ՍՈՒՐԻԱՀԱՅԵՐՈՒՆ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԵՒ ԱՆՈՒՂՂԱԿԻ ՆԵՐԴՐՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ - 1
Սուրիահայերուն Հայաստան տեղափոխուիլը կրնայ դիտուիլ ոչ միայն հայրենադարձութեան եւ պատմական ապաստարան գտնելու տեսանկիւններով, այլ տնտեսական հանգամանալից ներդրումով Հայաստանի Հանրապետութեան համար:
Խորհրդային Հայաստանի շրջանին կատարուած ներգաղթերէն (որոնք եղան մի քանի անգամ ու տարբեր ժամանակաշրջաններու) զանազանուելով՝ սուրիահայերուն պատկառելի թիւով եւ այսպէս ձեւակերպենք՝ ինքնաբուխ ու անմիջական հայրենադարձութիւնը սերտելի օրինակ է ներկայ մեր ժամանակներուն մէջ. ներգաղթերու, գաղթականութեան, տեղափոխումներու եւ տնտեսական ու դրամական հոսքերու իմաստներով:
Սուրիահայերուն Հայաստան ներգաղթը եթէ 40-ական եւ 70-ական թուականներուն զուտ ռազմավարական ու քանակի հարցեր կը լուծէր եւ այն ձեւով մը պարտադրուած էր Խորհրդային Միութեան կամ առնուազն Խորհրդային Հայաստանի կողմէ: Բաց աստի, այն մարդուժի եւ աշխատանքի հնարաւորութիւններ կու տար Խորհրդային Հայաստանին, անոր տալով հիմնական նախաձեռնողի, օգնողի եւ տեղաւորողի դերերը։ Իսկ այս անգամ եւ ներկայ բաց աշխարհին մէջ սուրիահայերու հայրենիք վերադարձը գերակշռօրէն Հայաստանին կու տար տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային յարաբերական օգուտ, ինչպէս նաեւ ձեւով մը օրինակ կը հանդիսանար կամաւոր ու անբռնազբօսիկ տեղափոխութեան մը:
Նախ սուրիահայ գաղթօճախը պատմականօրէն ամենամօտերէն մին եղած է հայրենիքին եւ մանաւանդ 1991 թուականէն վերջ Հայաստանի անկախացումի հաստատման եւ պետականաշինութեան մէջ մեծ ներդրում ունեցած է:
Սուրիահայութիւնը կրնանք համարել դասական սփիւռքի ամենամերուած ու շղթայուած գաղութը Հայաստանի հետ:
Սուրիահայ գաղութը թէ՛ իր ներկայացուցչական կազմակերպութիւններով եւ թէ անհատական մակարդակով ամենաընդգրկուածն ու համարկուածը եղած է Հայաստանի իրականութեան հետ: Այսպէս, ամուսնութիւններու ցուցանիշը, ուսանողներու թիւը, անհատ ներդրողներու քանակը 90-ական թուականներէն սկսեալ առաւելապէս սփիւռքեան միւս գաղութներու բաղդատմամբ գերազանցապէս կը պատկանի սուրիահայերուն:
Սուրիոյ պատերազմը 2011 թուականէն սկսեալ տարբեր ալիքներով սուրիահայերը ուղղեց դէպի Հայաստան։ Ըստ պաշտօնական տուեալներու, վերջին վեց տարիներու ընթացքին անոնց թիւը հասաւ մինչեւ 20 հազարի, ինչ որ ապա երթարկուեցաւ նուազումի կամ յաւելումի։
Սուրիահայ գաղութը համարուելով սփիւռքի մայր գաղութ եւ մարմնաւորելով դասական սփիւռքի բառացի եւ բովանդակային հասկացողութիւնները, դժուարութիւններ կը դիմագրաւէր հայրենիքի մէջ, իր ներկայացուցիչները հաւանաբար դժուար ընտելանային Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իրավիճակին ու անոր պարզած իրականութեան։ Սուրիոյ տարբեր շրջաններէն տեղափոխուած հայերուն համար թէեւ հարազատ էր Հայաստանը, սակայն ժամանակաւոր կացարան։
Բայց փաստը յարաբերաբար հակառակը խօսեցաւ եւ Հայաստանի մէջ սուրիահայերուն ներկայութիւնը այդքան ալ անյաղթահարելի արգելքնելով չզուգակցեցաւ, ի հեճուկս Հայաստանէն տեղափոխուած կարգ մը սուրիահայերուն, որոնք ուղղուեցան դէպի Եւրոպա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Գանատա:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան