ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԵԾՑՈՂ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ
Թրամփի ընտրութենէն ի վեր, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ Նեթանիյահուի երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ՝ ԱՄՆ-Իրան լարումի ենթախորքին վրայ։ Թրամփ այս անգամ աւելի զգուշաւոր, առանց ակնարկելու Իրանի հետ հակամարտութեան, ջատագոված է Էրտողանը՝ յայտնելով, թէ ինք կրնայ Իսրայէլ-Թուրքիա լարումի կարգաւորման միջնորդ հանդիսանալ, եթէ Իսրայէլ «գիտակից» վերաբերում ցուցաբերէ։
Թրամփի այս խրատը կը մատնէ միջազգային քաղաքականութեան մէջ՝ նոր մաքսատուրքերու սահմանումով իր վարած բռնազբօսիկ քաղաքականութեամբ ստեղծուած տագնապին զուգահեռ՝ այլ տագնապի բոյներ ստեղծելէ խուսափելու միտում մը։
Թէեւ ԱՄՆ-ի մէջ ժողովրդային զանգուածային դժգոհութեան ալիքը, միջազգային սակարաններու սուր անկումը Թրամփի ինքնավստահութիւնը տակաւին չեն խախտած, սակայն, զինք կը մղեն զգուշաւոր ըլլալու եւ մտածելու, որ խուսափի նոր պայթիւնավտանգ տագնապներէ, որոնց հետեւանքները կարելի չէ գնահատել ի յառաջագունէ։
Հայկական տեսանկիւնէ դիտած, ԱՄՆ-ի հաւանական յարձակում մը Իրանի վրայ տարածաշրջանը պիտի դարձնէ անկայուն, ինչ որ, բնականաբար, միայն բացասական ելք պիտի ունենայ Հայաստանի համար, որովհետեւ անոր հետապնդած խաղաղութեան ու անվտանգութեան ծրագիրը պիտի խախտի եւ Ատրպէյճան-Թուրքիա յարձակում մը աւելի հաւանական պիտի դարձնէ։
1993-էն ի վեր Թուրքիա ծրագրուած կերպով Հայաստանը շրջափակումի մէջ պահելով կը ստիպէ, որ ան բաւարարէ Ատրպէյճանի բոլոր պահանջները։ Վերջինս պատրուակ կը ծառայէ Էրտողանին՝ պարտադրելու համար Հայաստանը, որ ուժասպառ՝ հրաժարի միջազգային հարթակներու վրայ դատական հետապնդումներէ, ի միջի այլոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացէն եւ վերջապէս համաձայնի Սիւնիքի միջանցքը բանալու պայմանին՝ Թուրքիոյ առիթ տալով, որպէսզի ստեղծէ դարերով իր երազած համաթուրանական տնտեսական ու ռազմավարական գօտին։
Այս առումով Թրամփ մաքսատուրքային իր քաղաքականութեամբ, Եւրոպայի երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի խախտումով, Ուքրայնայի պատերազմին՝ Ռուսաստանին, իսկ Պաղեստինի հետ հակամարտութեան մէջ ալ անվերապահ զօրակցելով Իսրայէլին, պայքարելով Իրանի դէմ՝ տարածաշրջանին մէջ ուղղակի հզօրացուց Թուրքիոյ դիրքերը՝ մանաւանդ Սուրիոյ մէջ անոր տարած յաղթանակէն ետք։
Միջազգային մեծ խաղացողներու որեւէ յորդոր կամ սպառնալիք չէ կրցած Էրտողանը պարտադրել, որ բանայ Հայաստանի հետ սահմանը։
Հակառակ անոր, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի համաձայնեցումը դրական ընդունուեցաւ միջազգային մեծ խաղացողներու կողմէ՝ Սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը լուծելու նախապայմանները կը մնան խոչընդոտ՝ փաստաթուղթի ստորագրման համար, հակառակ ԵՄ-ի եւ ԱՄՆ-ի յայտարարութիւններուն, թէ այդ պայմանագիրը նոր էջ մը պիտի բանայ Միջին Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ հաղորդակցութեան կապերուն մէջ։
Տարիներու ընթացքին Թուրքիա-Ատրպէյճան համակարգուած ռազմավարութիւնը յաջողած է թուլացնել դիրքը Հայաստանի, որ կը ձգտի բազմակողմանի յարաբերութիւններ ստեղծել միջազգային մեծ խաղացողներուն հետ՝ խուսափելու համար Ռուսաստանի միահեծան ազդեցութենէն։ Ցայժմ միայն Ֆրանսան անվարան հակազդեց Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի անընդունելի նախապայմաններուն։ Արտաքին գործոց նախարար Պարրօ յայտարարեց. «Ատրպէյճան հիմա ալ կը պահանջէ Հայաստանի Սահմանադրութեան վերանայումը։ Այս նոր նախապայմանը ընդունելի չէ եւ կ՚ուշացնէ խաղաղութեան համաձայնագրին կնքումը»։ Ան աւելցուց նաեւ, թէ Ֆրանսա մօտէն կը հետեւի Պաքուի մէջ բանտարկուած՝ Արցախի հայերու դատավարութիւններուն։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի