ՈՒԺԻ ԿԻՐԱՌՄԱՆ ԵՂԱՆԱԿՆԵՐԸ ԵՒ ՓԱՓՈՒԿ ՈՒԺԸ ԱՄԵՆԱՇԱՏ Ո՞Վ ՈՒՆԻ ԱՅՍՕՐ
Ուժը մարդկային պատմութեան ընթացքին զուգահեռ քալած է կեանքին հետ՝ իր վերելքներով ու ընկրկումներով: Դժուար է ըսել, որ մարդ արարածի բնոյթը ուժային կառուցուածք ունի կամ ամենաշատ ու թունդ կերպով ուժով կը բանի կամ կ՚ենթարկուի ուժին։ Բայց եւ այնպէս, յատկապէս մարդկային հաւաքական կազմաւորման ու գործունէութեան վերհանումը կը փաստէ, թէ ահռելի ու աներեւակայելի ուժ բանեցուած է տեւաբար՝ մարդկային հասարակութիւններուն մէջ: Այդ բանեցումները եղած են ընկերային, պետական եւ միջազգային, նաեւ մարդուն գործադրած ուժը մարդուն հանդէպ շշմեցուցիչ կրնանք կոչել: Մարդկային պատմութեան ամէն մէկ դրուագէն անմասն չեն եղած հազարաւոր պատերազմներ, ցեղասպանութիւններ, սպանդներ եւ նոյնիսկ մեղմագին ուժեր: Եթէ փորձենք ուրուագծել նոյն մարդկային հաւաքական կեանքի փիլիսոփայութիւնը՝ կը տեսնենք, որ այդ մէկը տրամաբանութիւնն է ուժ ձեռք բերելու եւ ուժական աղբիւրներ գտնելու: Այսինքն, որեւէ հաւաքականութիւն երբ վերածուած է պետութեան, ապա կայսրութեան, ուզած է ինքզինք աւելի զօրացնելով՝ ապահովել իր օրինաչափ զարգացումը: Այդ զօրեղացում կոչուածը, բնականաբար, կախեալ եղած է մրցակից կամ կողմնակից այսպէս կոչուած՝ հեռու կամ մօտիկ, տկար կամ զօրաւոր ուժերը իրեն հպատակեցնելով: Գիտութեան զարգացումը համամարդկային տարազ ու շրջագիծ չունի, քանի անոր արդիւնաւէտութեան գործնականացումը միշտ քաղաքական ուժի մը միջոցաւ կ՚ըլլայ: Միեւնոյն ատեն գիտական նուաճումները չենք կրնար աննպատակ ու միայն պարզ համամարդկային զարգացման սիրոյն եղած համարել, քանզի անոնք չեն դրսեւորուած առանց պետական կամ նուազագոյնը վարչարարական գործօնի մը, ինչ որ կ՚առաջնորդէ դէպի շահի եւ շահադիտութեան հետապնդման ու գործադրման: Գիտութիւնը՝ քաղաքական ուժերուն կողմէ միշտ վերածուած է քաղաքական դիմագիծով գործօնի մը, որպէսզի ձեռք բերուին աւելի ուժականութիւններ: Մարդկային հասարակութիւններուն մէջ հզօր ու կայացած պետութիւն չէ եղած ու չի կրնար ըլլալ՝ առանց ուժականութեան եւ ուժի ձեռքբերման: Տեղ մը իրականութիւն կը համարուի այն միտքը, որ մարդկութիւնը ուժէն կը հասկնայ:
Մարդկութեան զարգացման զուգահեռ, թէեւ ուժի գործադրման եղանակներն ու միջոցները, ինչպէս նաեւ աշխարհն ալ փոխուեցան, սակայն արտադրուեցան աւերիչ ու քանդիչ աթոմական զէնքերը։ Մինչ այդ, ներկայիս ուժի բրտութեան աստիճանը նուազեցաւ ու այսպէս ըսած՝ ազնուացաւ զայն։ Նախապէս պետութիւնները, հասարակարգերն ու կայսրութիւնները աւելի բռնի, գազանաբարոյ ու անմարդկային ուժ կիրառած են թէ՛ անհատներու եւ թէ ժողովուրդներու ու հաւաքականութիւններու վրայ՝ զանոնք հնազանդեցնելու եւ օգտագործելու համար: Ներկայ ժամանակաշրջանին, հակառակ պատերազմներու, մենք՝ ո՛ր հասարակարգի ու պետութեան մէջ ալ գտնուինք, բաղդատմամբ անցեալին, ուժ բանեցնելու առումով ամենամեղմ ժամանակները կ՚ապրինք։ Հարկ է յիշեցնել, որ ժողովուրդներն ու անոնց ստեղծած պետութիւնները Վերածնունդի ժամանակաշրջանէն ետք սկսան օգտագործել մշակոյթը։ Անշուշտ, անոնք իբրեւ տարածման, տիրակալման ու շահու ապահովման միջոց օգտագործեցին մշակոյթը, որ կ՚ազնուացնէ ու քաղաքակիրթ կը դարձնէ։ Մշակոյթը ապահովեց փափուկ ուժի հասկացողութիւնը եւ ան սկսաւ աւելի մեծ դեր խաղալ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ, մա՛նաւանդ 20-րդ դարէն ետք, երբ գաղութատիրութիւնը վերջ գտաւ ու մարդու իրաւունքները սկսան յարգուիլ: Ներկայ աշխարհին մէջ, այո, համաշխարհայնացումը փոքր մշակոյթներուն ներկայանալու առիթ տուաւ, բայց, միեւնոյն ատեն անկարելի դարձուց անոնց կենսունակութիւնը, չըսելու համար երկար գոյատեւումը: Փափուկ մշակոյթի դրսեւորումներ կրնանք համարել ֆրանքոֆոնին, մահմետականութիւնը (ոչ սոսկ կրօնական պարունակով), անկլօսաքսոնիզմը եւ այլն, սակայն, եթէ ընթացիկ կարգով դասաւորենք ներկայ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ ամենամեծ փափուկ ուժ կիրառող երկիրները՝ կը նկատենք, որ առաջին դիրքը կը գրաւէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, որ փափուկ ուժով նուաճած է աշխարհը: Համաշխարհայնացման շնորհիւ, ամերիկեան մշակոյթը ինքզինք փաստեց իբրեւ կեանքոտ, գրաւիչ ու ընթացիկ եւ առօրէական իմաստով ալ որդեգրելի, քանի ան կը դիւրացնէ ապրուստը:
Այո, որեւէ մշակոյթ ինչքան ալ վեհ ու համամարդկային ըլլայ, առանց քաղաքական, ռազմական ու աշխարհաքաղաքական ուժերու, ինքնաբերաբար չի տարածուիր եւ ինքնեկ հնարաւորութիւնն ալ չունի կայանալու ու տարածուելու։ Բայց եւ այնպէս, արդեօք յառաջիկայ դարուն համաշխարհային ընկերութիւններն ու կազմակերպութիւնները իրենց գիտական մենաշնորհներով պիտի կարենա՞ն փոխել փափուկ ուժի եւ ընդհանուր մեծ ու փոքր մշակոյթներու կառուցուածքն ու ուժականութիւնը:
Չգուշակենք...
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
29 նոյեմբեր 2024, Երեւան