ՆՄԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Կեանքի բոլոր երեւոյթներուն առջեւ կամ բոլոր վիճակներուն մէջ մարդու պարզած պատկերը դուռ կը բանայ դէպի տարբեր փիլիսոփայական ծալքեր։ Տարիները կը փոխեն մարդուս տեսքը, իսկ իւրաքանչիւր փորձառութիւնով, խորքին մէջ, ան կը բացայայտէ նոր ծալքեր կամ նոր իմաստ կը վերագրէ աւելի առաջ բացայայտածներուն։ Այս ընթացքը կը պարփակէ նաեւ անփոփոխելիներ։

Հեկելի ծով ժառանգէն գրչակից ընկերուհիիս կողմէ առանձնացուած բաժնի մը մէջբերումը. «Բանականութեամբ օժտուած էակները երբեք առանձին չեն կրնար ըլլալ, քանի որ անոնք փոխկապակցուած են եւ իսկապէս չեն կրնար գոյատեւել առանց իրենց նմաններուն։ Միայն որպէս ընկերային էակ՝ ես կրնամ մտածել ինքս իմ մասին։ Քանի տակաւին ուրիշներու հետ կը հանդիպիմ՝ հնարաւորութիւն ունիմ ինքնագիտակցութիւն ունենալու»։

(թրգմ. Պիանքա Սարըասլան)

Երկուշաբթի, Յունուար 31, 2022