ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՄԱՆ ՈՒՂԻ

«Կը փորձենք այնպէս ընել, որ խաղաղ դարաշրջանի բացումը ըլլայ ՛չ միայն Հայաստանի, այլ՝ տարածաշրջանի միւս երկիրներու օրակարգը», յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Արցախի երկրորդ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի առաջին տարելիցին ընդառաջ։

Երէկ երեկոյեան ան ծաւալուն հարցազրոյցով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրային հեռուստակայանէն։ «Մեր ընկալումն է, որ Ատրպէյճան պէտք է Հայաստանի տարածքով Նախիջեւանի հետ հաղորդակցելու հնարաւորութիւն ունենայ ու մենք պատրաստ ենք», ըսաւ վարչապետը եւ աւելցուց, որ հայկական կողմը հետաքրքրուած է տարածքային համագործակցութեան հնարաւորութիւններով եւ պարզապէս առկայ խնդիրները նրբութեան մէջ են։ Անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով հարթակին՝ Նիկոլ Փաշինեան նշեց. «Մեր դիրքորոշումը հետեւեալն է. «3+3» հաւանական ձեւաչափը պէտք չէ իր օրակարգին վրայ ունենայ այնպիսի հարցեր, որոնք մենք արդէն համաձայնեցուած ձեւով կը քննարկենք այլ ձեւաչափերով»։ Հարցազրոյցի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան հերքեց այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց իր եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած է քննարկում մը։

Հրադադարի առաջին տարելիցին ընդառաջ Երեւան այցելեց Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք, որ հանդիպում մը ունեցաւ Փաշինեանի հետ։ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ ստեղծուած եռակողմանի աշխատանքային խումբի համանախագահներէն մին է ան։ Հանդիպման ընթացքին Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստան հաւատարիմ կը մնայ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ կատարուած եռակողմանի յայտարարութիւններուն, բայց Ատրպէյճանէն հնչած յայտարարութիւնները ժխտական ազդեցութիւն կը գործեն մթնոլորտին վրայ։

Վերջին շրջանին յաճախ օրակարգի վրայ կու գայ հրադադարի տարելիցին առթիւ Փաշինեանի, Ալիեւի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի մասնակցութեամբ եռակողմանի հանդիպումի մը հաւանականութիւնը։ Երեւան եւ Պաքու չեն հաստատեր այս տուեալը։ Փաշինեանն ալ երէկ յայտնեց, որ այդպիսի հանդիպում մը չէ նախատեսուած։ Յամենայնդէպս, Քրեմլինի աղբիւրները շաբաթավերջին տեղեկացուցին, որ առցանց դրութեամբ այդպիսի հանդիպումի մը պատրաստութիւնները յառաջ կը տարուին։ 

Միւս կողմէ, շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի միջեւ։ Անոնք անդրադարձան նաեւ Հարաւային Կովկասի իրավիճակին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2021