ՎԱՏԻԿԱՆ ՀԱՐԹԱԿ ԿԸ ՏՐԱՄԱԴՐԷ ՊԱՔՈՒԻՆ

Մինչ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի առողջութեան վերիվայրումները յաճախակիօրէն կը զբաղեցնեն օրակարգը, Վատիկան Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու գծով այնպիսի ընթացք մը որդեգրած է, որ Հայաստանի զգայնութիւնները կ՚անտեսուին սիստեմաթիք ձեւով։ Երէկ, Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանէն ներս տեղի ոնեցաւ՝ «Քրիստոնէութիւնը Ատրպէյճանի մէջ. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» խորագրեալ գիտաժողով մը։ Իր տեսակին մէջ 12-րդ այս միջազգային գիտաժողովը առիթ դարձած է, որպէսզի Սուրբ Աթոռը հարթակ տրամադրէ Ատրպէյճանի քարոզչութեան արշաւին, որ յառաջ կը տարուի թաքցնելու համար հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հետեւողական ոչնչացումը, նենգափոխումն ու աղաւաղումը, տակաւին չհաշուած սրբապղծութիւնները։

«Monument Watch» կազմակերպութիւնը, որ Ատրպէյճանի կողմէ հայկական յուշարձաններու ոչնչացման արարքները ուշադրութեան կիզակէտին կը պահէ, երէկուան գիտաժողովին կապակցութեամբ ահազանգ հնչեցուցած է ընկերային ցանցերու վրայ։ Այս առթիւ շեշտուած է, որ սոյն գիտաժողովի նախաձեռնութենէն որեւէ հայկական կազմակերպութիւն տեղեակ չէ պահուած։ «Տասնեակներով փորձագէտներ եւ հետազօտողներ, զանազան երկիրներէ, համախմբուած են գիտաժողովի մը առթիւ, որու նպատակն է ջնջել հայոց պատմութիւնը, մշակոյթը եւ ներկայութիւնը Ատրպէյճանի տարածքէն։ Հայկական յուշարձանները, իրենց հարիւրաւոր հայկական արձանագրութիւններով, կը ներկայացուին՝ իբրեւ կովկասեան-աղուանական յուշարձաններ։ Անոնց շարքին են Ամարասը, Գանձասարը, Դադիվանքը եւ ուրիշներ», նշուած է այս ահազանգին մէջ։

Միւս կողմէ, Հռոմի Պապը երէկ ընդունեց Անգլիոյ Չարլզ Գ. թագաւորն ու թագուհին։

Ուրբաթ, Ապրիլ 11, 2025