իսկական արեւմտեանպէյրութցիին հետ. ո՛չ քաղաքական գործիչի, ո՛չ ուսուցիչի, այլ մարդու մը հետ, որ ինծի մտածել սորվեցուց, սիրել սորվեցուց, ըմբոստանալ սորվեցուց։
Զիատը ընտրած էր կեանք մը՝ որ պատնէշ չունէր։ Երգ, թատրոն, բեմ, ռատիօ՝ ամէն հարթակ իրն էր։ Ամէն բառը՝ յստակ ապտակ կարգ մը պատկերացումներու դէմ։ Բայց, ան այդ բոլորը չէր ըներ միայն ինքնարտայայտման համար։ Ան կը փորձէր Լիբանանը փրկել. փրկել պառակտման ճիրաններէն, կրօնական մոլուցքներէն, աղքատութեան, ապաշնորհացման ճահիճէն։
Եւ չյաջողեցաւ։ Ի վերջոյ, իր երազած Լիբանանը չկառուցուեցաւ։ Բայց, անոր ձայնը, թատրոնի պատասխանը, երգի կարօտը եւ խօսքին պերճանքը մնացին՝ իբրեւ փաստ, թէ փորձը եղած է… եւ չէ յաջողած։
Հետեւաբար Զիատը այս օրերուն չէր, որ կը մեռնէր։ Ան մեռած էր տարիներ առաջ՝ ճիշդ այն պահուն, երբ իրեն համար արուեստը լռած էր։ Երբ իր մեծագոյն ապրումը դարձած էր անձնական պայքար՝ դէպի փրկութիւն կամ գուցէ՝ հանդարտ հեռացում։
Որպէս մէկը, որ իմ սերունդիս եւ ինծի կեանքի որոշ փուլ մը խնամքով ուղեկցած է՝ Զիատը ինծի համար եղաւ ո՛չ միայն բեմի արուեստագէտ մը, այլ քաղաքացիական երազի ձայն մը։
Ամէն անգամ, երբ ճերմակ «Թոյոթա»ս կը սլանար դէպի Պուրճ Համուտ կամ վերադառնալու Համրա, ես ինքզինքս կը բռնէի տագնապի եւ սպասումի մէջ։ Զիատի հանդէպ «պատկանելիութիւն»ը կրակ կ՚առնէր իմ երակներուս մէջ։ Մտքիս մէջ կը հնչէին անոր ձայները, պատերուն տակ կը գտնէի ինքզինքս նոր պայքարով։
Եւ այդպէս ան դարձաւ իմ ինքնութեան քարտէսը։ Կատարեալ կերպով անաւարտ, բայց, ճիշդ այդ պատճառով՝ իրական։
Գալով հակիրճ կենսագրութեան… Զիատ Ռահպանի ծնած է 1 յունուար 1956-ին, Անթիլիաս շրջանին։ Ան Ասի Ռահպանիի եւ Ֆէյրուզի որդին է։ Նուագի եւ երաժշտութեան հանդէպ յատուկ սէր ունեցող Զիատի առաջին փորձերը եղած են տասներկու տարեկանին։
Ունի թատերական յատկանշական գործեր։ Աշխատակցած է թերթերու։ Ան եղած է Լիբանանի Համայնավար կուսակցութեան համակիր։
Հասարակական դիրքորոշումներով պաշտպանած է Լիբանանի հարաւի բնակչութիւնը եւ Պաղեստինի ժողովուրդի դատը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան