Պ. ՍԵՒԱԿ՝ ԲԱԶՄԱԳՈՅՆ ՁԵՌԱԳՐՈՎ ԳՐՈՂԸ

Հայաստանի Գրողներու միութիւնը վերջերս յատուկ ձեռնարկով մը ոգեկոչեց հայ բանաստեղծութեան տիտաններէն Պարոյր Սեւակը։ Բանաստեղծութեան միջազգային օրուան՝ մարտի 21-ին զուգադիպեցաւ այս հանդիսութիւնը, որու ընթացքին ասմունքողներ ներկայացուցին Պարոյր Սեւակի ստեղծագործութիւններէն օրինակներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Պարոյր Սեւակը այս առթիւ գրասէրներուն ներկայացուեցաւ՝ որպէս բազմագոյն ձեռագրով գրող մը։ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Եդուարդ Միլիտոնեան այս առթիւ նշեց, որ Պարոյր Սեւակը անցեալի մէջ եղած էր՝ այժմ իր գլխաւորած միութեան քարտուղարը։ Իր խօսքով՝ Եղիշէ Չարենցէն յետոյ գրական ասպարէզ մուտք գործած էր սերունդ մը, որ պէտք է շարունակէր Չարենցի բանաստեղծութեան շղթան։ Պարոյր Սեւակն ալ եղած էր այդ սերունդի ներկայացուցիչներէն մին։

Ձեռնարկին հետեւեցան գրողներ, կրթական մշակներ եւ աշակերտներ, որոնք հետաքրքրութեամբ լսեցին ասմունքները եւ ծափահարութիւններով ողջունեցին դերասաններու ելոյթները։ Հարկ է նշել, որ ձեռնարկի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ «Սուրէն Քոչարեան» բանաստեղծութեան եւ ասմունքի թատրոնի դերասաններուն կողմէ։

Երեքշաբթի, Մարտ 26, 2024