ՆՈՐ ՏԵՍԼԱԿԱՆԻ ԿՐՈՂ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու՝ ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Կէօքհան Եիւքսէլը։ Շաբաթավերջի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընդառաջ արդէն բուռն մրցակցութիւն կ՚ընթանայ Շիշլիի մէջ։ Թէեւ այս գաւառակը աւանդաբար ՃՀՓ-ի ազդեցութեան ծածկոյթին տակ կը դասուի, սակայն, այս անգամ ընտրապայքարին նոր որակ մը բերած է ԱՔ կուսակցութեան թեկնածու Կէօքհան Եիւքսէլը։ Մասնագիտութեամբ ճարտարապետ, ան ընտրապայքարին նոր երանգ մը բերած է՝ քանի քանի մը սերունդէ ի վեր Շիշլիի բնակիչ ընտանիքի մը շառաւիղն է։ Թէ՛ որպէս Շիշլիի բնակիչ եւ թէ որպէս քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, նաեւ իր կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի ղեկավար՝ Կէօքհան Եիւքսէլ նոր դիտարկումներ ունի եւ նոր տեսլականով մը լուծման հորիզոններու հետամուտ է։

Երէկուան այցելութեան ընթացքին իրեն ընկերացան ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի ղեկավարներէն Թալիփ Թաթար եւ այլ պատասխանատուներ։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին Կէօքհան Եիւքսէլ նշեց, որ իրենք նախընտրական ժամանակաշրջանը արժեւորած են բաւական արդիւնաւէտ։ Շիշլիի բնակիչ բոլոր խաւերուն հետ այս շրջանին ծաւալած են դրական երկխօսութիւն, բոլորի բազկերակը զգացած են եւ այս անմիջական հաղորդակցութեան մթնոլորտը իրենց մեծ յոյս կը ներշնչէ, թէ շաբաթավերջի ընտրութիւններուն շրջանի բնակչութիւնը կրնայ իր վստահութեան քուէն տալ Կէօքհան Եիւքսէլին։

Շիշլիի քաղաքապետի ընտրութիւնը, Կէօքհան Եիւքսէլի խօսքով՝ ունի առանձնայատկութիւններ, որոնք պայմանաւորուած են այս պատմական գաւառակի բնակչութիւնով, ժողովրդագրական պատկերով, զանազանութիւններով ու կարիքներով։ Կէօքհան Եիւքսէլ ապագայի վերաբերեալ նախագծերը մշակած է հաշուի առնելով այս բոլորը՝ մանաւանդ, որ երկար ժամանակէ ի վեր կուտակուած խնդիրները կը դժուարացնեն Շիշլիի բնակիչներուն կեանքը։ Կէօքհան Եիւքսէլ յայտնեց, որ իր եւ ընկերներուն մտահորիզոնը, ԱՔ կուսակցութեան քաղաքապետական ըմբռնումները արդէն կրնան Շիշլիի ճակատագիրը փոխել։

Զրոյցի ընթացքին Կէօքհան Եիւքսէլ շեշտեց, որ շաբաթավերջի ընտրութիւններուն ընդառաջ միշտ ձգտած են սիրաշահիլ նաեւ փոքրամասնութիւնները, որոնք բաւական խտացած են Շիշլիի մէջ եւ այս գաւառակի անբաժանելի տարրերն են։ Եիւքսէլ ընդգծեց, որ կը գիտակցին՝ թրքահայերը այս ամբողջին մէջ կը զբաղեցնեն առանձնայատուկ տեղ մը։ Այս փուլին ան վերանորոգեց իր համակեցութեան պատգամները ու մասնաւորապէս շեշտեց, որ տեղեակ է նաեւ Շիշլիէն ներս թրքահայ հաստատութիւններու բազմազանութեան եւ ինք միշտ ջատագով եղած է բարենպատակ կառոյցներու հանդէպ համահաւասար մօտեցում եւ վերաբերմունք ցոյց տալու։ Նոյն ամբողջին մէջ Կէօքհան Եիւքսէլ յիշեցուց նաեւ, որ Շիշլիի սահմաններու հայկական կամ փոքրամասնական վարժարաններն ալ իրեն համար կը համարուին կարեւոր լծակներ, ուր երկրի ապագան կը խմորուի։

Զրոյցի աւարտին ան կոչ ուղղեց, որպէսզի շաբաթավերջին բոլորը անպայման փութան քուէատուփի մօտ, անպայման մասնակցին ընտրութիւններուն։

Երեքշաբթի, Մարտ 26, 2024