ՅՈՎՀԱՆ ՄԱՆԴԱԿՈՒՆԻ ԵՒ ՔԱՌԱՍՆՈՐԴԱԿԱՆ ՊԱՀՔԸ

Յով­հան Ման­դա­կու­նի Հայ­րա­պետ ապ­րած եւ գոր­ծած է մօ­տա­ւո­րա­պէս 420-490 թուա­կան­նե­րուն։ Ան ե­ղած է «կրտսեր թարգ­մա­նիչ»նե­րէն՝ որ­պէս ար­ժա­նա­ւոր ա­շա­կերտ Ս. Սա­հակ Կա­թո­ղի­կո­սի եւ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի յա­ջոր­դած սե­րուն­դին։ Յով­հան Ման­դա­կու­նի ար­դա­րօ­րէն կը նկա­տուի Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­մե­նէն լու­սա­ւոր դէմ­քե­րէն մին, որ իբր մե­ծա­գոյն հայ­րա­պետ եւ ա­ռա­քի­նի հո­գե­ւո­րա­կան իր ամ­բող­ջա­կան նուի­րու­մը կեդ­րո­նա­ցուց իր զա­ւակ­նե­րուն ա­ռա­ւել քրիս­տո­նէաց­ման եւ իր Ե­կե­ղե­ցիին բա­րե­կարգ­ման։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ իր «ՃԱ­ՌԵՐ»էն՝ «Քա­ռաս­նոր­դա­կան Պահ­քի Եւ Զատ­կա­կան Քա­ռա­սուն­քի Բաղ­դա­տու­թեան Մա­սին» ճա­ռէն հա­տուած­ներ՝ Եփ­րեմ Ար­քե­պիս­կո­պոս Թա­պա­գեա­նի թարգ­մա­նու­թեամբ։

«Քա­ռաս­նոր­դա­կան պահ­քը Ուր­բաթ կը կո­չուի։ Ուր­բա­թը մեր Տի­րոջ խա­չե­լու­թեան օրն է։ Այդ օ­րը, աշ­խար­հի բո­լոր չար­չա­րո­ւած­նե­րուն հա­մար, Տի­րոջ չար­չա­րանք­նե­րը ի­րենց վրայ օ­րի­նակ ու­նե­նա­լու ա­ռիթ է, Տի­րոջ հետ չար­չա­րա­կից ե­ղող­նե­րուն եւ Տի­րոջ պա­տուի­րան­նե­րը պա­հող­նե­րուն հա­մար փրկու­թեան եւ պահ­պա­նու­թեան ա­ռիթ եւ Տի­րոջ խա­չե­լու­թեան չար­չա­րա­կից եւ յա­րու­թեան փա­ռա­կից ըլ­լա­լու եւ մե­ղա­ւոր­նե­րը ա­պաշ­խա­րու­թեան հրա­ւի­րե­լու ա­ռիթ։

«Այս քա­ռա­սուն­քին, Շա­բաթ եւ Կի­րա­կի օ­րե­րուն պահք կը պա­հենք Չո­րեք­շաբ­թիի եւ Ուր­բա­թի նման։ Իսկ Քա­ռաս­նոր­դի Կի­րա­կին կը կո­չուի ա­ռա­ջին օր եւ սկիզբ յա­րու­թեան, ու­րա­խու­թեան եւ ար­քա­յու­թեան ա­ւե­տի­սի, պա­տուի­րա­նա­պահ ան­ձեր, ու­րա­խու­թեամբ եւ ար­դա­րօ­րէն Ուր­բաթ եւ Չո­րեք­շաբ­թի օ­րե­րուն, Կի­րա­կիի եւ Շա­բա­թի նման կրնան ու­տել, քա­նի որ ինչ­պէս Զա­տի­կէն մին­չեւ Տի­րոջ Համ­բար­ձու­մը Կի­րա­կի կը կո­չուի, այն­պէս ալ Բա­րե­կեն­դա­նէն մին­չեւ Զա­տիկ՝ Ուր­բաթ կը կո­չուի։

«Արդ, ինք­զինքդ հա­մո­զէ՝ եւ այս քա­ւու­թեան քա­ռա­սուն­քը միա­ցո՛ւր այդ ու­րա­խու­թեան քա­ռա­սուն­քին հետ. բաղ­դա­տէ՛ քա­ռա­սուն­քը քա­ռա­սուն­քի եւ Ուր­բաթն ու Չո­րեք­շաբ­թին Շա­բա­թին եւ Կի­րա­կիին հետ եւ կը գտնես մի­ջի­նը. այս մէ­կուն մէջ յա­գե­ցում եւ ու­րա­խու­թիւն չկայ, իսկ միւ­սին մէջ՝ պահք եւ տխրու­թիւն։ Այս ա­ռա­ջին քա­ռա­սուն­քը տա­րուան ըն­թաց­քին մեղ­քե­րու քա­ւու­թեան եւ յա­ջորդ քա­ռա­սուն­քը տա­րուան ու­րա­խու­թեան ա­ռիթ­ներն են։

«Արդ, օ­րէ՛նք է պա­հոց այս քա­ռա­սուն­քը՝ Բա­րե­կեն­դա­նէն Զա­տիկ, խո­նար­հու­թեամբ պա­հել, քա­նի որ տա­րուան մեղ­քե­րու քա­ւու­թեան եւ թո­ղու­թեան ժա­մա­նա­կը կը նկա­տուի։ Այ­լեւս գի­նի, իւղ, հաւ­կիթ, ձուկ, պա­նիր, կա­րագ, կաղ­տի, մա­ծուն, քա­մուած մա­ծուն, կաթ, սեր, ձկան­մօ­րէ, այս բո­լո­րը բնաւ օ­րէնք չէ եւ վա­յել ալ չէ՛ ճա­շա­կել, թէ մե­ծին, թէ փոք­րի­կին, թէ ար­դա­րին եւ թէ մե­ղա­ւո­րին։ Ուս­տի քա­ռա­սուն օ­րե­րու մեր կե­րա­կուր­նե­րը շատ են, կա­նե­փա­հատ, կտա­ւատ, փո­խինդ, հա­տե­ղէն, սամ­թա­ջուր։

«Այս քա­ռա­սուն օ­րե­րուն Տէ­րը փոր­ձու­թեան լեռ գնաց իր հետ տա­նե­լով փոր­ձիչ Սա­տա­նան, որ­պէս օ­րի­նակ բո­լոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն յաղ­թու­թեան։

«Աս­տուած պահք պա­հե­լու կա­րի­քը ու­նէ՞ր. զայն մար­դոց օ­րի­նա­կին հա­մար չը­րա՞ւ։

«Արդ, ե­թէ Պօ­ղո­սի խօս­քե­րով, ա­մէն օր չենք կրնար մեռ­նիլ, գո­նէ քա­ռա­սուն օ­րեր ջա­նանք Տի­րոջ չար­չա­րան­քին հա­ղոր­դա­կից ըլ­լանք, որ­պէս­զի տա­րուան ըն­թաց­քին մեր գոր­ծած մեղ­քե­րէն քա­ռա­սուն օր հե­ռու մնանք։ Չե՞ս գի­տեր թէ ա­նոնք, ո­րոնք մտքով Քրիս­տո­սի չար­չա­րանք­նե­րուն չար­չա­րա­կից կ՚ըլ­լան, ա­նո՛նք միայն կրնան Քրիս­տո­սի Յա­րու­թեան փա­ռա­կից ըլ­լալ, ո­րով­հե­տեւ ը­սուած է, թէ ո՛չ միայն պէտք է հա­ւա­տալ Քրիս­տո­սի, այ­լեւ պէտք է ա­նոր ա­նուան հա­մար չար­չա­րուիլ։

«Հե­տե­ւա­բար, այս քա­ռա­սուն­քը Տի­րոջ խա­չե­լու­թեան չար­չա­րանքն է եւ միւս քա­ռա­սուն­քը՝ Տի­րոջ յա­րու­թեան եւ կեն­դա­նու­թեան։ Այս քա­ռա­սուն­քը Տի­րոջ չար­չա­րանք­նե­րուն քա­ցախն ու լե­ղին է եւ միւս քա­ռա­սուն­քը Տի­րոջ յա­րու­թեան խա­րիսխն ու խո­րո­ված ձու­կի բա­ժի՛նն է։

«Այս քա­ռա­սուն­քը զի­նուոր­նե­րու կող­մէ Տի­րոջ գե­րեզ­մա­նը կնքուած պա­հե­լու հա­մար է եւ միւ­սը՝ հրեշ­տակ­նե­րուն մի­ջո­ցաւ Տի­րոջ յա­րու­թեան ա­ւե­տի­սը հա­ղոր­դե­լու Մա­րիամ­նե­րուն։ Այս քա­ռա­սուն­քը միջ­նոր­դու­թիւն է ա­պաշ­խա­րու­թեան եւ միւս քա­ռա­սուն­քը՝ ե­րաշ­խա­ւո­րու­թիւն թո­ղու­թեան։ Այս քա­ռա­սուն­քը յան­ցանք­նե­րու քա­ւու­թեան հա­մար է, իսկ միւ­սը՝ մեղ­քե­րու թո­ղու­թեան։ Այս քա­ռա­սուն­քը լա­լու եւ ար­տա­սուե­լու հա­մար է, իսկ միւ­սը՝ ցնծու­թեան եւ ու­րա­խու­թեան։ Այս քա­ռա­սուն­քը ցա­ւով եւ տրտմու­թեամբ սեր­մա­նե­լու հա­մար է, իսկ միւս քա­ռա­սուն­քը՝ փառ­քով եւ օրհ­նու­թեամբ ժող­վե­լու։

«Այս քա­ռա­սուն­քով մեծ մար­գա­րէն Մով­սէս, ժո­ղո­վուր­դին օ­րէն­քը տուաւ եւ միւս քա­ռա­սուն­քով Մով­սէս քա­ւեց Ա­հա­րո­նի եւ ողջ ժո­ղո­վուր­դի յան­ցան­քը։

«Այս քա­ռա­սուն­քով Ե­ղիա Սի­նա լեռ գնաց Տի­րոջ­մէ իր եր­կինք բարձ­րա­նա­լու հրա­մա­նը ստա­նա­լու։

«Այս պահ­քով ե­րեք մա­նուկ­նե­րը ապ­րե­ցան տո­չո­րող բարձ­րա­բերձ կրա­կի բո­ցե­րէն։ Այս պահ­քով, Նի­նուէա­ցի­նե­րը բե­կա­նե­ցին Տի­րոջ մա­հուան վճի­ռը, ո­րով­հե­տեւ ի­րենց ա­պաշ­խա­րու­թեան պահ­քը ըն­դու­նե­լի ե­ղաւ եւ ա­րագ նե­րում ստա­ցան ի­րենց յան­ցանք­նե­րուն եւ մեղ­քե­րուն հա­մար»։­

Այս­պէս կը մեկ­նա­բա­նէ Յով­հան Ման­դա­կու­նի Հայ­րա­պե­տը՝ Քա­ռաս­նոր­դա­կան պահ-­քը, բաղ­դա­տե­լով զայն Զատ­կա­կան քա­ռա­սուն­քին հետ։

Ար­դա­րեւ պահ­քի հար­ցով, 692 թուա­կա­նին գու­մա­րուած Տրու­ղեան Ժո­ղո­վը հիմ­նա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու կա­րօտ չորս գլխա­ւոր կէ­տեր կը մատ­նան­շէր հան­դի­սա­ւո­րա­պէս՝ եւ ըստ այնմ կը հրա­մա­յէր.

ա) Ջուր խառ­նել Ս. Պա­տա­րա­գի գի­նիին մէջ. (Կա­նոն 32),

բ) Մա­տա­ղի սո­վո­րու­թիւ­նը դադ­րեց­նել. (Կա­նոն 99),

գ) Ժա­ռան­գա­կան Քա­հա­նա­յու­թիւ­նը ջնջել. (Կա­նոն 33),

դ) Ար­գի­լել Մեծ Պահ­քի Շա­բաթ եւ Կի­րա­կի օ­րե­րը հաւ­կիթ եւ պա­նիր ու­տե­լու սո­վո­րու­թիւ­նը (Կա­նոն 56)։ Այս ա­մէ­նուն դէմ ի­մաս­տա­սէր Օձ­նե­ցին վե՛ր բարձ­րա­ցուց իր Ե­կե­ղե­ցիին գի­տակ­ցու­թեան եւ հե­ռա­տե­սու­թեան դրօ­շը՝ որ յա­նուն Լու­սա­ւոր­չին կը ծա­ծա­նէր։

Բայց այս բո­լո­րին պահ­պա­նու­թեամ­բը միայն կա­րե­լի պի­տի ըլ­լար եւ ա­պա­հո­վել Հայ Ե­կե­ղե­ցիին ա­զատ կեան­քը եւ գո­յու­թիւ­նը, ինչ­պէս այդ թուա­կա­նէն դար մը ա­ռաջ՝ Մով­սէս Ե­ղի­վար­դե­ցի Կա­թո­ղի­կոսն (574-604) ալ Յու­նա­կան նոյն եւ նման պնդում­նե­րու հան­դէպ յայ­տա­րա­րած էր սի­րուն բա­ռա­խա­ղով մը.

«Չեմ անց­նիր Ա­զատ գե­տէն, ո՛չ փու­ռի հաց ու­տե­լու՝ ո՛չ ալ տաք­ցու­ցած գի­նի խմե­լու հա­մար»։­

Այս­պէս, ու­րեմն, պահ­քի, պա­հե­ցո­ղու­թեան հար­ցը յա­ճախ փո­փո­խու­թիւն­նե­րու է են­թար­կուած՝ օ­տա­րա­մուտ զա­նա­զան մտա­ծում եւ գոր­ծադ­րու­թիւն­նե­րու ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րով եւ տա­րուե­լով ներ­քին կամ ար­տա­քին հո­սանք­նե­րէ…։

- Ծա­նօ­թագ­րու­թիւն.-

Կաղ­տի=Նա­ւա­կա­տի­քի ու­տե­լիք մը.

քա­մած լոռ, ժա­ժիկ, խիժ։

Ձկնա­մօ­րէ=Ձու­կէն պատ­րաս­տուած

ու­տե­լիք։

Կա­նե­փա­հատ=Կտա­ւի բոյ­սի հունտ։

Կտա­ւատ=Հունտ։

Փո­խինդ=Իւ­ղով մեղ­րով ու­տե­լիք։

Սա­միթ=Հա­մե­մա­յին ու­տե­լի բան­ջար.

«ռէ­զէ­նէ»։

­Սամ­թա­ջուր=Սա­մի­թի հիւթ։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 23, 2017, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2017