ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՄԱՐ ԿՈՉ

Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն համոզուած է, թէ Եւրոպա պէտք է կանգնի յարափոփոխ աշխարհի մարտահրաւէրներուն առջեւ եւ ուժեղացնէ իր պաշտպանութիւնը, նաեւ պէտք է կարողանայ ցոյց տալ, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վասալը չէ։

Նախագահ Մաքրոն երէկ ելոյթ մը ունեցաւ Փարիզի մէջ, Սորպոնի համալսարանի համալիրէն ներս կազմակերպուած՝ Եւրոպայի ապագային վերաբերեալ հաւաքոյթի մը ընթացքին։ Իր ելոյթին մէջ ան ընդգծեց, որ Եւրոմիութիւնը բաւարար չափով զինուած չէ, որպէսզի կարողանայ դիմակայել համաշխարհային սպառնալիքներուն, որոնց օրինակներէն մին է Ռուսաստանի ծաւալած պատերազմը Ուքրայնայի մէջ։ «Եւրոպան այսօր մահկանացու է եւ կրնայ մահանալ։ Ան կրնայ մահանալ եւ սա կախուած է մեր կատարած ընտրութիւններէն», ըսաւ Մաքրոն եւ կոչ ուղղեց պաշտպանութեան ու տնտեսական ոլորտներէ ներս ինքնիշխանութեան հասնելու համար։ «Մենք պէտք է կառուցենք այնպիսի Եւրոպա մը, որ ի վիճակի կ՚ըլլայ ցոյց տալ, թէ ԱՄՆ-ի վասալը չէ ու կրնայ խօսիլ աշխարհի միւս բոլոր տարածաշրջաններուն հետ», ըսաւ ան։

Ֆրանսայի ղեկավարը համոզուած է, թէ Եւրոպան պէտք է բոլոր երկիրներու հետ բանակցութիւններ վարելու կարողութիւն ունենայ՝ ո՛չ միայն տնտեսական նիւթերու, այլեւ ռազմավարական գործընկերութեան հարցերու շուրջ։ Իր խօսքով՝ ռազմական սարքաւորումներ գնելու ժամանակ նախապատուութիւն պէտք է տալ եւրոպացի մատակարարներուն, իսկ այդ ջանքերու գանձատրման համար հարկաւոր է դիմել եւրոպական վարկերու։ Միեւնոյն ժամանակ, Մաքրոն կոչ ուղղեց վերատեսութեան ենթարկել Եւրոմիութեան առեւտրային քաղաքականութիւնը՝ մեղադրելով թէ՛ Չինաստանը եւ թէ ԱՄՆ-ը համաշխարհային առեւտուրի կանոնները չյարգելու մէջ։

Իր ծաւալուն ելոյթին մէջ Մաքրոն կոչ ուղղեց աւելի ուժեղ եւ աւելի համարկուած եւրոպական պաշտպանութեան համակարգ մը ունենալու ուղղութեամբ։ «Մենք մեծ փոփոխութիւններ կ՚ապրինք անվտանգութեան ոլորտէն ներս։ Վերջին զարգացումները ցոյց կու տան հակահրթիռային պաշտպանութեան կարեւորութիւնը, հեռահար հարուածելու կարողութիւնները», ըսաւ ան եւ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է ունենալ եւրոպական աշխարհամասի յուսալի պաշտպանութիւն մը։ Մաքրոն զգուշացուց, որ այսօրուան Եւրոպան կրնայ մեռնիլ։

Հարկ է յիշեցնել, որ Էմմանիւէլ Մաքրոն վաղուց եւրոպական ռազմավարական ինքնավարութեան խնդիրը կը բարձրաձայնէ, ինչ որ կ՚ենթադրէ աւելի քիչ կախուածութիւն ԱՄՆ-էն։ Այս դիրքորոշումը լայն արձագանգ կը գտնէ՝ յատկապէս Տանըլտ Թրամփի Սպիտակ տուն վերադառնալու ուղղութեամբ յայտարարութիւններու համայնապատկերին վրայ։ Թրամփ Եւրոպան կը մեղադրէ՝ իր անվտանգութիւնը ԱՄՆ-ի հաշուոյն ապահովելու մէջ։ Տանըլտ Թրամփ, որ կը յաւակնի ԱՄՆ-ի նախագահ վերընտրուիլ, երկար ժամանակէ ի վեր կը պնդէ, թէ եթէ ինք պաշտօնի գլուխ գտնուէր, ապա Ռուսաստան չէր յարձակեր Ուքրայնայի վրայ։ Ան նաեւ բացայայտօրէն կը շեշտէ, որ Եւրոպայի երկիրները Ռուսաստանի հաւանական յարձակումներուն դէմ պաշտպանել չի պատրաստուիր, ինչ որ հարցականի տակ կրնայ դնել ՆԱԹՕ-ի ապագան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024