ՄԵՐՕՐԵԱՅ ՄԻՋԻՆ ԴԱՍԱԿԱՐԳԸ (Բ.)
Այո՛, վիճելի կրնայ համարուիլ այն մտածումը, որ արհեստագիտութիւնը մարդկային հաւաքական ապրուստին պատճառեց մեծ ապականում ու բնութեան աննախադէպ աւերում, բայց եթէ չափանիշ ընդունինք մարդու բարօրութեան աստիճանը եւ հաւաքական բարեկեցութեան նուազագոյն ցուցանիշի հասնիլը, կը տեսնենք, թէ ներկայ դարուն հնարաւորութիւններ ստեղծեց մարդկութեան մեծ յառաջդիմութեան համար։ Արդարեւ, միջին դասակարգը (սոսկ տնտեսական իմաստով), որ թէ՛ իր ծաւալով եւ թէ իր ազդեցութեան մակարդակով որեւէ դարաշրջանին այսքան մեծ չէր, հասաւ իր բարձրագոյն ու պայծառագոյն վիճակին:
Այստեղ, անշուշտ, կարելի չէ անտեսել մարդկութեան թիւի ահռելի աճը, զոր հասաւ 9 միլիառի շեմին եւ կարծես թէ անվերահսկելի է, նաեւ չ՚ենթարկուիր ծրագրաւորուած զարգացուածութիւններու, ինչ որ տակաւին առաւելաբար կապուած է կրօնական հանգամանքներու հետ: Այս աճը մեծ խնդիրներ կրնայ յարուցանել եւ շուրջ 1 միլիառ մարդոց ամենաաղքատ վիճակի մէջ ապրելուն պատճառներէն մէկը կրնայ ըլլալ: Բայց ներկայ ժամանակները մարդկութեան համար կրնանք վերնագրել որպէս «միջին դասակարգի ժամանակներ» կամ «միջակ դասակարգի ժամանակաշրջան»: Իսկ ինչո՞ւ։ Այս հարցումը ունի բազում պատճառներ:
Նախ եւ առաջ, քանակի առումով միջին դասակարգը մեծցաւ ու հասաւ միացեալ ցանց ստեղծելու հենքին՝ օգտագործելով համաշխարհայնացման ընծայած հնրարաւրութիւնները անկախ այն հանգամանքէն, թէ որքան վերահսկելի եւ ուղղորդուած են մեծ ու փոքր համարկումներն ու տարածաշրջանային ու համաշխարհային բացուածութիւնները: Մարդկային աճի բնութագրումը այստեղ ունի առաւելութիւն մը. այն աճը զարգացած երկիրներու մէջ աճեցուց նաեւ միջակ դասակարգը, ինչ որ նուաճում մըն է եւ ունի միաժամանակ մշակութային, ընկերային ու քաղաքական արդիւնքներ: Այս իրողութենէն մեկնելով՝ միջին դասակարգը սկսաւ յարաբերաբար տնտեսական եւ քաղաքական կամք պարտադրել, ինչ որ աննախադէպ է մարդկութեան պատմութեան մէջ։ Սա ազատական ու արդարական ալ շունչ ունի՝ ի տարբերութիւն համայնավարական կեղծ ու ձախողած փորձերուն՝ ստեղծելով բանուորական «տիրապետող եւ ղեկավար» համատարած դասակարգ մը, որ հաւասարութեան պիտի բերէր անարդար արդարութիւն մը եւ, ցաւօք, հաւասարութիւն կոչուածը բերաւ աւելի բռնատիրութիւն, աղքատութիւն եւ անարդարութիւն (առանց խորանալու տակաւին ի զօրու չինական համայնավարական վարչաձեւին, որ մէկ բառով կրնանք խտացնել իբրեւ՝ կիսադրամատիրական):
Միջին կամ միջակ դասակարգը ո՛չ միայն տնտեսական առումով 21-րդ դարուն եղաւ այսպէս ըսած համատարած ու ամէնուրեք, այլեւ համարուեցաւ ամենաազնիւ ու փափաքելի դասակարգը նոյնինքն հարուստ դասակարգին ալ կողմէ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան