Շաբաթ 26, Ապրիլ 2025
ԴԵՍՊԱՆ-ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Խաչատրեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տեքոթինյիի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի Ֆրանսական դեսպանատան մէջ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դեսպանը ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը տեղեկացուցած է, որ իրեն համար պատիւ եղած է ընդունիլ ֆրանսահայոց թեմակալ առաջնորդը։ Ըստ երեւոյթին, սա եղած է քաղաքավարական հանդիպում մը։ Զրոյցի բովանդակութեան շուրջ որեւէ մանրամասնութիւն չէ հաղորդուած։
Ուրբաթ, Ապրիլ 11, 2025