ՅԱՋՈՂ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Աղտամի մէջ գործած Ռուսաստան-Թուրքիա մշտադիտարկման համատեղ կեդրոնը փակուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ 30 յունուար 2021 թուականին բացուած կեդրոնը այլեւս գոյութիւն չունի։ Ռուսաստանի ընդհանուր սպայակոյտի փոխ-նախագահ զօրավար Սերկէյ Իսթրաքով կեդրոնի փակման արարողութեան ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Իր խօսքով՝ այդ կեդրոնը եղած է Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի զինուորականներու յաջող գործողութեան օրինակ մը՝ յանուն Ատրպէյճանի հողերէն ներս խաղաղութեան։ Իսթրաքով աւելցուց, որ Անգարա, Մոսկուա եւ Պաքու յաջողութեամբ կը համակարգեն ջանքերը տարածաշրջանային եւ կլոպալ օրակարգի կարեւոր հարցերու լուծման ուղղութեամբ։

Միջազգային աղբիւրներն ալ կը տեղեկացնեն, որ Ռուսաստանի խաղաղապահներու գրեթէ ամբողջ զօրակազմը արդէն լքած է Լեռնային Ղարաբաղը՝ ներառեալ բոլոր ռազմական սարքաւորումներն ու զրահաինքնաշարժները, փոխադրամիջոցները։

Խաղաղապահ զօրախումբի մնացեալ մասն ալ մինչեւ մայիսի վերջը պիտի լքէ տարածքը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 29, 2024