ՄԱՅՐԱԿԱՆ ԿԱԹԸ

Խրիմեան Հայրիկի գրած «Դրախտի ընտանիք» աշխատութեան 11-րդ գլուխը կը կրէ «Մայր եւ դայեակ» խորագիրը. Հայրիկի համար մայրութիւնը առանձնայատուկ տեղ ու նշանակութիւն ունի. մայրական այդ գորովը ո՛չ ուսուցիչի պէտք ունի եւ ոչ ալ դասի, որովհետեւ բնութիւնը կ՚ուսուցանէ այդ բոլորը: Մանուկը լոյս աշխարհ եկած պահէն սկսեալ ունի մօրը կարօտը եւ իր լալով ան իր իրաւունքը կը խնդրէ մօրմէն, որպէսզի սնուցէ զինք: Այդ կապուածութեան փաստը այն է, որ մանուկներ առաջին անգամ կը թոթովեն մայր եւ կամ հայր բառերը, որովհետեւ իրենց կեանքը սկիզբ կ՚առնէ անոնցմէ:

Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած այս հրաշագործ իրաւունքը մարդ արարած կը ստանայ մանուկին լոյս աշխարհ գալէն ետք ստանալով «մայր» եւ «հայր» անունները: Հայրիկ կը զանազանէ անոնց կոչումն ու պարտաւորութիւնները, այդ իսկ պատճառով այս գրութեամբ կ՚ուզէ խօսիլ միայն մօր դերակատարութեան ու պարտաւորութիւններուն մասին. այնպէս ինչպէս այր ու կնոջ միջեւ, նոյնպէս մանուկին եւ ծնողին միջեւ գոյութիւն ունի պարտք եւ իրաւունք հասկացողութիւնը. օրինակի համար, «մանկան անդրժելի իրաւունքն է կաթ խնդրել, եւ մօր բնական պարտքն է կաթ տալ»: Հայրիկ այդ մէկը եւս որպէս հրաշագործութիւն կը տեսնէ, որովհետեւ մօր մը ստինքներէն կաթ հոսիլ կը սկսի այն ժամանակ՝ երբ մանուկը լոյս աշխարհ գայ. այդ մէկը Աստուծոյ ու բնութեան անփոփոխ օրէնքն է. «Մայր մի կարող չէ այս պարտիքը եղծել- զոր թէ՛ բնութեան օրէնք եւ թէ բնական սէր՝ անեղծ գծեր են մօր սրտին եւ կուրծքին վերայ», կ՚ըսէ Հայրիկ:

Հայրիկ այս նիւթին մասին կը խօսի, որովհետեւ այնպէս ինչպէս այսօր, նոյնպէս անցեալին շատ մը մայրեր ինչ ինչ պատճառներով իրենց զաւակները մայրական կաթէն կը զրկէին։ Այդ երեւոյթին հետեւանքով մեր մէջ ծնունդ առած են «ծծմայր», «ստնտու» եւ «կաթնմայր» բառերը. այսօր եւս շատ մայրեր կը խուսափին այդ պարտաւորութենէն, մտածելով թէ այդ մէկը կրնայ վնասել իրենց մարմնի գեղեցկութիւնը։ Անոնց համար Հայրիկ կը գրէ. «Թող թագուհի լինի, թող իշխանուհի, կամ քաղաքացի եւ շինական, աշխարհիս ո՛ր կարգէն կը լինի թող լինի, նա կարող չէ արդարանալ. Երկնից նախախնամութեան դատաւորին առաջ միթէ արժանի՞ է մի կին մայր կոչուելու, երբ ստինքները լի են կաթով, նա մանուկն օտար կաթին եւ օտար գրկին յանձնէ»: Հայրիկ այս երեւոյթը կ՚որակէ որպէս մարդկային ընկերութեան անօրինակ զեղծում եւ զաւակներու հարստահարում՝ իրենց հարազատ մայրերուն կողմէ: Նոյնիսկ անբան անասունը իր մէջ ունի այդ մայրական զգացումը ու իր զաւակը իր հարազատ կաթով կը սնուցանէ, ապա որքա՜ն աւելիով պարտաւոր է ընէ մարդը:

Կարդանք Հայրիկի խօսքը, ուղղուած նման մայրերու, որոնք սեփականը աւելի կը կարեւորեն՝ քան զաւակը. «Թող տեսնան մայրերը, որ առիւծն անտառին մէջ իւր կորիւն կը դարմանէ, կովն՝ իւր հորթիկ, մաքին՝ իւր գառնուկը, հաւ՝ իւր ճետերը, ճնճղուկ՝ իւր ձագերը, այլ եւս իրաւունք ունի՞ մայրն իւր կաթովը չի սնուցանել իւր զաւակը, որ իւր հոգւոյ հատորիկն է. կամ թէ չդարմանել այն հարազատ ծաղիկը, որ իւր ծոցէն բուսած է, իւր արմատին ծիլն է, ինչպէ՞ս ձեռք է այն մօր ձեռք, որ կը քանդէ այդ մատաղ ծիլն իւր բնաբոյս արմատէն եւ զայն օտար արմատին հիւթով սնուցանել կ՚ուզէ»։ Մայր մը իրաւունք ունի իր զաւակը չսնուցանել սեփական կաթով այն ժամանակ, երբ ունի առողջական խնդիրներ. միայն այն ժամանակ Հայրիկ ընդունելի կը գտնէ դայեակի ներկայութիւն:

Հայրիկ դայեակները դժբախտ կիներ կը համարէ, որովհետեւ անոնք եւս մայրեր են, սակայն նիւթական անապահովութեան եւ աղքատութեան պատճառով ստիպուած կ՚ըլլան իրենց մայրական կաթը վաճառքի հանել. այլ խօսքով ծախու կը հանէ այն բաժինը՝ որ իր զաւակին իրաւունքն է: Հայրիկ երկար կը գրէ դայեակի դժբախտութեան մասին եւ անոր խօսքերէն պարզ կը հասկցուի, որ ան դէմ է «ծծմայր» կամ «կաթնմայր» ունենալուն:

Հայրիկ օրինակով մը կ՚ուզէ իր համոզումը ճշդել. Խրիմեան Հայրիկ կը պատմէ, թէ օր մը մեծահարուստ կին մը դայեակին սենեակը կը մտնէ եւ կը տեսնէ, թէ ան իր զաւակը կաթով կերակրած պահուն կու լայ. դայեակը կը փորձէ իր արցունքները ծածկել, սակայն տիկինը տեսնելով կ՚ուզէ անպայմանօրէն պատճառը գիտնալ. Հայրիկ կը յիշէ կնոջ բացատրութիւնը. «Ինչպէ՞ս խօսիմ, տիկին, ինչպէ՞ս բացատրեմ սրտիս դառնութիւնը. անմայր մանկիկս յիշեցի եւ կու լամ. եւ միշտ կու լամ քեզմէ գաղտնի եւ առանձին... դայեակին կեանքը թշուառ է... վասն զի մի քանի տարի առաջ, մի սիրական զաւակս կաթնազուրկ մեռաւ»:

Այս պատմութեան դիմաց Հայրիկ կ՚ըսէ. «Ամէն մայր ու ծնող իւր զաւակ սնուցանէր այն կաթով, եւ այն սիրով, զոր Նախախնամութիւնը մի միայն ծնողական անհրաժեշտ պարտիքը հաստատեր է»: Հայրիկ կ՚ուզէ, որ ամէն զաւակ արժանի ըլլայ իր մօր կաթին, որովհետեւ բնութեան հաստատած օրէնքն է այդ մէկը եւ մանուկին առաջին ու անզիջելի իրաւունքը:

Հայրիկ այս գլխուն մէջ կը բաւարարուի խօսելով այդ պարտաւորութեան ու անոր սրբութեան մասին, զանց ընելով միւս բոլոր պարտաւորութիւնները, ինչ որ մայրը ունի իր զաւակին նկատմամբ. վստահաբար յաջորդող գլուխներուն մէջ Հայրիկ պիտի խօսի այլ պարտաւորութիւններու մասին. օրինակի համար՝ դաստիարակութիւն, կրթութիւն եւ այլ պարտաւորութիւններ, սակայն այստեղ կը բաւարարուի շեշտելով ամենէն կարեւորը՝ որ մայրական զգացումն ու սէրն է զաւակին հանդէպ՝ որուն անփոխարինելի փաստն է մայրական կաթի քաղցրութիւնը:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար կարգ մը կենդանիներ խոտ կ՚ուտեն, իսկ ուրիշներ ոչ:

Պատասխան. Խոտ ուտելը հիմնականին կապուած է մարսողականութեան հետ. խոտակերները՝ ինչպէս օրինակ ոչխարները, կովերը եւ ձիերը ունին աւելի մեծ մարսողականութիւն, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ աւելի արդիւնաւէտ ձեւով ուտել կոշտ բուսական նիւթերը, ինչպէս օրինակ՝ խօզը (ջրիմուռ, գորտնաբուրդ, լօռ, մօռ՝ ծովաբոյս։ Լօռերու կամ ջրիմուռի առանձին տեսակներ, որոնք կը լողան լճացած ջուրերու մակերեւոյթի վրայ եւ երբեմն ընդարձակ ծածկոց կը կազմեն եւ թուղթի զանգուածի տեսք կը ստանան), մինչ մսակեր կենդանիները, ինչպէս օրինակ առիւծները, գայլերը եւ այլ կենդանիներ ունին աւելի տկար մարսողական համակարգ եւ անոնց մարսողականութիւնը յարմար է աւելի մսեղէնը մարսելու:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մայիս 1, 2024