ՅԻՍՈՒՍ ՀԻՆԳ ՀԱԶԱՐԸ ԿԸ ԿԵՐԱԿՐԷ - Բ -

Յիսուսի աշակերտներուն անհնար կը թուէր կարենալ կշտացնել այդքան ժողովուրդը՝ մօտաւորապէս հինգհազար հոգի։ Այդ միջոցին Յիսուս անոնց կը յանձնարարէ միջնորդել գործնապէս, որպէսզի մարդիկ կերակրուին. «Յիսուս անոնց ըսաւ.- Հարկ չէ որ ատոնք երթան, դուք տուէ՛ք անոնց որ ուտեն». (ՄԱՏԹ. ԺԴ 16)։ Ուստի, աշակերտները, ընդառաջելով Յիսուսի յանձնարարութեան՝ ի վերջոյ իրենք բազմութեան առջեւ կը դնեն Անոր կողմէ «ձեւափոխուած» եւ բազմացուցուած հացերը եւ ձուկերը։ Յիսուս, այսպէս, աշակերտները մօտիկէն մասնակից կը դարձնէ իր ձեռնարկած եւ կատարելագործած գործին՝ հրա՛շքին։

Եթէ Յիսուս գլխաւոր դերակատարն է հացի բազմացման, ինչպէս եւ հաղորդութեան, ապա եւ աշակերտները անոր սպասաւորներն են կամ պաշտօնեաները։

Ուրեմն, Յիսուս հանդէս կու գայ որպէս մէկը, որ կը կշտացնէ եւ կը յագեցնէ բազմութիւններու ծարաւը, նիւթական սնունդի ծարաւ, բայց նաեւ խօսքի ծարաւ եւ կանխապէս իր մարմնի ծարաւը։ Անոր կատարած «գործ»ը տեղի կ՚ունենայ Իսրայէլի երկրի մէջ կատարուածին, տրուած թուանշանները կը հաստատեն, որ հացի այս առաջին բազմացման մէջ հրեայ ժողովուրդին պահանջները կ՚արտայայտուին՝ որոնց կը պատասխանէ Յիսուս։ Նախապէս աշակերտները իրենց տրամադրութեան տակ հինգ նկանակ՝ հաց ունին. «հինգ»ը եբրայական Աստուածաշունչի ամենասրբազան մասի՝ Թորայի գիրքերու թիւն է։ Արդարեւ, կերակրուողներու թիւն ալ նոյնպէս հինգհազար հոգի. միեւնոյն թիւը կրկնուած է հատուածի վերջաւորութեան։

Գալով «տասներկու» սակառներուն։ Անոնք կը յիշեցնեն Իսրայէլի 12 ցեղերու թիւը՝ Աստուածաշունչի ժողովուրդի կազմը։ Ուստի, պէտք է համեմատել նաեւ այս թուանշանները հացի երկրորդ բազմացման միջոցին բերուած թիւերու հետ. (ՄԱՐԿ. Ը 1-9), որ առանձնապէս պիտի խորհրդածենք յաջորդաբար։

Աւետարանիչը պարզ կերպով ցոյց կու տայ, որ Յիսուս նախ եկաւ Իսրայէլի համար։

Ապա, տեսնելով, որ հրեայ բազմութիւնները իր ետեւէն կը վազեն, ան խորապէս յուզուեցաւ. (ՄԱՐԿ. Զ 30-34)։ Հրեայ ժողովուրդը այն ժողովուրդն է, որուն Աստուած հովիւներ ուզեց տալ։ Այդպիսիներու պակասի պատճառով Աստուած անոր տուաւ նո՛ր մէկ հովիւ։

Իսրայէլի համար է, որ այդ Հովիւը, առաջին անգամ ըլլալով, կանխանշեց Եկեղեցիին կտակուած Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2024