Ի՞ՆՉ ԿԱՅ ԸՍՏԵՂ

Հայաստան հաստատուելէս ի վեր չկայ շաբաթ մը որ «ա՜յ ախպէր, ըստեղ ի՞նչ կայ» ըսող մը չգտնուի: Անոնց համար հարցական է հայրենադարձութեան գաղափարը, որովհետեւ հասկնալի չէ, թէ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ մարդ գալ այնպիսի երկիր մը՝ որուն բնակիչները իրենք դուրս գալու ամէն ձեւերն ու ելքերը կը փնտռեն:

Շատ անգամ բառացիօրէն բողոքելու պէտք չունին. իրենց «ըստեղ ի՞նչ կայ»ն իր մէջ կը բովանդակէ բողոքի ցուցակ մը, որուն միջոցաւ տանտէրը իր սեփական տան «թշնամին» կը դառնայ. արդէն իսկ հայրենիքի մէջ երիտասարդներ իրենց ապագան կը տեսնեն Եւրոպայի եւ կամ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, որովհետեւ անոնք կը հաւատան, թէ Հայրենիքի մէջ մնալով պիտի կղզիանան, մինչ այդ «զարգացած» երկիրներուն մէջ կը հաւատան, թէ պիտի յառաջդիմեն ու բարձրանան:

Վերոյիշեալ երկիրներու մասին շատ անգամ մանրամասն տեղեկութիւն ու գիտութիւն անգամ չունին. սակայն անոնց արտագաղթը համոզիչ դարձնել կը փորձեն համոզիչ լոզունգներով. «հոն մարդը արժէք ունի...». «հոն»ին ուր ըլլալը այնքան ալ կարեւորութիւն չի ներկայացներ անոնց համար. հիմնականը իրենք վստահ են, թէ հոն շատ աւելի լաւ է քան հոս: «Հոն մարդը արժէք ունի» ըսելով անոնք կ՚ուզեն շեշտել բարոյապէս դրական կողմերը, որպէսզի յանկարծ չկարծես, թէ նիւթական բարձր վարձատրութիւնն է զիրենք օտար ափեր առաջնորդողը:

Վերջերս դիտեցի մեր թուականէն 36 տարիներ առաջ Լիբանանի մէջ ներկայացուած «Պուրճ Համմուտ 1978+8» թատրերգութիւնը, ուր գաղթելու անկարողներ երազանքով, իսկ գաղթածներ նողկանքով նոյն այդ «զարգացած» երկիրներուն մասին կը խօսին: Գաղթականին ստացած ամսեկան 50 ամերիկեան տոլարը բերնէ բերան տարածուելով կը վերածուի 500 ամերիկեան տոլարի եւ «հոն մարդը արժէք ունի» ըսողներու յատուկ հռետորաբանութեամբ սեւը որպէս սպիտակ կը ներկայացուի: Թատրոն, ուր մեկնողը գալ, իսկ մնացողն ալ մեկնիլ կ՚ուզէ:

Հայաստանը նոր չէ որ արտագաղթի մտահոգեցուցիչ խնդիրին դիմաց կը գտնուի. վիճակագրական տուեալներ յայտնած են, թէ 1918-ին Հայաստանի Առաջին Անկախութեան հռչակումէն ետք Հայաստանի բնակչութեան թիւը եղած է 1.400.000. երկու տարի ետք՝ 1920 թուականին այդ թիւը դարձած է 720.000. այսինքն բնակչութեան մօտաւորապէս կէսը ձգելով հայրենիքը դիմած է գաղթականութեան: Տասնամեակ մը առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը 2011 թուականին «ՀՀ 2011թ. մարդահամարի նախնական օպերատիվ ցուցանիշների մասին» խորագրեալ հաղորդագրութեամբ յայտնեց, թէ բնակչութեան թիւը Հայրենիքի մէջ կը հաշուէ 2.871.000 մարդ, մինչ 2001 թուականին Հայաստանի բնակչութեան թիւը կը կազմէր 3.000.000. բազմանալու տեղ կը պակսինք...:

Թէոդիկ իր «Ամէնուն տարեցոյց»ին առաջին թիւին՝ 30 յունուար 1907-ին մէջ կը գրէ. «Ճամբորդութեան մը մէջ տղան կը տեսնայ մեկնումը, չափահասը՝ նպատակը, իսկ ծերունին՝ վերադարձը»:

Այսօր նոյն պատկերն է հայ ժողովուրդին մօտ. բազմաթի՜ւ «զարգացած» երկիրի բնակիչներ կու գան ու երանի կու տան մեզի՝ Հայաստան ապրողներուս, մինչեւ իսկ նախանձելու աստիճան, որովհետեւ գացողին ու մնացողին մէջ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնը հետեւեալն է. մին նիւթական, իսկ միւսը հոգեկան հանգստութիւնն է որ կը շեշտէ:

Հաւատացէ՛ք, եթէ այսօր իսկ առիթը տրուի առանց փաստաթուղթերու խնդիրի երթալ ու հաստատուիլ Միացեալ Նահանգներ ու Եւրոպա, Հայաստան ձեր ենթադրածէն շա՜տ աւելի պակաս բնակչութիւն կ՚ունենայ: Մենք մեր հին գրողներուն մօտ ընդհանրապէս արտագաղթին ժխտական կողմերուն հանդիպած ենք առաւելաբար. անոնք ըմբոստացած են օտարութեան դէմ, զգացած հայերէն լեզուին ու հայրենիքի կարօտը. ատած են օտարինը եւ օտարութեան մէջ նոյնիսկ պահած հայկականը:

Ինչպէ՞ս հոս հասանք...:

Ի զուր չէ, որ ամերիկացիք Ամերիկա մեկնիլը կը կոչեն «Ամերիկեան երազ» (American dream), որովհետեւ շատ անգամ երազը չի համապատասխաներ իրականութեան: Օտար գրիչ մը կ՚ըսէ. «Ամերիկեան երազ»ը քաղցր է միայն անոնց համար, որոնք Ամերիկան տեսած են միայն իրենց երազներուն մէջ...»: Հաւատացէ՛ք, ամերիկացիք այնքան սքանչացումով չեն արտայայտուիր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մասին, քան մենք՝ հայերս:

Զարմանալին ա՛յն է, որ շատեր յօժար են օտարութեան մէջ տանջուիլ ու նեղութիւն կրել, բայց յօժար չեն նոյն դժուարութիւնները կրել հայրենիքի մէջ. օտարութեան տանջանքն ալ ուրիշ է հաւանաբար, տարբեր համ ու հաճոյք մը ունի...:

Հազարաւոր հայ երիտասարդներ, որոնք այսօր Հայաստանեան համալսարաններուն մէջ իրենց ուսումը կը կատարելագործեն, արդէն կը մտածեն դուրսի երկիրներ դիմումներ ներկայացնել. Հայաստանի մէջ կը ստանան կրթութիւնն ու գիտելիքը, սակայն օտար ափեր ծաղկեցնելու համար կը գործածեն այդ ուժերը. սնունդը կը ստանան հայրենիքէն, սակայն արգասիքը կը վայելէ այն օտարութիւնը. «հոն մարդը արժէք ունի» թէ ոչ չեմ գիտեր, սակայն այդտեղ «հայութիւն»դ արժէք չունի:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԹԷՈԴԻԿ
(1873-1928)

Մեր թուականէն 149 տարիներ առաջ՝ 5 մարտ 1873-ին Սկիւտարի մէջ ծնած է հայ բանաստեղծ եւ բանասէր Թէոդիկ (բուն անունով Թէոդորոս Լափչինճեան):

 Թէոդիկի գրական գործունէութիւնը սկիզբ առած է 1900-ական թուականներուն սկիզբը. ան «Մանզումիէ Էֆքեար» թերթին մէջ սկսած է «Կեանք հատորէն փրցուած» խորագրով փոքր պատմուածքներ հրատարակել. 1910 թուականներուն լոյս տեսած է անոր «Կաղանդ» ժողովածուն: Թէոդիկ առաւելաբար յայտնի դարձած է իր «Պոլսոյ հայեվարը» բարբառագիտական աշխատութեամբ, որ արժանացած է նաեւ մրցանակի: Հայ գիրերու գիւտի 1500-ամեակի առիթով, Թէոդիկ 1912 թուականին հրատարակած է «Տիպ ու տառ» աշխատութիւնը, որ մի քանի տարիներ առաջ հրատարակուեցաւ նաեւ թրքերէն թարգմանութեամբ:

Թէոդիկի ամենէն յայտնի գործերէն մէկը «Ամէնուն տարեցոյցը» յայտնի տարեգիրք-ժողովածուն է, որ առաջին անգամ հրատարակուած է 1907 թուականին: Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին աքսորուած է ծննդավայրէն եւ որոշ ժամանակ ստիպուած եղած է դադրեցնել տարեգիրքին աշխատութիւնը, սակայն 1919 թուականին վերադառնալով Պոլիս շարունակած է լոյս ընծայել տարեգիրքի նոր թիւերը:

Մինչեւ օրս յետ մահու վերահրատարակութեան կ՚արժանանան Թէոդիկի գործերէն շատեր. անոր յիշարժան գործերէն են «Ազգը չէ մեռած, եւ անհնա՛ր է որ մեռնի», «Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան», «Փրցուած էջեր կեանքի հատորէն» եւ այլ աշխատութիւններ:

Թէոդիկ մահացած է 24 մայիս 1928 թուականին, Փարիզի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Մարտ 5, 2022