ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ

Հայաստանի մէջ նոր Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցի մանրամասնութիւնները հետզհետէ կը յստականան։ Արդէն շաբաթ մը անցած է Արմէն Սարգսեանի հրաժարելէն ի վեր եւ Ազգային ժողովի համապատասխան յայտարարութեան զուգահեռ՝ նախագահի աթոռը պաշտօնապէս կը դառնայ թափուր։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, որ խորհրդարանէ ներս մեծամասնութիւն կը կազմէ, արտահերթ նախագահական ընտրութեան ընդառաջ որդեգրած է դիրքորոշում մը, ինչ որ շաբաթավերջին արձագանգ գտաւ զանազան լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն մէջ։ Այսպէս, իշխանական ճամբարը որոշած է նախագահի թեկնածու առաջադրել Վահագն Խաչատրեանը, որ ներկայիս բարձր թեքնոլոժիներու եւ արդիւնաբերութեան նախարարի պաշտօնը կը վարէ։ Անցեալի մէջ ան եղած է նաեւ Երեւանի քաղաքապետ, երեսփոխան եւ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի խորհրդականներէն։ Ներկայիս անկուսակցական է։ Վահագն Խաչատրեան եղած է նաեւ Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան աշխոյժ գործիչ մը՝ մաս կազմելով «Արմատ» կազմակերպութեան հիմնադիրներու շարքին, գլխաւորութեամբ Ազգային ժողովի առաջին նախագահ Բաբգէն Արարքցեանի։

Երկուշաբթի, Յունուար 31, 2022