ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՐԲԵՔ ՉԻ ՔՆՆԱՐԿԵՐ ՓՈԽԱԴՐԱԿԱՆ ԿԱՊՈՒՂԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԲԵՐԱԿՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԱՆՀԱՄԱՏԵՂԵԼԻ ԵՆ ԻՐ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ»

Անգարա-Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ «Զանգեզուրի միջանցք»ի խնդիրը միշտ կը մնայ այժմէական։ Այս երեք կողմերն ալ ունին իրենց առաջնահերթութիւնները։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի դիրքորոշումները տրամագծօրէն հակառակ են, իսկ սլաքի ուղղութիւնը թեքելու ներուժին տէր հիմնական երկիրն է Թուրքիան, որու կշիռը վերջին տարիներուն անհամեմատօրէն բարձրացած է Հարաւային Կովկասէ ներս։

Երէկ, Պաքուի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Պիրոլ Աքկիւն նշեց, որ եթէ կայուն խաղաղութեան մասին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուի կամ նախաստորագրուի համաձայնագիր մը եւ կատարուին «Զանգեզուրի միջանցք»ին վերաբերեալ պայմանները, ապա Թուրքիա-Հայաստան սահմանը կրնայ բացուիլ՝ Ատրպէյճանի հետ խորհրդակցութիւններու արդիւնքով։ «Սա կախեալ կ՚ըլլայ այն հանգամանքէն, թէ ինչպէ՞ս կը զարգանայ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը», յայտարարեց դեսպանը։

ԱՓԱ գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ դեսպանը հերթական անգամ նկարագրեց տարածաշրջանի իրավիճակը՝ յիշեցնելով, որ տարածաշրջանի բոլոր երկիրները պիտի շահին խաղաղութենէն, բայց, Հայաստանը բոլորէն աւելի։ Ան շեշտեց, թէ Անգարա կը փափաքի արագացնել Երեւան-Պաքու կարգաւորման գործընթացը, որ զուգահեռականի մէջ է Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին հետ։

Միւս կողմէ, Հայաստանի կառավարութեան բանբեր Նազելի Պաղտասարեանն ալ երէկ ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս եկաւ՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցին շուրջ։ Բանբերը արձանագրեց հետեւեալը. «Նկատելի է, որ հայկական լրատուամիջոցներուն մէջ որոշ շփոթ մը կայ տարածաշրջանի փոխադրական կապուղիներու ապաշրջափակման նիւթին շուրջ Հայաստանի դիրքորոշումներուն վերաբերեալ եւ անոնք հակասութիւններ կը տեսնեն պաշտօնեաներու յայտարարութիւններուն մէջ։ Սա ինչ որ տեղ հասկնալի է, որովհետեւ նիւթը ունի բազմաթիւ նրբութիւններ, որոնք երբեմն աւելի կը բարդանան կարգ մը եզրոյթներու հետ զուգորդուելու պարագային»։

Ի շարունակութիւն, թեթեւցնելու համար խնդիրը՝ Նազելի Պաղտասարեան փափաքած է հերթական անգամ շեշտել հետեւեալը. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեք չէ քննարկած, չի քննարկեր ու պիտի չքննարկէ սեփական տարածքով անցնող փոխադրական կապուղիներու այնպիսի տարբերակներ, որոնք անհամատեղելի են իր տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան հետ»։

Գրառման մէջ բանբերը ընդգծած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, իրաւազօրութիւնը, ի հարկէ, չեն կրնար արտապատուիրակուիլ։ «Երկաթուղիի, խողովակաշարի, ելեկտրահաղորդման գիծերու գործարար-կառավարումը կրնան արտապատուիրակուիլ։ Ի դէպ, մայրուղիներու սպասարկումը, կառավարումը Հայաստանի մէջ այսօր ու միշտ ալ կ՚արտապատուիրակուին մասնաւոր ընկերութիւններու։ Այլ բան, թէ ի՞նչ որակով կ՚իրականացուի այդ կառավարումը, բայց, սա քննարկման նիւթին հետ կապ չունի», ըսաւ ան։

Հարկ է նշել, որ հայկական լրահոսին մէջ քաղաքական մեկնաբաններ վերջերս ուշադրութիւն կը կեդրոնացնեն Մեղրիի ճանապարհին վերաբերեալ Հայաստանի պաշտօնեաներու հակասական յայտարարութիւններուն վրայ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 1, 2025