ԱՌԱՐԿԱՅԱԿԱՆ ՊԱՐԱԳԱՅ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովի ամպիոնէն անդրադարձաւ անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ստորագրուած փաստաթուղթերուն։ 

Խորհրդարանէ ներս, ան յայտնեց, որ հայ-ամերիկեան փոխըմբռնման յուշագրին շուրջ աշխատանքային քննարկումները տակաւին կը շարունակուին։ Իր խօսքով՝ նման յուշագրերը սովորաբար կը կնքուին մէկ կամ երկու տարուան՝ առ առաւելն երեք տարուան համար։ «Մտադրութիւններու յուշագրերը այդպիսի տրամաբանութեամբ կը կնքուին։ Պատկերացուցէք՝ մտադրութեան յուշագիր, որ 25 տարուան ժամկէտ ունենայ։ Սա արդէն իրականութիւն չի կրնար դառնալ։ Ասոր համար յուշագիրը մէկ տարուան է, որպէսզի այդ ընթացքին մտադրութիւնը վերածուի նախագծի, պայմանագրի, համաձայնութեան կամ ներդրման», ըսաւ ան։ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ աշխատանքային քննարկումները ընթացքի մէջ են զանազան ձեւաչափերով։ 

Երեսփոխաններու հարցումներուն պատասխանելով՝ Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած հռչակագրով Հայաստան հնարաւորութիւն ստացած է հասանելիութիւն ունենալու նորագոյն սահմանային եւ մաքսային թեքնոլոժիներու։ Իր խօսքով՝ գոյութիւն ունէին շարք մը հարցեր, որոնք խաղաղութեան պայմանագրի շրջանակներէն ներս չէին կարգաւորուեր, սակայն, Ուաշինկթընի հռչակագրին մէջ լուծուեցան Հայաստանի տեսակէտէ ընդունելի ձեւով։ «Նկատած կ՚ըլլաք, որ խաղաղութեան համաձայնագրին մէջ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու հարցի կարգաւորում չի տրուիր եւ երբ որ մենք հռչակագրին մէջ, տեսած ենք, որ շարք մը հարցեր, որոնք խաղաղութեան համաձայնագրի թեքստին մէջ չէին կարգաւորուեր եւ այստեղ կը կարգաւորուին մեզի համար ընդունելի ձեւով, մենք յստակացուցած ենք, որ չենք կրնար այս բախտը բաց թողել, որովհետեւ մենք կը ստանանք աւելին։ Այսինքն, այն ժամանակ խաղաղութեան համաձայնագիրը պիտի ստորագրէինք, պիտի երթայինք այդ հինգ եզրոյթները բանակցէինք, հիմա մենք այս հինգ եզրոյթները կը ստանանք եւ հետեւաբար մենք պարտաւոր էինք այդ մէկը ստորագրելու», ըսաւ վարչապետը եւ շեշտեց, որ իրաւազօրութեան ու ինքնիշխանութեան հարցերը կը վերաբերին Հայաստանի պետական կառոյցներուն՝ անկախ անձերու ազգային պատկանելիութենէն։ 

«Հանրապետութեան օրէնսդրութեան մէջ չկայ որեւէ յօդուած, որ կը վերաբերի ատրպէյճանցիի եւ կը վերաբերի ճաբոնցիի, բայց մենք պէտք է ներդնենք ժամանակակից սահմանային հսկողութեան դրութիւններ, որոնք արդէն կը կիրառուին ԱՄՆ-ի, Անգլիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ։ Մարդկային շփում կ՚ըլլայ միայն այն պարագային, եթէ սարքը խնդիր արձանագրէ», ըսաւ Փաշինեան։

Ընդգծելով Հայաստանի տեսակէտէ նորագոյն թեքնոնժիներու հասանելիութեան կարեւորութիւնը՝ վարչապետը շարունակեց. «Օգոստոսի 8-ին շատ աւելի կարեւոր բան մը տեղի ունեցաւ։ Մենք հնարաւորութիւն ստացանք հասանելիութիւն ունենալու բոլոր նորագոյն թեքնոլոժիներուն։ Սա պիտի ըլլայ ո՛չ միայն ատրպէյճանցիներու, այլ առաջին հերթին Հայաստանի քաղաքացիներուն համար՝ բոլոր սահմաններուն եւ օդակայաններուն։ Սահմանային եւ մաքսային հսկողութիւնը պիտի ըլլայ 21-րդ դարուն յարիր»։

Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանի ամպիոնէն մասնաւորապէս շեշտեց նաեւ, որ TRIPP նախագիծը Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի երկկողմանի օրակարգին վերաբերեալ հարց մըն է։ Սպիտակ տան մէջ, օգտոստոսի 8-ին ստորագրուած հռչակագրի չորրորդ կէտին մէջ արձանագրուած է, որ TRIPP նախագիծը Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի քննարկման օրակարգի հարցն է։ 

Նիկոլ Փաշինեան պատգամաւորներու նկատառման յանձնեց, որ գոյութիւն ունի առարկայական իրականութիւն մը եւ գոյութիւն ունին ենթակայական ընկալումներ։ «Առարկայական ընկալումը հետեւեալն է. Հայաստանն ու Ատրպէյճանը Ուաշինկթընի մէջ անգամ մը եւս ճանչցած են իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, իրաւազօրութիւնը, սահմաններու անխախտելիութիւնը։ Եւ այս բանէն կը բխի, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով կրնան գոյութիւն ունենալ այնպիսի կապուղիներ, որոնց վերաբերեալ որոշումը կը կայացնէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ որոնց հետ կապուած ձեռք բերուած են պայմանաւորուածութիւններ», շարունակեց ան։

Խորհրդարանի ամպիոնէն ցոյց տալով Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած հռչակագրի պատճէնը՝ Նիկոլ Փաշինեան աւելցուց. «Բայց սա ամբողջ պատմութիւնը չէ։ Ամբողջ պատմութիւնը այն է, որ այս արձանագրութեան տակ կայ նաեւ ԱՄՆ-ի նախագահի ստորագրութիւնը։ Բայց սա ալ ամբողջ պատմութիւնը չէ։ Ամբողջ պատմութիւնն է, որ այս արձանագրութեան տակ կայ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահին ստորագրութիւնը։ Գծուած եւ ստորագրուած է այն շրջանակը, թէ ինչի՞ մասին են տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններն ու ապաշրջափակումը»։

TRIPP անցուղիի նախագծի պարագային Նիկոլ Փաշինեան առանձնապէս դիտել տուաւ, որ սա Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ քննարկուելիք օրակարգի հարց մըն է։ Ան շեշտեց նաեւ հետեւեալը.

«Հարց կը ծագի՝ Ատրպէյճան ի՞նչ կապ ունի այդ նիւթին հետ։ Կապը հետեւեալն է. Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հաղորդակցութիւնները պէտք է իրարու միանան։ Բայց TRIPP նախագիծը Հայաստան-ԱՄՆ երկկողմանի քննարկման հարց մըն է։ Եւ ասոր տակ կայ ո՛չ միայն Հայաստանի վարչապետի, ո՛չ միայն ԱՄՆ-ի նախագահի, այլեւ՝ Ատրպէյճանի նախագահի ստորագրութիւնը։ Հայաստանն ու ԱՄՆ-ը ստորագրած են մտադրութիւններու յուշագիր մը՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի զարգացման մասին։ Այսպէսով ԱՄՆ-ն ու մենք պայմանաւորուած ենք, որ նախագիծը պիտի իրականացուի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան, սահմաններու անխախտելիութեան սկզբունքի հիման վրայ։ Եւ ԱՄՆ հետաքրքրուած է այստեղ ներդրումներ ընելով։ Սա է առարկայական իրականութիւնը, մնացածը ենթակայական իրականութիւն է»։

Ի լրումն այս բոլորին, Փաշինեան շեշտեց, որ Հայաստանի տարածքէն ներս չի կրնար ըլլալ Ալիեւին նշուած անունով ենթակառուցուածք մը։ «Բայց ես չեմ կրնար բացառել նաեւ, որ այդ անունը Ատրպէյճանի մէջ առարկայական եւ ենթակայական հանգամանքներու բերումով այնքան ժողովրդական դարձած է, որ Ատրպէյճան կրնայ իր տարածքով անցնող որեւէ ենթակառուցուածք՝ ներառեալ այն ենթակառուցուածքները, որոնք պէտք է միանան TRIPP-ին, անուանէ որեւէ անունով։ Բայց սա Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի, Հայաստանի Հանրապետութեան օրակարգի, Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու հետ որեւէ կապ չունի», եզրափակեց վարչապետը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 11, 2025