ՉՈՐՍ ՀԱԶԱՐԻՆ ԿԵՐԱԿՐՈՒԻԼԸ

«Եօթը նկանակը եւ ձուկերը առաւ, գոհացաւ եւ կտրեց ու տուաւ աշակերտներուն, աշակերտներն ալ ժողովուրդին տուին… Անոնք որ կերան՝ չորս հազար այր մարդիկ էին, կիներէն եւ տղաքներէն զատ». (ՄԱՏԹ. ԺԵ 36 եւ 38)։

Հացերու բազմացման դէպքով կը հասնինք հեթանոս ժողովուրդին հետ Յիսուսի ունեցած յարաբերութեան գագաթնակէտին։ Հացերու առաջին բազմացման ժամանակ աշակերտները իրենք Յիսուսի ուշադրութեան յանձնած էին ներկայ ժողովուրդին անօթի ըլլալու հարցը։ Իսկ երկրորդ դէպքին՝ Յիսուս ի՛նք կ՚ըլլայ նախաձեռնողը։ Աշակերտները՝ որոնք ներկայ եղած էին նոյնացման հրաշքի մը՝ հացերու առաջին բազմացմանը. (ՄԱՏԹ. ԺԴ 13-21), (ՄԱՐԿ. Զ 30-44), (ՂՈՒԿ. Թ 10-17) եւ (ՅՈՎՀ. Զ 1-14) չէին մտածեր, որ նո՛յն բանը կարելի է կրկնուի հեթանոս ժողովուրդին համար։ Ի՛նչ որ Յիսուս ըրաւ, դուրս էր անոնց երեւակայութենէն։ Որքան ալ մեծ եղած ըլլար իրենց Տիրոջ բարեացակամութիւնը, անոնք չէին կրնար պատկերացնել, որ ան կրնար այդ աստիճանի հաւասար դասել հեթանոսները եւ հրեաները։

Եւ սակայն… այն ձեւը՝ որ կը յիշուի Մարկոսի Աւետարանին մէջ, պարզ կերպով ցոյց կու տայ, որ անոր համար հացերու երկրորդ բազմացումը կը ներկայացնէ հեթանոսներուն տրուած հաղորդութեան շնորհը՝ ինչպէս նախապէս տրուած էր հրեաներուն։

Բազմութիւնը երեք օր սպասեր էր՝ այդ սնունդը ստանալու համար։ Այդ երեք օրերը կը թելադրեն անոր ունեցած նմանութիւնը Զատկի հետ. «Կը խղճամ այդ ժողովուրդին վրայ, վասնզի հիմա երեք օր է, որ իմ քովս են եւ բան մը չունին ուտելու». (ՄԱՐԿ. Ը 2), որու վերանորոգումն է Սուրբ Հաղորդութիւնը։ Այդ ձեւը՝ որով Յիսուս կ՚օրհնէ հացերը, նոյնպէս շատ մօտ է այն շարժումներուն՝ որ Ան ունեցած է Վերջին ընթրիքին, տասներկու աշակերտներուն հետ Աւագ հինգշաբթի երեկոյեան. (ՄԱՐԿ. ԺԴ 22-25)։

Արդարեւ, ի՛նչ կը վերաբերի սոյն հատուածին մէջ եղած «4» եւ «7» թիւերուն. անոնք գերազանցապէս ընդհանրացած թիւեր են. «7»ը արարչագործութեան թիւերն է, իսկ «4»ը խորհրդանշանն է երկրի չորս ծագերուն կամ երկրային դրախտը հոսող չորս գետերու՝ աշխարհի սկիզբէն ի վեր՝ Փիսոն, Գեհոն, Տիգրիս եւ Եփրատ. (ԾՆՆԴ. Բ 10-15)։

«Եւ պարտէզը ջրելու համար Եդեմէն գետ մը կ՚ելլէր եւ անկէ չորս ճիւղի կը բաժնուէր…». (ԾՆՆԴ. Բ 10)։

Այսուամենայնիւ, «4» թուանշանը, ըստ բնութեան հնադարեան ընկալմամբ, կարելի է ներկայացնել նաեւ աշխարհի տարրերու ամբողջութիւնը՝ «հող», «օդ», «ջուր» եւ «կրակ»։

Սակայն ամէն պարագայի, «4» թուանշանը հնադարի համար կը խորհրդանշէ ամբողջ երկիրը։

Երկրորդ անգամ բազմացնելով հացերը՝ Յիսուս կը մատուցանէ տեսակ մը «երկրի վրայ պատարագ», Իսրայէլի սահմանները կը խորտակուին, կը ջնջուին ամբողջութեամբ։

Բոլոր մարդիկ կը հրաւիրուին հաղորդութեան՝ որ կեդրոնական արարողութիւնն է Եկեղեցիի կեանքին։

Յիսուս մարդոց համար կու տայ խնջոյքի սեղան, ինչպէս այն ժամանակ երբ օգտուեցան հազարաւորներ, եւ հիմա ալ Ան պատրա՛ստ է հաղորդելու մեզ Իրեն հետ։ Ուրեմն, չզրկուինք, եւ ընդառաջե՛նք այդ սրբազան հրաւէրին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 1, 2024