ԳԱՆԱՏԱՀԱՅ ԹԵՄԸ

Ստորեւ հրատարակուած յօդուածին հեղինակը՝ Տքթ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեան՝ ծանօթ է մեր ազգային-եկեղեցական կեանքին պատմութեան մասին ունեցած իր բացառիկ հմտութեամբ։ Ան մօտէն ծանօթ է Գանատահայ թեմին, ուր մօտ երեք տարիներ պաշտօնավարած է որպէս առաջնորդական փոխանորդ եւ նաեւ ան հոն ունի ընտանեկան եւ բարեկամական սերտ կապեր։ Արժանապատիւ տէր հայրը այս յօդուածին մէջ ճշգրիտ եւ մանրամասն կերպով կու տայ անցնող մէկ դարուայ ընթացքին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ՝ Գանատայի մէջ անցած կազմակերպման հանգրուաններու պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ համապատասխան շըր-ջաններուն ընթացքին այս թեմին մէջ ծառայած հոգեւորականներուն ստանձնած դերը եւ պաշտօնները, մինչեւ այսօր։

Գանատահայ գաղութը տակաւին կը նկատուի նոր՝ բաղդատած դրացի Միացեալ Նահանգներու գաղութին։ Գանատայի մէջ թէեւ փոքր թիւով հայեր հաստատուած են 20-րդ դարու առաջին տարիներէն սկսեալ, միւս կողմէ սակայն այս գաղութը կը յատկանշուի իր արտասովոր պայթելու համազօր ընդարձակումովը՝ սկսելով 1950-ական թուականներէն, յաջորդող մօտ քսանհինգ տարիներուն ընթացքին, երբ գաղութի թիւը հազիւ թէ հազար հոգիներէ բազմապատկուած է գրեթէ հարիւր անգամով։

Այդ կարճ ժամանակշրջանին ընթացքին, գաղութին մէջ գրեթէ ոչինչէն ստեղծուած են կազմակերպուած գաղութի մը բոլոր կառոյցները։ Եկեղեցական կառոյցներու հետ եւ անոնց կողքին ստեղծուած են դպրոցներ, թերթեր, մշակութային կեդրոններ եւ այլն։ Այս բոլորին հետ կապուած գաղութի զարգացման պատմութիւնը կը պարփակէ տագնապներու եւ իրագործումներու իսկական ոդիսականներ, որոնց մասին պարտի գրուիլ առանց ուշացումի եւ մանաւանդ բծախնդիր ճշգրտութեամբ։

Շնորհակալութեամբ կը հրատարակենք հետեւաբար յատկապէս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Գանատահայ թեմի եկեղեցական կազմաւորման մասին գրուած Տքթ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեանի այս յօդուածը, նշելով նաեւ, թէ պատմականօրէն՝ Գանատայի մէջ առաջին իսկ օրէն եւ բնականաբար նաեւ որպէս առանձին թեմ հաստատուելէն ի վեր Գանատահայ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մեր Եկեղեցւոյ ընդհանուր կառոյցին մէջ օրինապէս եւ վարչականօրէն ենթակայ է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին։

*

ՍԿԻԶԲԸ

Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ի շարս նորահաստատ թեմերու Գանատահայ թեմը եւս հաստատեց իր 1980 նոյեմբեր 15 թուակիր Կոնդակով, զայն բաժնելով Ամերիկահայ թեմի իրաւասութենէն, նկատի ունենալով հայութեան տասնեակ հազարներու հասնող թիւը դարու վերջին քառասնամեակին։ Գանատայի մէջ առաջին հայ համայնքը իր եկեղեցիով Սենթ Քեթրինզ քաղաքի համայնքը եղած է, զոր 1930 նոյեմբեր 30-ին օծած է Ամերիկահայ թեմի առաջնորդ Տիրայր Արք. Տ. Յովհաննէսեան, յանուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի։ 1950-ական թուականներէն սկսեալ մեծ թիւով հայեր Գանատա գաղթեցին Մերձաւոր Արեւելքէն, Յունաստանէն, Եգիպտոսէն եւ Թուրքիայէն, հաստատուելով գլխաւորաբար երկու մեծ քաղաքներու՝ Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ, ուր կառուցին նաեւ իրենց եկեղեցիները։ Հայրապետական Կոնդակի գրութեան տարին Գանատայի հայոց ընդհանուր թիւը կը հասնէր 80 հազարի։

ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՀԱՄԱՅՆՔԸ

Ժամանակագրական կարգով Գանատայի հայոց երկրորդ համայնքը գոյացաւ իր սեփական եկեղեցիով Թորոնթոյի մէջ, ուր քաղաքի կեդրոնական մասի գլխաւոր պողոտային վրայ կառուցին Ս. Երրորդութիւն փոքրիկ եկեղեցին, 200 ծուխ հաշուող համայնքին համար։ Եկեղեցւոյ օծումը կատարեց Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տիրան Արք. Ներսոյեան, 1953 դեկտեմբեր 5-ին։ Քաղաքամիջի սոյն եկեղեցւոյ հովուութիւնը վարած է հաւատքով եւ մեծ նուիրումով Երուսաղէմի երիտասարդ միաբաններէն Ժիրայր Վրդ. Թաշճեան, 1961-1975 թուականներու միջեւ, որպէս առաջին մնայուն հոգեւոր հովիւը։

Թորոնթոյի համայնքին յաջորդ հոգեւոր սպասաւորը եղաւ Մայր Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Յովնան Վրդ. Տէրտէրեան, որ տասնամեակէ աւելի ծառայութեան տարիներուն երիտասարդներ հաւաքելով իր շուրջը՝ վերակերտեց համայնքը, եւ ապա ընտրուեցաւ երկրորդ թեմակալ առաջնորդը Գանատահայ թեմին, յաջորդելով 1990 թուին յանկարծական մահուամբ վախճանեալ Վազգէն Արք. Քէշիշեանին։ Յովնան Վարդապետ 1990 թուին եպիսկոպոս կը ձեռնադրուէր Հայոց Հայրապետէն եւ ձեռնհասօրէն կը կատարէր թեմակալի իր բարձր պաշտօնը, երբ երկրորդ տասնամեակ մը եւ աւելի ծառայելէ ետք Գանատայի մէջ, Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին առաջնորդ ընտրուելով կը մեկնէր Լոս Անճելըս։ Քսանամեակ մը ետք միայն Թորոնթոյի համայնքը առանձինն կը հաշուէր 20 հազար հոգի, որոնց համար 1987 թուին ի նորոյ պիտի կառուցուէր ներկայ գեղակերտ եկեղեցին, քաղաքին կից Սքարպորօ արուարձանին մէջ, Գանատահայ թեմի անդրանիկ առաջնորդ Տ. Վազգէն Եպսկ. Քէշիշեանի ջանքերով եւ ճարտարապետութեամբ Թագւոր Յոբեանի։ Նորակերտ եկեղեցին յանուն Ս. Երրորդութեան օծեց Նորին Սրբութիւն Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը, 1987 նոյեմբեր 15-ին։ Տարի մը ետք Հայոց Հայրապետը արքեպիսկոպոսութեան տիտղոսը շնորհեց Վազգէն Եպիսկոպոսին, որ առաջնորդական իր պաշտօնը վարեց Մոնթրէալի մէջ, մինչեւ 1990-ի իր վաղահաս վախճանումը, ուր հաստատուած է թեմին առաջնորդարանը։ Սրբազանը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մերօրեայ սաներէն էր, Երուսաղէմի Ընծայարանը աւարտած եւ Գահիրէի մայր եկեղեցւոյ մէջ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած՝ թեմի առաջնորդ Մամբրէ Արք. Սիրունեանէ, եւ աւելի ուշ Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ Արք. Մանուկեանէ հրաւիրուած՝ միանալու թեմի հոգեւորականութեան։ Առաջնորդ սրբազանը Հայր Վազգէնին ծայրագոյն վարդապետի աստիճանները տալով՝ զինք կը նշանակէր Գանատայի եկեղեցիներուն որպէս առաջնորդական փոխանորդ, որմէ ետք ընտրուած է նորահաստատ թեմին անդրանիկ առաջնորդը։ Եպիսկոպոս ձեռնադրուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ձեռամբ, 1984-ին։

ՄՈՆԹՐԷԱԼ՝ ԹԵՄԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ

Հինէն ի վեր հայեր բնակութիւն հաստատած էին Մոնթրէալի մէջ ցանցառ թիւով, ուր այցելու հոգեւորականներ կ՚ուղարկուէին Միացեալ Նահանգներէն։ Վարջին շրջանին բաւական ժամանակ Մոնթրէալի մէջ յաջորդաբար ապագայ թեմը պիտի կառավարէին երեք առաջնորդական փոխանորդներ, մինչեւ որ հասուն դարձաւ թեմի վերջնական հաստատումը Մայր Աթոռէն։

Առաջինը անոնցմէ Վաչէ Եպսկ. Յովսէփեան, որ Վազգէն Հայրապետէն եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ 1967 թուին, կատարեց հիմնական աշխատանք Մոնթրէալի արուարձան Ութրըմոնի մէջ, 1970-ին գլխաւոր խաչմերուկի վրայ գտնուող Անկլիքան եկեղեցին յունիս 22-ի համաձայնագիրով գնելով ու զայն վերածելով ապագայ թեմի մայր տաճարը։ Սուրբ խորանի, բեմի, դասի, մկրտարանի եւ սրբապատկերներու ճարտար յաւելումներով, առաւել գոյութիւն ունեցող գունազարդ պատուհաններով, եկեղեցին շնորհիւ Վաչէ սրբազան հօր ուշադիր եւ ճաշակաւոր վաս-տակին՝ դարձաւ Հայ Եկեղեցի, վերեւի յարկի լայն յարմարութիւններով, գրասենեակներով եւ դահլիճով, որոնք գործի լծուեցան յաջորդ թեմակալներու յարատեւ աշխատանքով, բոլորը միասին պատկառելի առաջնորդանիստ եկեղեցին դարձնելով զայն։

ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՕԾՈՒՄԸ

Գանատահայ թեմի առաջնորդանիստ մայր տաճարը օծուեցաւ յանուն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի, 1970-ի դեկտեմբերին, ձեռամբ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Շնորհք Արք. Գալուստեանի ու մասնակցութեամբ Ամերիկայի թեմակալ Թորգոմ Արքեպիսկոպոսի եւ իր փոխանորդին՝ Վաչէ Եպիսկոպոսի։ Վաչէ Եպիսկոպոս իր պաշտօնին վրայ մնաց մինչեւ 1971-ը, երբ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին առաջնորդ ընտրուելով մեկնեցաւ Լոս Անճելըս։

Թորգոմ Արքեպիսկոպոսի տնօրինութեամբ իրեն որպէս առաջնորդական փոխանորդ յաջորդեց Զաւէն Ծ. Վրդ. Արզումանեան, որ երեք տարի պաշտօնավարեց, որուն օրով նորահաստատ թեմին Կանոնագրութիւնը խմբագրուեցաւ՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Կաթողիկոսի որոշմամբ եւ հսկողութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Թորգոմ Աքր. Մանուկեանի։

Հայր Զաւէնէն ետք, 1974 թուին, Արիս Եպսկ. Շիրվանեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ստանալով, նշանակուեցաւ առաջնորդական փոխանորդ Գանատայի եկեղեցիներուն, որոնք տակաւին ենթակայ կը մնային Ամերիկայի Հայոց թեմին եւ առաջնորդութեան։

Արիս Եպիսկոպոսի ջանքերով կազմուեցաւ Համիլթընի նոր համայնքը 1975 թուականին, եւ տասնամեակ մը ետք համայնքը քաղաքին Մկրտչական եկեղեցին կրցաւ ծախու առնել, եւ բարեփոխումներ կատարելէ ետք օծել՝ ձեռամբ առաջնորդ Վազգէն Արք. Քէշիշեանի՝ յանուն Ս. Մարիամ Աստուածածնի։ Նոյն տարիներուն Վանքուվըրի մէջ եւս համայնք մը կազմուեցաւ ու 1984 թուին կարողացաւ գնել տեղական եկեղեցի մը, զոր Վազգէն Սրբազան օծեց յանուն Ս. Վարդան Զօրավարին։ Այս էր Գանատայի հինգ եկեղեցիներով կազմական տարիներու վիճակը, երբ Ամենայն Հայոց Հայրապետը Սրբատառ Կոնդակով կը հաստատէր Գանատայի Հայ Եկեղեցական թեմը։

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԹԵՄԸ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ

Ամենայն Հայոց Հայրապետը վերջնական որոշում առնելով զատեց Գանատայի հայ եկեղեցիները ու 1980 թուի յիշեալ Կոնդակով առանձին թեմ հռչակեց՝ կեդրոն ունենալով Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը։

Գանատայի առաջնորդանիստ վայրը կեդրոնացուց հայ համայնքը, երբ ներքնայարկի սրահը կարգի դրուեցաւ եւ մշակութային ու կիրակնօրեայ յետպատարագի հանդիպումներու վայելուչ վայր մը դարձաւ։ Բացուեցաւ նաեւ Յովսէփեան սրահը, ի յարգանս Վաչէ Յովսէփեան Արքեպիսկոպոսին, ուր կիրակի օրուան պաշտամունքէն ետք հաւատացեալներ ընկերային ժամ մը կ՚անցընեն եւ կամ հոգեհանգիստներու առիթով հոգեսուրճ կը հրամցնեն։ Բացուեցան նաեւ գրադարանն ու առաջնորդարանի դահլիճը՝ Յովնան Արքեպիսկոպոսի օրով։ Չորս յաջորդական թեմակալ առաջնորդներ՝ Վազգէն Քէշիշեան, Յովնան Տէրտէրեան, Բագրատ Գալստանեան եւ ներկայիս Աբգար Յովակիմեան սրբազաններ իրենց ժամանակներու պահանջներուն ընթացք տալով բարգաւաճ դարձուցին Գանատահայ թեմը, եւ երբ կը գրեմ այս տողերը որպէս երբեմնի առաջնորդական փոխանորդը Գանատայի թեմին, սերտ աջակիցը բոլորին եւ ականատես վկայ, գոհունակութեամբ կը բնորոշեմ անցնող ուղիղ հինգ տասնամեակներու յառաջընթացը թեմէն ներս։

1983-Ի ԱՌԱՋԻՆ ԹԵՄԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

1983 սեպտեմբեր 3-ին գումարուեցաւ Գանատահայ թեմի առաջին Թեմական պատգամաւորական ժողովը՝ նախագահութեամբ Ամերիկահայ թեմի առաջնորդ Թորգոմ Արք. Մանուկեանի, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ի ներկայութեան 32 պատգամաւորներու։ Ժողովը լսեց Հայրապետական յատուկ Կոնդակի ընթերցումը, որով թեմը օրինաւորապէս հաստատուեցաւ։ Միեւնոյն ատեն նորակազմ թեմին Կոնոնագրութիւնը, որ պատրաստ էր 1977 թուականին, Մայր Աթոռէն վաւերացուելով՝ Թեմական ժողովը որդեգրեց զայն։

ԾՈՒԽԵՐ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒՆԵՐ

Յիշեալ համայնքներէն զատ Յովնան Արքեպիսկոպոսի առաջնորդական տարիներուն նոր համայնքներ եւս կազմուեցան եւ քահանայից դասը աւելցաւ նոր ձեռնադրութիւններով։ Սկզբնական շրջանին հաւատացեալներուն հոգեւոր կարիքները միշտ այցելու հոգեւորականներ կը հոգային, եւ սակայն թեմի հաստատումով առաջին երկու թեմակալ առաջնորդները՝ Վազգէն եւ Յովնան արքեպիսկոպոսները տեղական ձեռնադրութիւններ կատարեցին, առաջինը երեք եւ երկրորդը յաւելեալ հինգ քահանաներ ձեռնադրելով։ Առանց եկեղեցական շէնքերու սեփականացման, երկու համայնքներ կազմուեցան մայրաքաղաք Օթթաուայի Ս. Մեսրոպ, Միսիսոկայի Ս. Վարդան եկեղեցիներով, եւ Լաւալի Ս. Խաչ եկեղեցին, որ շուտով արժէքաւոր կալուած մը գնելով զայն մատրան վերածեցին եւ համայնքը ինքնաբաւ դարձուցին, մնայուն հոգեւոր հովիւով եւ յարակից մարմիններով։

Ձեռնադրուած հոգեւորականներն էին Սարգիս Քհնյ. Կիւլեան (Միսիսոկա), Գեղարդ Քհնյ. Կարապետեան (Վանքուվըր), Տաթեւ Քհնյ. Մելեկիչեան (Սենթ Քաթրինզ), Զարեհ Քհնյ. Զարգարեան (Թորոնթօ), Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեան (Մոնթրէալ), Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեան (Լաւալ), Նարեկ Քհնյ. Քիւթլեան, Շնորհք Քհնյ. Սուին, վերջին երկուքը յետոյ փոխադրուած Արեւելեան թեմ։

ԹԵՄԻՆ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑԸ

Գանատահայ թեմը յառաջդիմութիւն արձանագրեց յատկապէս Յովնան եւ Բագրատ սրբազաններու շրջանին, 1990-2014 տարիներուն, միջհամայնքային եւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններով եւ գործունէութեամբ, որոնց շնորհիւ կազմակերպուեցան Հայ Եկեղեցւոյ երիտասարդաց մարմինը, մարմնամարզական տարեկան ձեռնարկները, ուխտագնացութիւնները դէպի Հայրենիք, ՀԲԸ Միութեան Արմէն Քէպէք վարժարանի հետ սերտ յարաբերութիւնն ու Թէքէեան Մշակութային Միութեան հետ գործակցութիւնը, բոլոր երեք հաստատութիւնները իրենց պատկանելի շէնքերով իրարու կից Ալեք Մանուկեանի անունով կնքուած փողոցին վրայ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կարիքաւորներու օգնութեան յատուկ ձեռնարկները։ Յովնան Արքեպիսկոպոսի առաջնորդութեան շրջանին, նոյնիսկ գիտաժողովներ տեղի ունեցան Մոնթրէալի մէջ, որուն բերած եմ նաեւ իմ մասնակցութիւնը։ Որպէս հետեւանք գիտաժողովներուն՝ շարք մը գիրքեր ալ հրատարակուեցան թեմին կողմէ առաջին անգամն ըլլալով։

Ներկայիս Գանատահայ թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեանի եւ Թեմական խորհուրդի ղեկավարութեամբ թեմը կը պահէ իր կշիռը հոգեւոր եւ մշակութային մարզերէ ներս որպէս Հանրապետահաստատ Հայոց թեմը ազգային եւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններով քառասուն տարիներէ ի վեր։

ՏՔԹ. ԶԱ­ՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐ­ԶՈՒ­ՄԱ­ՆԵԱՆ

«Ապագայ», Գանատա

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2018