ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (5)

Կային երկինքը, Արկ է Պամն ու քաղաքն ամբողջ՝ փլատակ, եւ աղաւնիները Զանային։ Ուրիշ ոչինչ կարծես։ Մենութեան ու կորուստի արհաւիրք մը պատեր էր իրեն։ Տասնվեց տարեկան Պամեցի տղան հասկցեր էր արդէն, որ այլեւս որբ էր։

Տունն իրենց փլած էր ամբողջովին, քար ու հողի տակ պահած ընտանիքը։ Յանցաւոր կը զգար, որ ողջ մնացեր էր ինք։ Տանիք բարձրանալը փրկեր էր զինք. վարը տեղ մը պիտի ըլլար հիմա այլապէս ինքն ալ...

Արդէն լացեր էր այնքան, ինչքան կարելի էր ֆիզիքապէս։ Ոտքի ցաւը միտքը զբաղած կը պահէր. խենթենալ կարելի էր այլապէս։

Խորտակուած քաղաքին մէջ կամաց կամաց աղմուկ մը կը բարձրանար։ Կանչեր, լացուկոծ, շարժանիւներու, հեռուէն մօտեցող ինքնաշարժներու մռլտոց։ Փրկարարները կը մօտենային վերջապէս։ Անգամ մը եւս ուժերը հաւաքել էր պէտք ու կանչել։ Զանան խորունկ շունչ քաշեց ու սկսաւ դարձեալ պոռալ.

Քոմա՜ք.... քոմա՜ք... քոմա՜ք...

Օգնութիւն կանչեց։ Յետոյ սկսաւ ծափահարել, ձեռքերը թափահարել այնպէս մը, որ շուրջի քարերուն վրայ թառած աղունիկները թռէին, բարձրանային վեր, իր վրայ ձեւով մը ուշադրութիւն հրաւիրելու։

Վերջապէս հասաւ խումբ մը։ Տեսան զինք, վազեցին դէպի իր կողմ։ Երկու հոգի մագլցեցան փլատակի փոքր բլուրն ի վեր, հասան իրեն։ Դժուարութեամբ բարձրացուցին ծանր քարը ոտքին վրայէն։ Զգուշութեամբ գրկեցին, բարձրացուցին զինք վեր, եւ դանդաղ իջեցուցին փլատակոյտէն վար, ուր պատգարակ մը կը սպասէր։

Զանան գրեթէ ուշաթափ էր արդէն։ Գլուխը վար, դէպի գետին կախուած թոյլ տուաւ, որ տանին իր մարմինը հոն, ուր պէտք էր։ Խօսիլ կամ մտածել իսկ չէր ուզեր, չէր կրնար։ Տեսաւ միայն, որ աղաւնի մը կը հետեւէր իրեն, քարէ քար թռուըտալով։ Յետոյ ջուր զգաց շրթունքներուն վրայ, անյագօրէն կլլեց տրուածը, եւ արդէն պատգարակին վրայ, աչքերը երկնքին, դարձեալ լալ սկսաւ...

Վերը կապոյտը բացուած էր արդէն, թէեւ ամպեր կային հոս-հոն։

Աղաւնիները բարձրացան յանկարծ. նախ մէկը, յետոյ երկրորդը, եւ խումբը ամբողջ անմիջապէս, սլացան երկինք, կարծես Զանային ուղեկցելու։ Երկնքի կապոյտ սփռոցին վրայ, որ բացուած էր Զանայի դիմաց, սեւ, սրճագոյն, ճերմակ ներկահատիկներ եկան։

Զանայի կոպերը կամացուկ իջան, իրենց ետին ձգեցին հրեշտակներն այդ երկնքի։ Կէս ժամ ետք, շտապօգնութեան կայանի մը մէջ պիտի գտնէր ինքզինք Զանան։

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 15, 2020