ՈՂԲԻ ԴԱՌՆ ՀԵՏՔԵՐԸ

Լիբանանահայ բազում ընտանիքներու յիշողութեան մէջ միշտ գլուխ կը ցցէ անշրջադարձելի սուգը: Ճեսիքա Պէզճեանի մայրը. «Առանց յոյսի բոլորս կորսուած ենք, իսկ Պէյրութը սիրոյ եւ յոյսի յաւերժական քաղաքն է»:

Հինգ տարի առաջ Լիբանանն ամբողջ կը ցնցուէր Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ որոտացած պայթումով։

Շատ լաւ կը յիշեմ, ինչպէս երկար ժամերով քարացայ համակարգիչիս դիմաց, երբ նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով ամբողջ Լիբանանը դարձած էր «կարմիր» տագնապի գօտի։ 

Զոհեր, աւերուածութիւն, որոնց կը յաջորդէր քար լռութիւն մը, որ կ՚երկարի ցայսօր։ 

Պայթում, որ նախ եւ առաջ ուղղուած էր Պէյրութին եւ պէյրութցիներուն… թերեւս լռեցնելու համար արաբական աշխարհի ամենավառ գոյներով մայրաքաղաքը։ Թերեւս խլելու համար պէյրութցիներու եռանդն ու կեանքին հանդէպ հաւատն ու սէրը։

Լիբանանը եւ լիբանանցիք լռութեամբ կը յարգեն այդ ահեղ օրուան զոհերուն յիշատակը։ Այս առումով ալ ամբողջական զօրակցութիւնս, յաւերժական սէրս ու հաւատարմութիւնս իմ միակ ծննդավայրիս՝ Պէյրութ ջրահարսին։

2020 թուականի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով զոհուեցան նաեւ տասնեակ հայորդիներ։ Այս մէկը իր պատմութեամբ եւ ցաւով լիբանանահայութեան խաչելութեան արիւնոտ տոմարին մէջ աւելցուց նոր ցաւի ճիչեր, որոնք մեծ հաշուով տեղ մըն ալ կը պատմէին իմ սիրելի գաղութիս պատմութիւնը. պատմութիւն, որով հակառակ մեծ անկումներու, մեծ ահերու եւ պատերազմի խրամատներու՝ Պէյրութ կը շարունակէ մնալ հայաշխարհի ամենալուսաւոր կէտերէն մին։ 

Լիբանանահայութեան յատկութիւններուն մասին խօսելու պահը չէ, այլ՝ յիշելու եւ յիշատակելու այն զոհերը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր անմեղ արիւնով գրեց հինգ տարի առաջ պատահած մեծ աղէտի պատմութեան մէկ էջը։ Յոյսը, անշուշտ, վերջին խազն ու կէտն է՝ Լիբանանի այս տարիներու պատմութեան, որ անցաւ ու դեռ ալ կ՚անցնի դժուարին ժամանակներէ։ 

ՀԱՅՈՒՀԻ ՃԵՍԻՔԱ ՊԷԶՃԵԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Երկիրը, որ կը հանդիսանայ այդքան փոքր իր տարածքով, բայց, այդքան մեծ ու կենսական իր արժէքով, այսօր դարձեալ կանգնած է բարդ փուլի մը դիմաց եւ յուսալի է, անշուշտ, որ Պէյրութի մէջ զոհուած Ճեսիքա Պէզճեանի «պատմութիւն»ը դառնայ վերջինը այդ երկրի տարեգրութեան մէջ։ 

Առանց յոյսի բոլորս կորսուած ենք ու Պէյրութը սիրոյ եւ յոյսի յաւերժական քաղաքն է։ Լիբանանահայութիւնը, ի դէպ, Պէյրութի պայթումին ունեցաւ 15 զոհ եւ 250 տարբեր աստիճանի վիրաւոր: Հայ զոհերու կարգին էր 22-ամեայ Ճեսիքա Պէզճեան, որ Մեսրոպեան վարժարանի շրջանաւարտուհիներէն էր: Երկու տարի առաջ աւարտած էր Պելմոնտի համալսարանը՝ որպէս բուժքոյր եւ կը պատրաստուէր մագիստրոսի աստիճանին: Պայթումի ատեն ան կը գտնուէր իր աշխատավայրը՝ Պէյրութի յունական հիւանդանոցը, որ շատ մօտ է նաւահանգիստին, այլ խօսքով՝ շատ մօտ պայթումի վայ-րին։ 

Օրին Ճեսիքայի մայրիկը խօսած էր Լիբանանի «Ալ Նահար»ին՝ պատմելով երիտասարդուհիի կորուստին պատճառած խոր ցաւի մասին: Սրտցաւ մօր վկայութիւնը հետեւեալն է.

«Դուստրս եռանդուն աղջիկ մըն էր, ամէն կիրակի ան տարբեր խաղիկներով կը փորձէր ուրախացնել մեզ։ Եւ այսօր ալ ան միշտ ներկայ է մեր մէջ: Ան կը սիրէր մարդոց օգնել եւ այդ պատճառով ալ որոշած էր հիւանդապահուհի դառնալ։

«Պայթումի առաւօտը հերթականին պէս ան գացած էր գործի: Երբ լսեցինք աղմուկը, ես կ՚աղօթէի, նախազգացում մը ունեցայ, թէ աղջիկս զիս կը կանչէ: Զանգեցի, բայց, չպատասխանեց: Ամուսինս՝ Ճորճը եւ միւս աղջիկս՝ Ռոզալինը արագ գացին աշխատավայրը՝ հիւանդանոց: Ես տունը մնացի, բայց ,անհամբերութեան պատճառով չկրցայ սպասել, ես ալ հասայ հիւանդանոց: Մինչ այդ, ամուսինս ու աղջիկս գտած էին Ճեսիքան շտապ օգնութեան բաժինը, բժիշկները փորձած էին փրկել զինք, բայց, չէին յաջողած: Ճեսիքան հրեշտակի պէս քնացած էր, հակառակ վէրքերուն՝ դէմքը մնացած էր անարատ: Երբ արթնցայ ինքզինքս տունս գտայ:

«Երկու շաբաթ առաջ այցելեցի Ճեսիքայի հիւանդանոցը, ուր պատմեցին, որ պայթումին օրը ան, հիւանդանոցի մուտքասրահը, իր աշխատանքի մուտքը ար-ձանագրած պահուն, յանկարծ ամբողջ առաստաղը փլած է իր վրայ: Կռնակը լման կտրուած էր, արիւնոտ ուսապարկը պահած եմ տակաւին: 

«Այն, ինչ որ Ճեսիքային կը պատկանէր, պահած եմ ինչպէս որ է՝ հագուստները, հեռաձայնը, սենեակը: Նոյնիսկ իր հեռախօսահամարին վճարումը ամէն ամիս կ՚ընեմ: Ցաւը օր ըստ օրէ աւելի կը զօրանայ: 

«Ոճրագործները ո՛չ միայն աղջիկս սպաննեցին, այլեւ՝ մեր ամբողջ ընտանիքը։

«Ա՛լ կեանք չմնաց մեզի համար, միայն՝ կսկիծ ու տխրութիւն: Դեռ մինչեւ հիմա չեմ հաւատար, փողոցի ինքնաշարժներուն մէջ կը նայիմ՝ թերեւս աղջիկս տեսնեմ: Եթէ պատահի տունը մինակ ըլլամ, կը խօսիմ իրեն հետ, կը կանչեմ զինք՝ Ճեսսի եկուր, ճաշը պատրաստ է: Կը սպասենք, որ արդարութիւնը ի վերջոյ տիրէ: Մեր գործիչներուն անձեռնմխելիութիւնը աղջկանս արիւնը չ՚արժեր: Լիբանանի արդարադատութիւնը պէտք է վերականգնէ արդարութիւնը, այլապէս ուրեմն ո՞ւր հասած ենք մենք: Ես իմ իրաւունքս կը պահանջեմ՝ ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը: Ամէն օր կ՚անիծեմ այս պայթումի պատասխանատուները: Ինչո՞ւ պատժեցին զիս, ինչո՞ւ պէտք է լամ աղջկանս կորուստը, որովհետեւ օրինակելի՞ քաղաքացի էի:

«Մենք միշտ սիրած ենք մեր Պէյրութը, բայց, հիմա իրենց (նկատի ունի երկրի քաղաքական գործիչները) պատճառով՝ ոչ այլեւս: Այն Պէյրութը, ուր մեծցած ենք ու զայն ճանչցած ենք, ա՛լ չկայ, քանդեցին: Ժողովուրդը այլեւս կ՚ուզէ ձգել-հեռանալ: Ճեսիքան ալ կը մտածէր գաղթելու մասին: Հանած էր Լիբանանի ու Հայաստանի անցագիրները: Հիմա չեմ փափաքիր, որ երկրորդ աղջիկս հոս ապրի այլեւս:

«Մեզի տեղեկացուցին, որ Ճեսիքան աշխարհի ամենաերիտասարդ հիւանդապահուհին էր, որ զոհ գացած է: 22 տարեկան էր, տարեդարձն ալ մօտ էր, ամէն օր կը հարցնէր՝ ի՞նչ անակնկալ պիտի պատրաստես, մամա՛։ Չէի գիտեր, որ տարեդարձը գերեզմանոցին մէջ պիտի նշենք: Իր առաջին երկինք բարձրանալու տարեդարձը նշեցինք: 

«Ամէն գիշեր կը համբուրեմ աղջկանս նկարը ու կը խնդրեմ իրմէ, որ այցելէ երազիս մէջ:

«Աստուած արքայութեան արժանացնէ քեզ, աղջի՛կս, սպասէ՛ մեզի, պիտի գանք քովդ: Շատ կարօտցած եմ քեզ: Շատ կը սիրեմ քեզ: Կը ներես, որ չկրցայ…»։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2025