ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (ԻԷ.)
Պէտք է միշտ ի միտի ունենալ, որ գրական լեզուն միշտ ալ հիմնուած եղած է խօսակցական լեզուին վրայ. նոյնն է պարագան նաեւ գրաբար լեզուին. գրաբար լեզուն գրական լեզու ըլլալէ առաջ, եղած է ժողովուրդին խօսակցական լեզուն եւ Մեսրոպ Մաշտոց ո՛չ թէ նոր լեզու ստեղծած է, այլ այդ խօսակցական լեզուին հիման վրայ ստեղծած է տառեր՝ զանոնք գիրի վերածելու համար: Այս հաստատումը փաստելու համար յիշենք հայ պատմաբան, հայագէտ ու թարգմանիչ Կարէն Իւզպաշեանի «Հայագիտութեան ներածութիւն» աշխատութեան մէջ գրած հետեւեալ տողերը.- «Հին հայերէնը պայմանական ձեւով կրում է նաեւ գրաբար (այսինքն՝ գրաւոր լեզու) անուանումը (թէպէտ ժամանակին գրաբարը եղել է նախ եւ առաջ խօսակցական լեզու)»:
Մենք կը կարծենք, թէ գրական լեզուն է, որ փոփոխութեան կ՚ենթարկուի, սակայն իրականութեան մէջ փոփոխութեան ենթարկուողը խօսակցականն է. օրինակի համար, կան շատ մը բառեր, որոնք գուցէ տասնամեակներ առաջ կը գործածուէին, սակայն այսօր կամաց կամաց կը տեսնենք անոնց մեռնիլը. օրինակի համար, առաջ գոյութիւն ունէր «մահտեսի» բառը. վերջին մի քանի տարիներուն ոչ մէկ տեղ կը հանդիպինք այդ բառին եւ ժամանակ մը ետք պարզապէս բառարաններու յատուկ բառի մը պիտի վերածուի: Նոյն ճակատագիրը ունի «խաչեղբայր» բառը. այսօր կը տեսնենք, որ մարդիկ «խաչեղբայր» բառի փոխարէն կը գործածեն կնքահայր բառը, ինչ որ յատուկ է միայն մկրտութեան: Կարելի է գտնել նման հազար բառեր, որոնք մէկ առ մէկ կը հեռանան մեր կեանքէն:
Օրինակի համար, հին ժամանակ դրամին որպէս հոմանիշ կը գործածուէր «մամոնայ» բառը. պատկերացուցէք մեր օրերուն առեւտուր կատարած ժամանակ հարցնէք. «քանի՞ մամոնայ պէտք է վճարել»: Մեռնող բառերու եւ անոնց տեղը նոր ծնուողներով է, որ կը կազմուի գրական լեզուն: Թէեւ կը հանդիպինք շատերու, որոնք կը կարծեն, թէ բառարաններու մէջէն հին բառեր դուրս բերելով պիտի կարենան ընթերցողներուն վրայ ազդեցութիւն մը գործել։ Կարդացէ՛ք հիները. անոնք մոռցուած բառեր եւ ճոխ ճոխ արտայայտութիւններ ընելու բռնի փորձը չեն ըներ, այլ ամենէն պարզ բառերով, ամենէն պարզ արտայայտութիւններով կը փորձեն իրավիճակը ներկայացնել: Անշուշտ տարբեր է պարագան բանաստեղծութեան. կը տեսնենք, թէ ինչպէս Միսաք Մեծարենց լաւագոյն ձեւով կը յաջողի իր բանաստեղծութիւնները զարդարել մեր մայրենիի գոհարներով, շատ անգամ գերեզմանացած բառեր գործածելով, շատ անգամ ալ նորերը ստեղծելով:
Այնպէս ինչպէս դար մը առաջ գործածուող հայերէնն ու այսօրուանը տարբեր են իրարմէ, նոյն տրամաբանութեամբ տարբեր պիտի ըլլայ նաեւ մերօրեայ եւ ապագայի հայերէնը եւ այս փոփոխութիւնը վերջ պիտի չունենայ, որովհետեւ ո՛չ միայն լեզուն, այլ մարդկային կեանքի մէջ փոփոխութեան կ՚ենթարկուի գրեթէ ամէ՛ն բան:
Անցնիք բառերուն՝ որոնք մեր լեզուն կ՚աղաւաղեն:
ՀԸ.- ՆԱՍԸՐ
Այս բառին ո՞ր լեզուով ըլլալը տակաւին անյստակ է, որովհետեւ թէ հայերս, թուրքերը եւ թէ՛ արաբները կը գործածեն: Նասըրը որպէս գոյական ըլլալէ առաջ գրականութեան մէջ կը հանդիպինք որպէս անձնանուն. Միքայէլ Չամչեանց իր «Հայոց պատմութեան» մէջ կը յիշէ Նասըր սուլթանը, Սիմէոն Լեհացին իր «Ուղեգրութեան» մէջ կը յիշէ Նասըր փաշան եւ այլն: Որպէս գոյական կարելի է հանդիպիլ հետեւեալ գրողներու մօտ.-
Յակոբ Պարոնեան «Քաղաքավարութեան վնասները» աշխատութեան մէջ կը յիշէ նասըր բառը. «Միայն կ՚ուզեմ, որ ոտքս կօշիկի մէջ կարենայ շարժիլ. նեղ ոտքի աման չեմ ուզեր, որովհետեւ նասըր ունիմ»:
Եղիա Տէմիրճիպաշեան նասըր բառը կը յիշէ «Գրական եւ հանրային դէմքեր» աշխատութեան մէջ. «Բայց ազնուապետական իգական ոտքերը նասըր չունի՞ն, չիյտեմ»:
Յովսէփ Մալէզեան նասըր բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ այնքան ա չլսուած «փապար» բառը, որ բառարանի համաձայն կը նշանակէ ճեղք, ծակ կամ խոռոչ:
ՀԹ.- ՆԱՍԻՊ
Այս բառը նոյնպէս կը գործածուի արաբներու, թուրքերու եւ հայերու կողմէ. այս բառը առաւելաբար կարելի է տեսնել տաղերու եւ բանաստեղծութիւններու մէջ: Յայտնենք, որ նասիպը որպէս անձնանուն ալ յիշուած կը գտնենք. օրինակ՝ Մաղաքիա Օրմանեան իր «Ազգապատում»ին մէջ կը յիշէ Նա-սիպ Գրիգորեան անուն հայ մը:
Օրինակի համար, հայ դասական մատենագրութեան մէջ Ստեփանոս գրիչի մը կողմէ գրուած տաղին մէջ կը կարդանք. «Նասիպ արիր զաղէկն ինձ դրացին»:
Թլկատինցի նասիպ բառը կը գործածէ իր «Գեղի նամակներ» աշխատութեան մէջ. «Երնէ՜կ անոր որ ուտելու խմելու նասիպ, խսմէթ պիտի ունենայ»:
Յովսէփ Մալէզեան նասիպ բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել արժանի բառը:
Ձ.- ՆԷՖԷՍ
Նէֆէս բառը մեր բարբառներու մէջ գոյութիւն ունեցած եւ մինչեւ օրս ալ կը գործածուի։
Նէֆէս բառը կը տեսնենք Թլկատինցիի «Յիշատակ հայ գիրին զոյգ մեծ տօներուն» գրութեան մէջ կը գործածէ. «Էս միլլէթ ըլ էսպէս իր պէլաներէն նէֆէս չպիտի առնէ»: Նոյն բառը կը գործածէ այլ տեղ մը, ըսելով. «Էսոր ճինսէն, ճիտէն ալ հէչ նէֆէս չի մնաց գեղը»:
Հայկական հին բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ (անունը անյայտ) կը գրէ. «Խօսէ՛, որ առնում իխրար, Ես յետի նէֆէս եմ եկել»:
Յովսէփ Մալէզեան բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել շունչ բառը:
•շարունակելի…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -347-
Դպրեվանքին մէջ ունէինք աշակերտ մը, որ կ՚ուզէր ուսուցիչներու կողմէ որպէս «հայագէտ» ու լաւ գրող ճանչցուիլ. բոլոր տրուած պարտականութիւնները կը փորձէր գրել չնաշխարհիկ հայերէնով մը, բառարաններուն մէջէն կեանքի կոչելով բառեր՝ որ գուցէ ուսուցիչը իմաստը չի գիտեր:
Ան իր գրութիւններուն մէջ դրամի փոխարէն միշտ կը գործածէր մամոնայ բառը, տալով այն շունչը, որ մամոնայ բառը իր առօրեայ հայերէնին մաս կը կազմէ: Այնպիսի նախադասութիւններու ծնունդ կու տար, որ տասն բառէն միայն մէկ կամ երկուքը հայերէն են՝ իսկ միւսները հին ու մոռցուած բառեր:
Այլ խօսքով կը գրէր, սակայն վերջաւորութեան իր գրածը ինք եւս չէր հասկնար՝ առանց բառարանի օգնութեան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 05/01/2025
- 05/01/2025